Ուրֆայի եկեղեցին ողբալի վիճակի մէջ

07 de mayo de 2015

ՀամացանցURFAի իր էջին վրայ Ալի Կիւզէլ կը գրէ, որ Ուրֆա քաղաքէն 10 քլմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Կերմուճ գիւղի հայկական եկեղեցին, որ ներկայիս սրտաճմլիկ վիճակ կը պարզէ։

Եկեղեցին գիւղացիներու կողմէ երկար տարիներ որպէս ախոռ գործածուած է եւ ներքին մասը կենդանիներու քակորներու եւ աղտոտութեան գարշահոտութեան պատճառով անհանդուրժելի վիճակ ստացած է։ Եկեղեցի այցելողներ հակազդեցութիւն ցոյց կուտան պարզուած տեսարանին դիմաց։

Անոնք կը յայտնեն որ եկեղեցիին այս կացութիւնը մեծ վնաս է Ուրֆայի զբօսաշրջութեան։ Կ՚ըսուի, որ ո՛չ Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարութիւնը եւ ո՛չ ալ Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը կը հետաքրքրուին այս հարցով։