Պաքու կը հակադարձէ Արցախի մասին Փաշինեանի յայտարարութեան

09 de junio de 2018

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- «Հայաստանի ղեկավարութեան նման յայտարարութիւնները մենք կը գնահատենք իբրեւ բանակցային գործընթացը խոչընդոտելու եւ բռնագրաւման վրայ հիմնուած իրավիճակը պահպանելու ուղղուած քայլ», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ՝ հակադարձելով Յունիս 7ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, թէ Արցախ պէտք է մասնակցի հակամարտութեան լուծման բանակցութիւններուն:

Հաճիեւ պնդեց, որ Ատրպէյճանի «գրաւեալ տարածքներ»ուն մէջ Հայաստանի զինուած ուժերու առկայութիւնը Հայաստանը կը դնէ իրաւական պատասխանատուութեան տակ՝ իբրեւ հակամարտութեան կողմ, եւ անգամ մը եւս յիշեցուց Արցախի ատրպէյճանական համայնքին իրաւունքները՝ պնդելով, որ Արցախի բնակիչիները եւս «Ատրպէյճանի քաղաքացիներ են»:

0609Aliyev Ի պատասխան այս մասին «Արմէնփրէս»ի հարցումին՝ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Սարգսեան Յունիս 8ին ըսաւ. «Արցախի բնակիչները հանդիսանում են անկախ ինքնիշխան պետութեան՝ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներ եւ երբե՛ք չեն եղել անկախ Ատրպէյճանի քաղաքացիներ: Աւելին, Ատրպէյճանը չունի բարոյական իրաւունք՝ Արցախի բնակիչներին համարել այն պետութեան քաղաքացիները, որն իր ստեղծման օրուանից ահաբեկման, ցեղային զտումների, զանգուածային սպանութիւնների նպատակաուղղուած քաղաքականութիւն էր վարում՝ ձգտելով Արցախի ժողովրդին զրկել ոչ միայն կեանքից, այլեւ՝ հայրենիքից: Արցախի քաղաքացիների հանդէպ Ատրպէյճանի իշխանութիւնների կողմից իրական վերաբերմունքի վերջին արտայայտումներից մէկն է՝ 2016ի Ապրիլին Արցախի դէմ ռազմական գործողութեան ընթացքում Ատրպէյճանի նոյն պաշտօնական ներկայացուցչի յայտարարութիւնն այն մասին, որ Արցախում «քաղաքացիական բնակչութիւն չկայ» եւ «այն կողմում միայն դաշտ է եւ զինուորականներ»՝ փորձելով արդարացնել Արցախի խաղաղ բնակչութեան սպանութիւնները»:

Իր կարգին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները «իրական եւ ոչ թէ կեղծաւոր քայլեր» կ՛առնեն Արցախի հակամարտութեան շուտափոյթ լուծման համար։

Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ալիեւ նաեւ յոյս յայտնած է, որ «Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը չի կրկներ նախորդին սխալները»։ «Մենք կ՛ուզենք, մենք կը պահանջե՛նք հակամարտութեան լուծում. մենք ունինք ատոր իրաւունքը», ըսած է Ալիեւ։