«Ռուսիա պիտի շարունակէ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման» Կ՛ըսէ Լաւրով

10 de diciembre de 2014

1205_Lavrov«Ինթըրֆաքս»-ի ազրպէյճանական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ եռեակը օրինակ կը նկատէ միջազգային միջնորդութեան համար:

«Համանախագահներու եռեակը Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման հարցին մէջ օրինակ է միջազգային միջնորդութեան համար», ըսած է Լաւրով` Պազըլի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին:
«Յոյս ունիմ, որ մօտիկ ապագային արդիւնքներ արձանագրուին», ըսած է ռուս նախարարը:

Ան նշած է, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ օգնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտող կողմերուն:

«Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծումը հին, բարդ հարց է, որուն նկատմամբ մօտեցումները տարբեր են: Մենք արդէն քանի մը տարիէ ի վեր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ կը զբաղինք այդ տեսակէտները մօտեցնելու ուղղութեամբ», ըսած է Լաւրով