Յ. Պալեան

Չաղմկող մեծամասնութեան ձայնը ինչպէ՞ս պիտի լսուի

06 de diciembre de 2018

elecciones 2Ձմրան արեւէն օգտուող հանրային այգիներու մամիկներն ու պապիկները, պողոտայի մայթին վրայ պպզած կանաչի ծախող ցուրտէն սրսփացող կիները, շաբաթ, կիրակի եւ տօն օրերը բաց կրպակներու համեստները, ինքնաշարժ չունեցող եւ հանրային փոխադրամիջոցներու ճամբորդները, համագումար՝ լուռ մեծամասնութիւնը, հանրահաւաքներու չմասնակցողները, ինչպէ՞ս պիտի լսուի

Հայաստան ընտրական հեւքի մէջ է: Լրագրողները, հեռատեսիլը, եթէ փորձէին երբեմն լուսարձակները մօտեցնէին չաղմկողներուն եւ խօսափող տային անոնց, իրականութիւնը թերեւս աւելի պարզ եւ հասկնալի կը դառնար: Հայաստան ընտրութիւն պիտի կատարէ: Նոյն քաղաքական կազմակերպութիւնները, նոյն յատուկ անունները եւ նոյն լուսանկարները մեծ պաստառներու վրայ, ուժի ցուցադրութեան համար խմբուող նոյն քանի մը հարիւր կամ քանի մը հազար մարդիկը, ամենուրեք են: Երեւանի քաղաքապետական ընտրութեան քուէարկողներու տոկոսի պատկերը զգաստութեան հրաւէր չեղաւ ոչ մէկուն եւ ոչ միւսին: Բացակայ եւ չաղմկող կէսը բացակայեցաւ եւ ոչ ոք անհանգստացաւ:

Ժողովրդավարութեան հաւատացողը եւ փառասիրութիւն ունեցողը ի՞նչ գնահատական տուին եւ վաղը ի՞նչ գնահատական պիտի տան բացակայ մեծամասնութեանվերաբերումին: Փոքրամասնութիւնները իրենք իրենց կը շնորհեն մեծամասնութեան իրաւունք, խախտելով նոյնինքն ժողովրդավարութեան հիմնական ըմբռնումները: Իրաւ ժովրդավարութիւնը պիտի մերժէր վերնախաւի անուններու եւ պատկերներու ինքնակրկումը, որուն հանդիսավայրն է նաեւ Հայաստանը: Այս ձեւով յառաջացած Ազգային Ժողովը կրնա՞յ ըլլալ ժողովուրդի իսկական ներկայացուցչութիւն, թէ փոքրամասնականներու եւ սակաւապետութեան մասնակիցներու ակումբ: Ասդին-անդին քլիշէ եղած յայտարարութիւնները, որոնք համոզիչ ալ չեն, պարզապէս մաս կը կազմեն քաղաքական թատրոնի բեմի նախապէս լսուած աղմուկին:

Այսպէս պիտի շարունակուի մինչեւ այն ատեն, որ հասկնալի ծրագիրներ չներկայացուին ժողովուրդին, որոնք չըլլան սոսկ խօսք, անոնց իրականացման համար միջոցներ ճշդուած չըլլան, ենթադրութիւն չեղող եւ մոռցուելու դատապարտուած խոստումներ, ժողովուրդը չհաստատէ, որ քուէարկութեան մը արդիւնքը չի սեփականացուիր անհատներու կողմէ՝ իրենց շահերուն համար: Զանգուածները այս կը տեսնեն սովորաբար, եւ մարդիկ երբ պահ մը մտածեն, կ’աճի լուռ մեծամասնութեան ծաւալը: Եւ ընտրութիւններու աղմկարարութիւնը կ’ըլլայ թատերական փորձ եւ քաղաքականութիւնը կը վերածուի ամիսներով եւ տարիներով կրկնուող-շարունակուող թատրոն

Ժողովրդավարութիւնը կը յաջողի, երբ քաղաքացիները իրենք զիրենք կը տեսնեն ծրագիրներու եւ որոշումներու մէջ,

Ան որ կ’ուզէ ծառայել, ոչ իսկ մէկ վայրկեան

պիտի մսխէ իր անձնական բարօրութեան համար:

Մահաթմա Կանտի

 

Իրողութիւն մը կայ՛ զոր պէտք է գնահատել ըստ արժանւոյն: Արթնութեան ակնկալութեան մը պատասխան եղաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «թաւշեայ» կոչուած շարժումը: Նիկոլ Փաշինեան իր անձին վրայ կրցաւ կեդրոնացնել վերանորոգման յոյսը, դասական ուժերու ձախողութեան եւ անոնց մերժումի ալիքին վրայ: Բայց, պէտք չէ անգիտանալ,  որ նոյնինքն Նիկոլ Փաշինեան ծնունդն է նոյն համակարգին, système-ին, նոյն ձեւով ընտրուած եւ նոյն բեմին վրայ: Տասնեակներով կուսակցութիւնները եւ տասնեակէ մը աւելի դաշինքները կազմուած են կամ դիւանակալներով, ափարաչիքներով, հին կամ նոր սակաւապետութեան անդամներով, օլիկարխներով, այսինքն՝ կամ դիրքի ձգտող ունեւորներով կամ համակարգին հաշւոյն ապրող եւ քաղաքականութիւնը արհեստ-կրպակի վերածողներով:

Պարզ է, որ système-համակարգը ինքզինք կը կրկնէ, ոչ միայն Հայաստանի մէջ: Զանգուածը, ողջախոհութեան պահու մը, ոեւէ ընտրութեան պարագային, իր թղթիկը քուէատուփին մէջ նետելէ առաջ, եթէ դեռ այդ ընող է, քանի որ յուսահատութեամբ այդ չընողները բանակ են, հարց պէտք է տայ, եթէ աթոռ մաշեցնողը կամ աթոռին վրայ մաշողը հրաշք պիտի գործէր, ոսկի հաւկիթ պիտի ածէր, այդ ըրած կ’ըլլար երկու, չորս, վեց, ութը, տասը կամ քսան տարիէն, փոխանակ ղեկավարութիւնը արհեստի եւ հասութաբեր կալուածի վերածելու: Եւ կը կանգնինք ինչպէ՞ս ղեկավարութիւն յառաջացնելու հարցականին առջեւ: Ցայսօր ղեկավարութեան ձգտողները իրենք զիրենք կը ներկայացնեն եւ կ’ըսեն՝ մեզմէ մէկը ընտրեցէ՛ք, որ կը նշանակէ, թէ՝ նախօրօք կատարուած կ’ըլլայ զտման ընտրութիւնը, եւ ժողովրդավարական կոչուած ընտրութիւնը կը դառնայ ձեւականութիւն: Ինչպէս քիչ մը բոլոր մակարդակներու ընտրութիւնները:

Կարծէք ժողովրդավարական système-համակարգը անկարելի դարձուցած է հեղինակութիւն-քարիզմաթիք ղեկավարի երեւումը, քանի որ ան կը գործէ մեքենայութիւններով, քոմպինացիայով, հայր եւ որդի, ընկեր եւ խնամի, Հայաստանի մէջ, եւ քիչ մը ամէն տեղ կրկնուող սովորական եղող ԽԾԲ-ն: Իսկ քաղաքացին յաճախ մէկուն դէմ ըլլալու համար միւսը կ’ընտրէ, իբրեւ թէ աւելի գէշը չընտրելու համար, եւ յետոյ՝ դժգոհելու:

Եւ այս կացութիւնը եւ երեւոյթները կը մեկնաբանուին նոյն մարդոց կողմէ, քաղաքագէտներ եւ լրագրողներ, որոնք ի պաշտօնէ կը լուսաբանեն ժողովուրդը, կը լուսաբանե՞ն, թէ՞ բանգիտութիւն կը ցուցադրեն, համակարգ-système-ին մէջ նաւարկեն, առանց նաւահանգիստ հասնելու: Քիչ մը ամէն տեղ, եւ ոչ միայն Հայաստանի մէջ: Այս օրերուն, Ֆրանսայի կացութիւնը, այլախոհական շարժումը, իշխանութիւնը եւ մետիաներու պարզած պատկերը բարացուցական է, խոշորացոյցով կը դիտուի, եւ եթէ որպէս օրինակ նկատի առնուի, այս նախընտրական շաբաթուան Հայաստանը աւելի դիւրին կրնանք պատկերացնել եւ հասկնալ, եւ եթէ քաղաքացին ալ, իր կարգին տեղեակ ըլլայ, թերեւս աւելի ճիշդ կը կողմնորոշուի կամ որպէս բողոք տունը կը մնայ:

Գիւմրեցի պոլոզ Մուկուչը եթէ ողջ ըլլար պիտի հարցնէր՝ յետոյ ի՞նչ, վաղը ի՞նչ:

Պոլոզ Մուկուչները պէտք է հրաւիրել հեռատեսիլի հարթակները, պէտք է բեմ հրաւիրել, որպէսզի առանց զիկզակելու ըսեն, թէ ինչո՞ւ դժգոհ են, ի՞նչ կը սպասեն, ի՞նչ կը խորհին դիրքերու վրայ յաւերժացողներու եւ «քլոնաժ» ընողներու մասին: Արհեստավարժներու ջնարկուած խօսքէն տարբեր խօսք կարելի կ’ըլլա՞յ ըսել եւ լսուիլ:

Ժողովրդավարութիւնը, ամենուրեք, նաեւ Հայաստան, կ’ապրի փապուղիի մէջ, քանի որ ընտրութիւն ընելու իրաւունքը յանգած է նախապէս եղած ընտրութիւններու միջեւ ընտրելու, այսինքն système-համակարգը եւ ափարաչիքները զտում կատարած են եւ քաղաքացիին մնացած է, ֆրանսացի ղեկավարի մը դասական բնութագրումով, սպիտակ գլխարկի եւ գլխարկ սպիտակի (blanc bonnet  et bonnet blanc) միջեւ ընտրութիւն կատարելու եւ իր ճակատագրին տէր ըլլալու խաբկանքը:

Նման մթնոլորտի մէջ անկարելի կ’ըլլայ ցորենը զատել որոմէն, այսինքն ազգը չի յաջողիր արժանաւորը ջոկել անարժանէն եւ ամբոխավար դերասաններէն:

Կ’ունենա՞նք  մեր Մահաթմա Կանտին: Կամ զօրավար Շարլ տը Կոլը, որ կ’ըսէր՝ «յոյսի վերջը սկիզբն է մահուան» կամ՝ «ինչպէս կ’ուզէք կառավարել երկիր մը՝ ուր 258 տեսակ պանիր կայ», Հայաստանի համար կրնանք ըսել, ինչպէ՞ս  կառավարել երբ կան տասնեակներով կուսակցութիւններ եւ կան անհատական փառասիրութիւններ եւ շահախնդրութիւններ սահմանափակ շերտ մը հողի վրայ: Գումարեցէ՛ք անգիտութիւնները, հայոց պատմութենէն եւ մշակոյթէն ստացուած ոչ կարգախօսային ժառանգութեան գիտակից յանձնառութեան բացակայութիւնը, որ փոխարինուած կ’ըլլայ դատարկ դիրքապաշտութեամբ եւ ճոռոմ ինքնագովերգութեամբ կամ փոխգովերգութեամբ:

Եթէ լսէինք նաեւ իրաւ ղեկավար Մահաթմա Կանտին, որ կ’ըսէր, թէ «բարկութիւն եւ անհանդուրժողութիւն լաւ հասկացողութեան թշնամիներն են», այսինքն նաեւ փոխհասկացողութեան, ժողովուրդը ամբոխի չէինք վերածեր եւ չէինք գրգռեր անոր զայրոյթը, փակելով հասկացողութեան դռները: Իսկ անհանդուրժողութիւնը ամենակարճ ճամբան է կարճատես քաղաքագէտներուն դիրքերու ամրացման:

Կը զարմանամ միայն, որ ճակատագրական այս պահերուն, ինչո՞ւ, որպէս արդարութեան եւ ազգային որակի պահապան, Հայաստանի եւ քիչ մըն ալ սփիւռքի մտաւորականները յստակ խօսքով հրապարակ չեն գար ամբոխավարներու, միջակութիւններու, հացկատակներու եւ բախտախնդիրներու դէմ, իրենց ձայնը լսելի չեն դարձներ յոյսի համար փողոց իջնողներուն եւ լուռ մեծամասնութեան, որպէսզի չխաբուին:

Եթէ այդ խօսքը չըսուի, քանի մը տարին անգամ մը նոյն հանդէսները պիտի սարքենք, որոնք կրնան նաեւ օր մը «թաւշեայ» չըլլալ: Եւ կ’ըլլայ քաոս:

Ազնիւ եւ խելացի քաղաքական գործիչ, առաջին կին կուսակցապետ Մատամ Ռոլանի Ֆրանսական Յեղափոխութեան օերերուն, կառափնատին (կիյոթին) առջեւ 1793ին ըսած իմաստուն խօսքը երբեմն պէտք է յիշել. «Ո՛վ ազատութիւն. ինչպի՞սի ոճիրներ կը գործուին քու անունովդ» (O liberté ! Que de crimes on commet en ton nom):