Վարչապետ Կարապետեան.

“Պէտք Է ամփոփել 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք 3 մեծ իրադարձութիւններուն առնչուող առաջարկները”

14 de noviembre de 2017

Karen-KarapetianՆոյեմբեր 11-ին վարչապետ Կարէն Կարապետեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցական ժողով մը, որու ընթացքին քննարկուած են 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք կարեւորագոյն երեք իրադարձութիւններու, իմա՝ Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովի, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակի եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի նշումի նախապատրաստական աշխատանքները:

Արտաքին գործոց նախարար Էդ. Նալբանդեան մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի նախապատրաստութեան վերաբերեալ: Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան ներկայացուցած է մայրաքաղաքի հիմնադրման 2800-ամեակի շրջանակին մէջ նախատեսուող ձեռնարկները եւ նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքը:

Կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Վահէ Ստեփանեան ալ իր կարգին զեկուցած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակներուն նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերեալ:

Վարչապետը, ընդգծելով այս իրադարձութիւններու նշման կարեւորութիւնը, շեշտած է, որ անոնք պէտք է կազմակերպուին բարձր մակարդակով եւ յաւուր պատշաճի: “Իւրաքանչիւրն իր տեղում պէտք է հնարաւորինս ներգրաւուած լինի կազմակերպչական բոլոր գործընթացներում, եւ համապատասխան աշխատանքային խմբերը պէտք է կանոնաւոր, առարկայական եւ համակարգուած աշխատեն այդ ուղղութեամբ”, նշած է կառավարութեան ղեկավարը:

Վարչապետը յանձնարարած է մէկ շաբաթէն ամփոփել 3 իրադարձութիւններու վերաբերեալ առաջարկները, յստակացնել նախատեսուող ձեռնարկները եւ ներկայացնել շօշափելի ծրագրեր: