Պոլսոյ մէջ գտնուող Յովհաննէս Հինդլեանի շիրիմէն ջահավառութիւն

13 de julio de 2018

hintlyan20 յուլիսին Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդէն մեկնարկը պիտի կատարուի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն` ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն շիրիմներէն բերուածհողերուն` հայրենի հողին միախառնումով եւ նոյն վայրերէն բոցավառած ջահերու միացումով`Ծիծեռնակաբերդիանմարկրակին։

ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներէն, Հայոց ցեղասպանութեան զոհ ըլլալով անշիրիմ մնացած ՇաւարշՔրիսեանի շիրիմին փոխարէն Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակացմատուռի վառեցան անոր նուիրուած ջահը, ինչպէս նաեւ հոնկէ առնուեցաւ ափ մը հողը, Փարիզիմէջնոյն արարողութիւնը կատարուեցաւմիութեանհիմնադիրանդամներէն, ՀՄԸՄ-իսկաուտապետԳրիգորՅակոբեանիշիրիմէն, իսկ երէկ`12 յուլիսիննմանօրինակարարողութիւն տեղի ունեցաւՊոլսոյմէջ`ՀՄԸՄ-ի  հիմնադիրերրորդութենէնՅովհաննէսՀինդլեանիշիրիմինշուրջ:

Այս առիթով Պոլիս ուղղուած էին ՀՄԸՄ-ի երկու ներկայացուցիչներ` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Վարչութեան ատենապետ, Հայաստանի «Երկիր մետիա»  պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Դաւիթ Յակոբեանը եւ նախկին տարազաւոր խմբապետ Գեղամ Մանուկեանը, որ «Երկիր մետիա»-ի քաղաքական հաղորդումներու եւ լուրերու տնօրէնն է։

Նախ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնը Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յուսիկ քհնյ. Հերկելեանի ձեռամբ, իսկ երգեցողութիւնը կատարուեց Էտվին սրկ. Կալիպօղլուի գլխաւորութեամբ։

Դաւիթ Յակոբեան եւ Գեղամ Մանուկեան ծաղիկներ զետեղեցին Յովհաննէս Հինդլեանի շիրիմին վրայ եւ յարգեցին անոր յիշատակը, ապա հոն վառած մոմերէն Գեղամ Մանուկեան վառեց յատուկ ջահը, որուն խորհրդանշական լոյսը պիտի տեղափոխուի Երեւան։