Շարմազանով. “Նախագահի պաշտօնին ՀՀԿ-ն պիտի ներկայացնէ լուրջ կենսագրութիւն եւ հեղինակութիւն ունեցող թեկնածու”

13 de enero de 2018

Sharmazanov11 Յունուարի տեղի ունեցած է Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) Գերագոյն մարմինի հերթական նիստը, որ վարած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, ՀՀԿ նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

Նիստէն ետք ՀՀԿ բանբեր  Էդուարդ Շարմազանով պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն: Անդրադառնալով վարչապետի թեկնածութեան առաջադրման եւ նախագահի ընտրութեան վերաբերեալ հարցումին` Շարմազանով նշած է, որ այդ քննարկումները ՀՀԿ-ի մէջ պիտի սկսին  յաջորդ շաբաթ:

«Գիտէք, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է ըլլայ  անկուսակցական: Կը կարծեմ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ՀՀԿ-ն պիտի ներկայացնէ թեկնածու մը, որ ունի շատ լուրջ կենսագրութիւն, լուրջ հեղինակութիւն եւ ընելիք», ըսած է Շարմազանով:

Ինչ կը վերաբերի այդ հարցումին, թէ արդեօք Սահմանադրական դատարանի  նախագահ Գագիկ Յարութիւնեա՞նը պիտի ըլլայ նախագահ, Շարմազանովը նշած է, որ Գագիկ Յարութիւնեանը նշած է, թէ նախագահ ըլլալու ցանկութիւն չունի: