Պաքու չէ ընդունած Ռուսիոյ նոր դեսպանին թեկնածութիւնը` անոր հայամէտ դիրքորոշումին պատճառով

29 de noviembre de 2017

Embajada rusa en BakuՌուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը չէ ստացած Ազրպէյճանի համաձայնութիւնը Կէորկի Զույեւը այդ երկրին մէջ Ռուսիոյ նոր դեսպան նշանակելու առնչութեամբ: Այդ մասին կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ:

Դիւանագիտական յարաբերութիւններու կանոններուն համաձայն, դեսպանին նշանակումէն առաջ ընդունող կողմը կու տայ իր համաձայնութիւնը հաւատարմագիրներու յանձնումին համար:

Ազրպէյճան մերժած է Կէորկի Զույեւը դեսպան նշանակելու նախնական համաձայնութիւնը` անոր «վառ արտայայտուած հայամէտ դիրքորոշումին» պատճառով:

Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մէկ օր առաջ տուն կանչած է Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Տորոխինը:

Ազրպէյճանի մէջ իբրեւ Ռուսիոյ դեսպան Կէորկի Զույեւի թեկնածութիւնը արդէն հաստատուած էր Տումայի Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան հարցերով յանձնախումբին կողմէ: