Նուազագոյն Աշխատավարձը 55 Հազարէն 68 Հազար Դրամի Բարձրացնելու Նախագիծը Ընդունուեցաւ

26 de noviembre de 2019

Ե­ՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հա­յաստա­նի Ազգա­յին ժո­ղո­վը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգա­մաւորնե­րուն կողմէ ներկա­յա­ցուած օ­րէնքին նա­խա­գի­ծը, ո­րով կ՛ա­ռա­ջարկուի ամսա­կան նուա­զա­գոյն աշխա­տա­վարձը 55 հա­զար դրա­մէն վե­րա­ծել 68 հա­զար դրա­մի:
Խորհրդա­րա­նի 19 Նո­յեմբե­րի նիստին պատգա­մաւորներ Վա­րազդատ Կա­րա­պե­տեա­նի, Բաբկեն Թունեա­նի եւ Նա­րեկ Զէյնա­լեա­նի ա­ռա­ջարկած «Նուա­զա­գոյն ամսա­կան աշխա­տա­վարձի մա­սին» եւ «Պե­տա­կան պաշտօններ եւ պե­տա­կան ծա­ռա­յութեան պաշտօններ զբա­ղեցնող անձանց վարձատրութեան մա­սին» Հա­յաստա­նի օ­րէնքնե­րուն մէջ փո­փո­խութիւններ կա­տա­րե­լու մա­սին օ­րէնքնե­րու նա­խա­գի­ծե­րու փա­թե­թը երկրորդ ընթերցմամբ ընդունուե­ցաւ միա­ձայնութեամբ՝ 100 թեր քուէ­նե­րով:
Պատգա­մաւորնե­րը սկիզբը ա­ռա­ջարկած էին ամսա­կան նուա­զա­գոյն աշխա­տա­վարձը բարձրացնել մինչեւ 63,000 դրա­մի: Սա­կայն հարցը կա­ռա­վա­րութեան մէջ քննարկե­լէ ետք գործա­դի­րը ա­ռա­ջարկած էր նուա­զա­գոյն աշխա­տա­վարձը դարձնել 68,000 դրամ: Իբրեւ արդիւնք Ազգա­յին ժո­ղո­վի տնտե­սա­կան հարցե­րու յանձնա­ժո­ղո­վը ա­ռա­ջարկը քննարկե­լէ ետք թեր քուէարկեց նուա­զա­գոյն աշխա­տա­վարձը 68,000 դարձնե­լու տարբե­րա­կին:
Ամսա­կան նուա­զա­գոյն աշխա­տա­վարձը 68,000 դրամ դարձնե­լու պա­րա­գա­յին պի­տի բարձրա­նան մօտ 57,000 պե­տա­կան ծա­ռա­յողնե­րու եւ մասնաւոր հա­տուա­ծի մօտ 130 հա­զար աշխա­տողնե­րու աշխա­տա­վարձե­րը: Կա­րա­պե­տեան վստա­հե­ցուց՝ ծախսե­րու ու հարկե­րու ազդե­ցութեան հանրա­գումա­րին իբրեւ արդիւնք պե­տա­կան պիւտճէին վրայ մա­քուր ազդե­ցութիւնը 2 մի­լիառ դրա­մէն աւե­լի չէ: