Շարմազանով. “Անփոխարինելի գործիչներ կան` Վահան Յովհաննիսեան գործիչը անփոխարինելի է”

28 de diciembre de 2017

vahan-sahrmazanovՀայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) մամլոյ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով տարին ամփոփելու ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ եթէ շատ հանրապետականներ կը յայտարարեն, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը անփոխարինելի է, ի՞նչն է, որ կը խանգարէ անոր յայտարարել, թէ ան պիտի ըլլայ վարչապետը, ի՞նչը կը ստիպէ խուսափիլ եւ սպասել մինչեւ ապրիլ, ըսաւ, որ ինք չի տրուիր սադրանքներուն եւ կը պատասխանէ «շարմազանովական» ոճով:

«2018-ը կու գայ, կը պատասխանենք: Նախագահը վերջերս տուած հարցազրոյցով շատ ծաւալուն խօսած է բոլոր մարտահրաւէրներուն մասին, թէ 2018-ին ի՛նչ պիտի ըլլայ: ՀՀԿ-ն ՀՅԴ-ի հետ պիտի շարունակէ իշխել մինչեւ 2022 թուականը, իսկ թէ ո՛վ ուր կ՛ըլլայ, ՀՅԴ-ն ու ՀՀԿ-ն կը հաւաքուին, կ՛որոշեն», ըսաւ ան:

Շարմազանով ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ գործող պետական-քաղաքական գործիչներէն չի ճանչնար այլ գործիչ մը, որ կրնայ աւելի արդիւնաւէտ իրականացնել արտաքին մարտահրաւէրներու դիմակայումը, քան Հայաստանի Հանրապետութեան գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

«Բայց եթէ մարդիկ կը կրկնեն, թէ անփոխարինելի մարդիկ չկան, ես այդ կարծիքը չեմ կիսեր. իւրաքանչիւր ոլորտի մէջ կան անփոխարինելի գործիչներ: Վահան Յովհաննիսեան գործիչը  այս պահուն անփոխարինելի է, մենք անոր կարիքը ունինք», ըսաւ ան:

Ամփոփելով խօսքը` Շարմազանով ըսաւ, որ ՀՀԿ-ի մէջ կայ մէկ առաջնորդ: «Ես բոլորին շատ կը յարգեմ, կ՛ընդունիմ, բայց կը կարծեմ, որ ատիկա այդպէս է: Բոլորիս` թէ՛ Կարէն Կարապետեանի, թէ՛ Վիգէն Սարգսեանի, թէ՛ մեր խումբի միւս անդամներուն համար, ինչպէս նաեւ պետութեան համար: Ինչպէս աւելի արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, այդպէս ալ կ՛որոշենք», աւելցուց ան:

Այլ հարցով, էդուարդ Շարմազանով յայտնած է, որ Հայաստան 2018-ին եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու հոլովոյթի պիտի սկսի:

«2018-ին մենք այդ հոլովոյթին պիտի սկսինք եւրոպական առնուազն 2-3 երկրի մէջ: Չեմ կրնար ըսել, որ 2018-ին ատիկա միանգամայն յաջող աւարտ կ’ունենայ, բայց այդ հոլովոյթին պէտք է սկսիլ»,  ընդգծած է Շարմազանով:

Շարմազանով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առումով դրական նկատած է նաեւ անցնող տարին: Ան յիշեցուցած է, որ այս տարուան ապրիլ 24-ին Չեխիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատը միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւ մը, որով կը դատապարտէր Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անոր գնահատումով` սա աննախադէպ յաջողութիւն է` հաշուի առնելով այն, որ Չեխիոյ խորհրդարանի ղեկավարութիւնը, Չեխիան աւանդական ջերմ յարաբերութիւններ ունէին Թուրքիոյ հետ: