Չորրորդ օրն ըլլալով ցուցարարները փակ կը պահեն Բաղրամեան Պողոտան Վարչապետ Աբրահամեան կ՛արձագանգէ ցուցարարներուն. "Ձեր ոճը յաջողութեան չի հասցներ"

26 de junio de 2015

Activistas-armenios-5Ազդակ «Կառավարութիւնը չ՛ուզեր սակի բարձրացում, բայց կառավարութիւնը պարտաւոր է հաշուի նստիլ առարկայական իրականութեան հետ», ըսաւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Հայաստանի կառավարութեան երէկուան նիստին` նշելով վերջին տարիներու ջուրի  սակաւութիւնը, աթոմակայանի կարգ մը սարքերու անակնկալ խանգարումը, վերջին երեք տարիներուն  ազգային դրամանիշի  արժեզրկումը: «Չեմ բացառեր, որ չարաշահումներ եղած են®», ըսաւ վարչապետը:

Յովիկ Աբրահամեան յայտնեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ խորհրդակցած է ելեկտրական հոսանքի սակի յառաջիկայ բարձրացման հարցով:

Ըստ վարչապետին, խորհրդակցութեան ընթացքին  որոշուած է, որ իբրեւ հոսանքի սակի յառաջիկայ բարձրացման փոխհատուցում` 105 հազար ընտանիքներու, որ կը կազմէ շուրջ 400 հազար մարդ, տարեկան յաւելեալ կը վճարուի 24 հազարական դրամ ընկերային նպաստ:

Միաժամանակ, Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց, որ հիմնաւորուած կը նկատէ Հանրային ծառայութիւնները համակարգող յանձնախումբի որոշումը ելեկտրական հոսանքի ժամական մէկ քիլոուաթը 6.93 դրամով բարձրացնելու վերաբերեալ:

Հայաստանի կառավարութեան երէկուան նիստին, 2015 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան կարգապահական յանձնախումբի կազմին 5 հասարակական գործիչներու ներառման վերաբերեալ որոշում տրուեցաւ: Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նշեց, որ այս հարցը քննարկման օրակարգին վրայ էր տակաւին այն ժամանակ, երբ Բաղրամեան պողոտային վրայ ցոյցերը չէին իսկ սկսած: Սակայն, ըստ վարչապետին, ոստիկանութեան կարգապահական յանձնախումբի աշխատանքները այս օրերուն աւելի այժմէական կը դառնան:

«Այս մարմինին միակ նպատակն է` հաւաքներու ընթացքին հասարակական կարգի պահպանման մասնակից ոստիկաններու կողմէ կատարուած կարգապահական կոպիտ խախտումներու  վերաբերեալ իրականացնել ծառայողական քննութիւն, որոշել անոնց գործողութիւններու իրաւաչափութիւնը», նշեց Աբրահամեան:

Ան ընդգծեց, որ 23 յունիսի առաւօտեան կանուխ` Բաղրամեան պողոտային վրայ ոստիկանական ստորաբաժանումներու գործողութիւնները հանրութեան եւ միջազգային գործընկերներու  կողմէ որոշ արձագանգ ստեղծած են:

Վարչապետը նաեւ նշեց, որ ցուցարարներու այդպիսի ոճի դրսեւորումը յաջողութիւններու պիտի չյանգեցնէ: «Նման ոճը յաջողութիւն պիտի չբերէ, կ՛առաջարկեմ ըլլալ կառուցողական: Կառավարութիւնը պատրաստ է քննարկելու իւրաքանչիւր հարց, որ կը ներկայացուի իրենց կողմէ: Փակելով կեդրոնական փողոցներէն մէկը եւ խանգարելով մեր քաղաքացիներուն ազատ տեղաշարժը` կը խախտեն մեր սահմանադրութիւնը: Կոչ կ՛ընեմ քաղաքացիներուն` բանալու Բաղրամեան պողոտան, վերադառնալու կառուցողական դաշտ եւ միասին քննարկելու բոլոր խնդիրները», յայտարարեց Աբրահամեան:

«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամ Վաղինակ Շուշանեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ ցուցարարները չեն պատրաստուիր անսալու վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի` Բաղրամեան պողոտան բանալու կոչին: «Աբրահամեանի խօսքը մեզի համար ընդհանրապէս նշանակութիւն չունի: Այդպիսի գաւազանով մարդ արդէն երկար ժամանակ է չեմ գիտեր, այդպիսի մարդ չկայ, որ համակարգէ եւ ղեկավարէ կառավարութիւնը: Մեր պահանջը կը տեսնէք ո՛ւր է, մինչեւ ո՛ւր պիտի բարձրանայինք, չձգեցին: Այնպէս որ, ընդհանրապէս ի՛նչ խօսած է այդ անձնաւորութիւնը` նշանակութիւն չունի»:

Շուշանեան վարչապետը երէկ երեկոյեան ժամը  7:00-ին հրաւիրած էր Բաղրամեան պողոտայ` երկխօսութեան. «Եթէ այդպիսի տղամարդկութիւն եւ խիզախութիւն ունի, թող գայ այստեղ` խօսինք, թող գայ, այդքան ժողովուրդին  դիմաց կանգնի, հարթակէն ըսէ` ժողովուրդ ջան, օժանդակութիւն պիտի յատկացնենք, եւ հիմնաւորուած է սակի բարձրացումը»:

Ցուցարարը աւելցուց. «Մենք պիտի փորձենք փոխել պայքարի մարտավարութիւնը: Որովհետեւ, ինչպէս կը հասկնանք, չեն ուզեր ուշադրութիւն դարձուցած ըլլալ եւ լրջութեան մակարդակը չեն ուզեր  հասկցած ըլլալ, թէ որքան պատրաստ ենք մնալու այստեղ. ես ըսած եմ, որ անձամբ ես պիտի ըլլամ վերջին մարդը, որ կ՛երթայ այստեղէն, եւ ոչ թէ պիտի երթամ, այլ պիտի տանին»:

Երգ Ու Պար` Բաղրամեան Պողոտային Վրայ

MHM97162Բաղրամեան պողոտային վրայ կը շարունակուին ցոյցն ու նստացոյցը: Աննախընթացօրէն բազմամարդ է Բաղրամեան պողոտան. ընդ որում` մեծ է երիտասարդութեան թիւը:

Բաղրամեան պողոտային մէջ գիշերող երիտասարդութիւնը ինքզինք կը կազմակերպէ` բոլոր առումներով: Կ՛երգեն, շուրջպար կը բռնեն, կը հնչեն ազգային, ազգագրական եւ հայրենասիրական երգեր, որոնք կրնան բարձրացնել իւրաքանչիւր հայու ոգին: Եւ եթէ  նախորդ օրերուն երաժշտութիւնը կը սփռէին բարձրախօսներով, հիմա արդէն ցուցարարներու շարքերուն մէջն են տհոլ, զուռնա եւ տուտուկ, կիթառ, թմբուկ  նուագող երիտասարդներ, եւ փաստօրէն, ցոյցը կ՛ընթանայ ուղղակի կատարուող նուագով, երգերով:

Ոստիկանապետ. «Եղէք Խաղաղ, Եւ Ամէն Ինչ
Բնական Կ՛ըլլայ»

Երէկ առաւօտեան կանուխ Բաղրամեան պողոտայ հասաւ ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան: Ան ցուցարարներուն կոչ ուղղեց «ըլլալու խաղաղ»` նշելով, որ այդ պարագային «ամէն ինչ բնականոն  կ՛ըլլայ»: Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով ոստիկաններու կարգ մը բռնութիւններուն` Վլատիմիր Գասպարեան ըսաւ. «Ծառայողական քննութիւն կ՛ընթանայ: Յատուկ քննչական ծառայութեան մէջ քրէական գործ յարուցուած է, թէ հարցը ի՛նչ է: Իսկ ո՞վ ըսաւ, որ չեն կրնար թերութիւններ եւ սխալներ ըլլալ, կարեւորը, թէ ինչպէ՛ս կը տեսնես ատիկա եւ ինչպէ՛ս կը լուծես»:

Ոստիկանապետը նաեւ զրուցեց պողոտային մէջ  գիշերած ընդդիմադիր պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանին հետ: Անոնց զրոյցը տեղի ունեցաւ առանց լրատու միջոցներու ներկայութեան:

Փաշինեան լրագրողներուն յայտնեց, որ ոստիկանապետին հետ նստացոյցի մասին չեն խօսած, փոխարէնը` ինք Գասպարեանին յիշեցուցած է 23 յունիսի առաւօտը, երբ բռնութիւն գործադրուեցաւ ցուցարարներուն եւ լրագրողներուն  հանդէպ, եւ կոչ ըրած է ոստիկանապետին պատժելու այն ոստիկանները, որոնք բռնի ուժով բերման ենթարկեցին քաղաքացիները:

«Ոստիկանապետին նաեւ հարցուցի, թէ լրագրողները հետաքրքրուած են, թէ արդեօ՞ք յատուկ կազմակերպուած չէր, որ ուղղակի պատկերասփռում ապահովող տեսախցիկը կը դառնայ թիրախ, ոստիկանապետը վստահեցուց, որ նման կազմակերպուած բան չկայ: Ըսաւ, որ վնասուած գոյքին մէկ մասը գտնուած է, մէկ մասը փոխհատուցուած է, այն մասը` որ չէ փոխհատուցուած` պիտի հատուցուի», փոխանցեց Փաշինեան:

Փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան իր կարգին երէկ առաւօտեան շրջագայեցաւ ցուցարարներու  շրջանակին մէջ: Ռուսական լրատու միջոցներէն  մէկուն լրագրողը հարցում ուղղեց Վալերի Օսիպեանին, թէ որոշած է հի՞ւր գալ ցուցարարներուն: Հարցումը տարօրինակ թուեցաւ փոխոստիկանապետին, ան պատասխանեց. «Ի՞նչ հիւր, ասիկա մեր ժողովուրդն է, մենք մէկ ժողովուրդ ենք եւ չենք տարանջատեր ոստիկանութիւնը ժողովուրդէն: Մենք չենք գտնուիր տարբեր բեւեռներու մէջ, ասիկա մեր ժողովուրդն է»:

Հարցումին, թէ այդ պարագային ինչո՞ւ ոստիկանները պատ կազմած են, Վալերի Օսիպեան պատասխանեց. «Իսկ ձեզ կը խանգարէ՞, համաձայնեցէք, որ այս խճանկարին մէջ գեղեցիկ կ՛երեւի, որ այստեղ են ոստիկանները, ատիկա օրէնքի պահանջն է»:

Ցուցարարները կը շարունակեն նստացոյցը, աղբահանութիւն իրականացնող կազմակերպութիւնը տարածքէն հեռացուց աղբը, մաքրող ջրցան մեքենան մաքրեց փողոցը: Իսկ ցուցարարները Բաղրամեան պողոտային մէջ են, կ՛ըսեն, որ պիտի մնանք այնքան, մինչեւ որ նախագահ Սերժ Սարգսեան չեղեալ յայտարարէ ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացման որոշումը: