Բագրատ Էսդուգեան/Ակոս

Որպէսզի չարը չուրախանայ

18 de enero de 2018

Hrant DinkԱյս շաբթուայ մէջ կը լրա­նայ թեր­թիս հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի մա­հուան 11-րդ տա­րելի­ցը։ Ան­շուշտ որ խիստ ան­բա­ւարար է «մա­հուան» եզ­րը, քա­նի որ կը խօ­սինք 1,5 մի­լիոն+1-րդ նա­հատա­կի մա­սին։ Ինչպէս կը տես­նենք Հրանդ Տինք իր նա­հատա­կու­թեամբ յաղ­թեց մա­հը։ Այս հաս­տա­տու­մին վառ ապա­ցոյցն է 11-րդ տա­րելի­ցին առ­թիւ ցու­ցա­բերուած աշ­խարհաս­փիւռ ու­շադրու­թիւնը։ Ար­դա­րեւ ոչ միայն Թուրքիոյ սահ­մաննե­րուն մէջ, այլ շատ աւե­լի ըն­դարձակ տա­րած­քի մը վրայ կը յի­շուի իր ժո­ղովուրդին ար­դա­րու­թեան պա­հան­ջին մէջ մար­տի­րոսա­ցած հե­րոսի մը յի­շատա­կը։

Սա­կայն այ­սօր կ՚ար­ժէ ու­շադրու­թիւնը սե­ւեռել դէ­պի այն մթնո­լորտը, որուն զո­հը գա­ցած է Հրանդ Տինք։ Աշ­խարհաս­փիւռ հա­յու­թիւնը ար­դար կեր­պով այդ թու­նա­ւոր մթնո­լոր­տը պի­տի կա­պէ Թուրքիոյ աւան­դա­կան չա­րագոր­ծութեան։ Սա­կայն խնդի­րը միայն այս պար­զութեան մէջ դի­տելը խիստ ան­բա­ւարար է։ Պէտք է յի­շեն, որ այդ թու­նա­ւոր մթնո­լոր­տին մէջ իրենց բա­ժինը ու­նէին մեծ թի­ւով հա­յեր, որոնք ընդմիշտ պատ­րաստ էին Հրանդ Տին­քը յօ­շոտե­լու։ Անոր գա­ղափար­նե­րուն մէջ զի­րենք ան­հանգստաց­նող բազ­մա­թիւ գոր­ծօննե­րու պատ­ճա­ռաւ։ Նախ եւ առաջ Հրանդ Տինք սպառ­նա­լիք մըն էր հա­սարա­կու­թեան այն խա­ւին հա­մար, որ հա­մակեր­պած էր իր ապ­րած երկրի բո­լոր անար­դա­րու­թիւննե­րուն, նոյ­նիսկ կը կի­սէր այդ անար­դա­րու­թիւննե­րը։

Հրանդ Տին­քի ելոյթնե­րը մտա­վախու­թիւն էին անոնց հա­մար, քա­նի որ կրնա­յին խան­գա­րել իրենց կար­ծե­ցեալ ան­դորրը։ «Հի­մա ի՞նչ պէտք կայ այս հին հա­շիւ­նե­րը բա­նալու» կը հարցնէին անոնք։ Տա­րինե­րու դառն փոր­ձա­ռու­թիւնով սոր­ված էին, թէ պե­տու­թեան դէմ գլուխ ցցե­լը խիստ փոր­ձանքա­բեր երե­ւոյթ մըն է, հե­տեւա­բար պէտք է խու­սա­փիլ եւ շա­րու­նա­կել իր ճղճիմ աշ­խարհին ան­սա­սանու­թիւնը պա­հելով։ Սա­կայն Հրանդ կեան­քի պատ­րաստուած էր շատ աւե­լի յան­դուգն խառ­նուած­քով մը եւ բնաւ նպա­տակ չու­նէր այս ան­բա­րոյ ապա­հովու­թեան ապա­ւինե­լու։

Ան­ցեալին Հրանդ Տին­քը յօ­շոտող­նե­րը այ­սօր իրենց յար­ձա­կումնե­րուն թի­րախ դար­ձուցած են նոյնքան քա­ջարի ու­րիշ անուն մը։ Անոնք հի­մա ալ կը սո­սկան, որ Կա­րօ Փայ­լա­նի պատ­ճա­ռաւ դար­ձեալ կրնայ խան­գա­րուիլ իրենց ան­դորրը կամ շու­կա­յի մէջ իրենց ճղճիմ շա­հերը։ Ան­ցեալին Հրան­դը հա­լածող­նե­րը այ­սօր նոյն թա­փով, նոյն վճռա­կամու­թեամբ լծուած են Կա­րօ Փայ­լա­նը հա­լածե­լու գոր­ծին։ Եթէ յան­կարծ իրենց թու­նա­ւոր խօս­քե­րուն իբր հե­տեւանք մեր պատ­մագրու­թեան մէջ նշուած նա­հատակ­նե­րու թի­ւը եւս աւել­նայ գու­մա­րած մէ­կով, կար­ծես թէ անոնք պի­տի ար­դա­րանան իրենց թու­նա­ւոր միտ­քե­րուն մէջ։ «Յայտնի է, որ այսպէս պի­տի ըլ­լայ։ Ի՞նչ կը կար­ծէր այդ տխմա­րը։ Իրեն մնա­ցե՞ր էր եր­կի­րը ազա­տել» պի­տի հարցնեն մե­զի այնքան ծա­նօթ ամ­բարտա­ւանու­թիւնով։ Կեան­քի հիմ­նա­կան նպա­տակը ոմանց հա­մար միայն ու միայն իր մոր­թը ապա­հով պա­հելով սահ­մա­նուած է։ Բայց ո՞վ կրնայ ըսել, որ այս սահ­մա­նու­մը կը բա­ւարա­րէ բո­լորին։ Ժա­մանակ­նե­րը հե­րոս­ներ կը ծնին, բայց միշտ չէ, որ այդ հե­րոս­նե­րը տես­նուին ճղճիմ­նե­րու կող­մէ։

Հրանդ Տին­քի մա­հուան տա­րելի­ցը մեզ կը զգու­շացնէ նաեւ զգօն ըլ­լա­լու հա­մար։ Ան­ցեալին բնաւ քիչ չէին այն հա­յերը, որոնք մեծ ափ­սո­սանք ու զղջում յայտնե­ցին այդ չար դէպ­քին պա­տահե­լէն ետք։ Իրենք զի­րենք մե­ղադ­րե­ցին օրըս­տօ­րէ ար­թուն չգտնուելով եւ Հրան­դը արիւ­նարբու վոհ­մա­կի դի­մաց առան­ձին թող­նե­լու պատ­ճա­ռաւ։ Նոյն ափ­սո­սան­քը կրկնե­լը շատ սուղ պի­տի ազ­դէ բո­լորիս։ Ու­րեմն ար­թուն գտնուինք պատ­շաճ կեր­պով կա­սեց­նենք Կա­րօ Փայ­լա­նի ուղղուած ամէն տե­սակ ցե­խար­ձա­կու­մը։ Ան­մի­ջապէս այս օրե­րուն Թուրքիոյ իշ­խա­նամէտ մա­մու­լի օր­կաննե­րէն մէ­կուն մէջ ներ­կա­յացաւ այդ ցե­խար­ձակման պատ­կե­րը։ Իբ­րեւ թէ ոմանք յա­ջողած էին կա­սեց­նել ՀՏՓ-ական­նե­րու Պատ­րիար­քա­րանի դէմ սադ­րանքը։ Այս լու­րը իր պատ­րաստու­թեան կանոնով­, շա­րադ­րութեան ոճով եւ ցե­խար­ձակման եղա­նակով բա­ւակա­նին ծա­նօթ էր։ Ծա­նօթ էր՝ եր­կու առու­մով։ Մենք այս ոճը գի­տենք նախ սա­ռը պա­տերազ­մի ժա­մանակ­նե­րուն ապա­տեղե­կատուութեան օրի­նակ­նե­րով եւ ապա ուղղա­կի այս երկրի մէջ մա­մու­լին որ­դեգրած դե­րակա­տարու­թիւննե­րով։ Պար­տա­ւոր ենք դի­մել բո­լոր մի­ջոց­նե­րու, որ­պէսզի կա­սեց­նենք այս դա­ւադ­րութեան գոր­ծընթա­ցը եւ չար­տօ­նենք, որ նոյն չար միտ­քը ան­գամ մը եւս ու­րա­խանայ։