ՀՀ Վարչապետի ուղերձը

Նիկոլ Փաշինեան. Սահմանադրութեան անվերապահ կատարումը բոլորիս սրբազան պարտականութիւնն է

05 de julio de 2018

Pashinian ConstituciónՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սահմանադրութեան օրուան առիթով: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։ Ուղերձին մէջ ըսուած է.

«Սիրելի հայրենակիցներ, Կը շնորհաւորեմ ձեզ Սահմանադրութեան օրուան առիթով։

Մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած է դարակազմիկ իրադարձութիւն՝ ժողովրդական թաւշեայ յեղափոխութիւն։ Անիկա տեղի ունեցած է խաղաղ եւ սահմանադրական ճանապարհով։ Մենք, ձեր հետ միասին, Հայաստանի մէջ կը հաստատենք իրաւունքի եւ օրէնքի գերակայութիւն, որ մեր ողջ հասարակութեան եւ ժողովուրդի կարեւորագոյն նպատակներէն է։

Մեր երկրի հիմնական օրէնքը, ինչպէս գիտէք, ընդունումէն ետք ենթարկուած է փոփոխութիւններու։ Անոնք ժամանակին ոմանց համար եղած են ընդունելի կամ ոչ։ Այսօր ունինք այն, ինչ ունինք, եւ Սահմանադրութեան անվերապահ կատարումը բոլորիս սրբազան պարտականութիւնն է։

Մեր քայլերը այսուհետեւ եւս ըլլան բացառապէս սահմանադրական դաշտի վրայ։ Աւելին՝ սահմանադրական կարգի դէմ նախապէս եղած հնարաւոր ոտնձգութիւնները մանրամասնօրէն եւ հրապարակայնօրէն պիտի ուսումնասիրուին։

Մեր պայքարը եւ աշխատանքը ուղղուած են անոր, որ Հայաստանի քաղաքացիներու՝ սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած իրաւունքներն ու ազատութիւնները չմնան թուղթի վրայ եւ լիարժէքօրէն կեանքի կոչուին։

Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ,

Կրկին շնորհաւորելով այս կարեւոր տօնին առիթով` կը մաղթեմ բոլորիս խաղաղութիւն, երջանկութիւն եւ ամենայն բարիք»։