«Պոլիվիոյ պիտի յաջորդեն այլ երկիրներ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

04 de diciembre de 2014

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան վստահ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի շեմին մեծաթիւ երկիրներ կը ճանչնան 20-րդ դարու  առաջին մեծ ոճիրը:

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած ամէնէն վերջին երկիրը Հարաւային Ամերիկայի մէջ գտնուող Պոլիվիան է:

Աղուան Վարդանեան նշած է, որ Պոլիվիոյ կողմէ  Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը յոյս կը ներշնչէ, որ 100-ամեակի շեմին այլ երկիրներ եւս կը միանան: «Հարաւային Ամերիկայի մէջ  տարիներ շարունակ մեծ աշխատանք տարուած է այս ուղղութեամբ: Դուք գիտէք, որ առաջինը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է Ուրուկուէյ, այնուհետեւ Արժանթին: Հայ դատի գրասենեակները այնտեղ աշխուժօրէն կ՛աշխատին:

Bolivia-Aghvan VartanianԲայց Պոլիվիոյ ճանաչումը պէտք է կարեւոր նկատել առումով մը եւս, որ բաւական երկար ժամանակ մենք բաց ունէինք, հայ-թրքական արձանագրութիւններու լոյսին տակ բազմաթիւ երկիրներ այնպիսի տպաւորութիւն ունէին, որ երկխօսութիւն կայ, եւ ձեռնպահ կը մնային  ցեղասպանութիւնը ճանչնալէ: Բայց կարծես իրավիճակը կը յաղթահարուի եւ 100-ամեակի շեմին շատ կարեւոր է, որ երկիր մը եւս իր խորհրդարանի երկու պալատներով ճանչցած է ցեղասպանութիւնը», ընդգծած է Աղուան Վարդանեան: