Ուրուկուայցի փաստաբանին պատասխանը Ազրպէյճանի “սեւ ցանկ”ին

16 de mayo de 2017

OscarLopezGoldaracenaՕսգար Լօփէս Կօլտարասէնա որ մասնագետ մըն է մարդու իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ հանրածանօթ փաստաբան եւ Ուրուկուայի Ղարաբաղ Ֆորումի անդամ, ուրիշ Պոլիվիացի երեք պատգամաւորներու հետ, յայտնուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան “սեւ ցանկ”ին մէջ, որպէս անբաղձալի անձնաւորութիւն։

Յիշեցնենք որ նշեալները որպէս միջազգային դիտորդներ, Արցախ մեկնած էին հետեւելու Փետրուարին կայացած Սահմանադրական փոփոխութիւններու առթիւ տեղի ունեցած հանրաքուէին։

Ծանօթանալէ ետք թէ ինք մաս կը կազմէ այդ ամօթալի “սեւ ցանկ”ին, Կօլտարասենան անմիջապէս դիմած է երկրի արտգործ նախարար Ռօտոլֆօ Նին Նօպոային եւ Մարդու Իրաւուքներու Ազգային Հիմնարկութեան, անոնց բացատրութիւն տալով կը գրէ թէ “Արցախը հայ բնակչութիւն ունեցող եւ 25 տարուայ անկախութիւն ձեռք ձգած երկիր մըն է, պատմականօրէն և իր ժողովուրդի ընտրութեամբ, ուր ժողովրդավարութիւնը և մարդու իրաւունքները իրաւացի կերպով կը գործադրուին և օրինակելի երկիր է որ Աշխարհը տակաւին չէ ճանչցած անոր անկախութիւնը, սակայն Արցախը գոյութիւն ունի։

Goldaracena y Primer ministroԱզրպէյճանն է որ նուաճողական կեցուածք կը ցուցաբերէ անոր նկատմամբ։

“Արցախի բնակչութիւնը վտանգի մէջ է եւ զոհ կ՛երթայ պատերազմական ոճիրներուն։ Հարիւրաւոր միջազգային դիտորդներ, որոնց մէջ նաև ես, փաստեցին իմ գրածս:

Որպէսզի Արցախը ճանաչում չստանայ իբրեւ անկախ պետութիւն, կը փորձեն մեզի սպարնալ “սեւ ցանկ”ով։ Մեծ եռանդով կը փափաքիմ որ ի շահ խաղաղութեան և ազատութեան, Ուրուկուայը նման”սեւ ցանկեր”կազմելը դատապարտէ եւ որպէս ինքնիշխան պետութիւն,Արցախի Հանրապետութիւնը ճանճնայ” գրած է իր դիմատետրին մէջ Օսգար Լօփէս Կօլտարասէնան։