Ուաշինկթըն գրգռիչ յայտարարութիւններէ հեռու մնալու կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին

01 de marzo de 2018

Embaja-EEUU-ErevanՄիացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ Երեւանը ազրպէյճանական տարածք է` գրգռիչ յայտարարութիւններէ հեռու մնալու կոչ ուղղելով Պաքուին:

Այս առիթով «Ազատութիւն» կայանը հարցում մը ուղղած էր Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան` խնդրելով ներկայացնել, թէ Ուաշինկթըն ի՞նչ դիրքորոշում ունի Ալիեւի աղմկայարոյց յայտարարութեան կապակցութեամբ, եւ թէ արդեօք նման յայտարարութիւններ չե՞ն բարդացներ ղարաբաղեան տագնապին վերաբերող բանակցութիւններուն ընթացքը:

«Միացեալ Նահանգները կը պաշտպանեն Մինսքի խմբակի համանախագահներուն 11 փետրուարի յայտարարութիւնը, որով կողմերուն կոչ ուղղուեցաւ զերծ մնալու բորբոքիչ յայտարարութիւններէ եւ սադրիչ գործողութիւններէ: Միացեալ Նահանգները նաեւ կը յորդորեն կողմերը յարգելու 2017-ի հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները` բանակցութիւններու աշխուժացման ու շփման գիծի լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու վերաբերեալ», ըսուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանին մէջ:

Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 15 փետրուարին յայտնած էր, թէ «նշեալ յայտարարութիւնը ակնյայտօրէն չի նպաստեր լարուածութեան նուազեցման», իսկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը համանախագահող երեք երկիրներէն` Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 20 փետրուարին կոչ ուղղած էր` «զերծ մնալու որեւէ յայտարարութենէ կամ գործողութենէ, որ կրնայ լարուածութիւնը սրել»: