Պոլսոյ Մէջ Ցեղասպանութեան 100ամեակի միջոցառում

28 de marzo de 2015

0327bolis-genoԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին կապակցութեամբ, Պոլսոյ մէջ շարք մը յիշատակի միջոցառումներ տեղի կ՛ունենան: Անոնցմէ մէկն է ցեղապաշտութեան դէմ պայքարող թրքական «DurDe» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութիւնը՝ Մարտ 27ին, որուն կը մասնակցին հասարակական կազ-մակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մարդկային իրաւանց եւրոպացի գործիչներ:

Հաւաքին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ հայ մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ:
«DurDe»ի կայքին վրայ հրապարակուած տեղեկութեան մը համաձայն՝ ժողովին ներկայ պիտի գտնուին Եւրոպական հասարակական հակացեղապաշտական շարժումի (EGAM) նախագահ Պենիամին Ապթան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Եւրոպայի պատասխանատու Նիքոլա Դաւիթեան:
Ընթացքին պիտի քննարկուին Ցեղասպանութեան ճանաչման համար համատեղ պայքարի կազմակերպման կարելիութիւնները: