Ռուստամեան հաստատեց որ Սարգսեան- Ծառուկեան հաշտութիւն եղած է

20 de febrero de 2015

rustamianՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին մանրամասնութիւններ պատմած է Գագիկ Ծառուկեան-Սերժ Սարգսեան հանդիպումին եւ հաշտութեան մասին: Ան հաստատած է, որ հաշտութիւն եղած է:

«Մենք ինչ որ ըսած ենք, հրապարակաւ ըսած ենք: Այս երկու-երեք օրերուն, իսկապէս մեր բոլոր ջանքերը, կարելիութիւնները դրած ենք, որ լուծում գտնուի եւ բոլորը բաւարարող պայմաններ ստեղծուին: Մեր տեղեկութիւններով, այդ հանդիպումը տեղի ունեցած է: Եղած է, որ այսպիսի շրջադարձային փոփոխութիւններ նկատելի են: Ինչ որ կը կատարուի այս ընթացքին, շատ ողջունելի է: Շատ ուրախ ենք, որ առողջ տրամաբանութիւնը յաղթանակած է: Ունինք այնպիսի վիճակ մը, որուն միջոցով լաւ նախադրեալներ ստեղծուած են, որպէսզի հետագայ քայլերը ուղղուին դէպի ժողովուրդին ունեցած խնդիրներու լուծում:

Եթէ կողմերը  այս տրամաբանութեամբ առաջնորդուին, մենք ամբողջութեամբ կ՛աջակցինք զարգացումներուն եւ մեր ամբողջ կարողութիւնը կը ներդնենք, որպէսզի կարենանք բարենպաստ նախադրեալները արժեւորել: Չենք կարծեր, թէ  այս քայլով խնդիրները լուծուեցան: Զոհերու եւ արիւնահեղութեան ճամբան պէտք է բացառուի մեր երկրին մէջ: Յօնքը շտկելու  փոխարէն աչքը չհանենք: Ասիկա ողջունելի է, կը մնայ, որ միւս քայլերը կատարենք: Յառաջիկային կը սպասուին լրջագոյն քննարկումներ: Ասիկա պէտք է բոլորին զգօնութեան համար լուրջ ահազանգ ըլլայ, յատկապէս իշխանութիւններուն: Պէտք է ըստ արժանւոյն գնահատուին այն յայտարարութիւնները, որոնք  կը կատարուին Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդին կողմէ: Ասիկա պէտք չէ դիտուի իբրեւ կողմերէն մէկուն համար յաղթանակ, միւսին համար պարտութիւն: Կա՛մ բոլորս կը յաղթենք, կա՛մ բոլորս կը պարտուինք: Բոլոր անոնք, որոնք կը սպասէին, որ երկու կողմերուն բախումէն ձեռքերը տաքցնեն, անոնք հիասթափ պիտի ըլլան, բախում պիտի չըլլայ», ընդգծած է Ռուստամեան:

Լրագրողները հարցուցած են, թէ եռեակի ուժե՞րը նկատի ունի, Արմէն Ռուստամեան պատասխանած է. «Անոնք, որոնք իւղ կը լեցնէին կրակին վրայ, որպէսզի ձեռքերը տաքնան, անոնք հիասթափ կ՛ըլլան: Ինչ ըսես կ՛ըսեն: Երկու օր անցած էր յայտարարութենէն, սկսած էին  ատելութեամբ լի սփռումներ կատարել: Ասիկա մեզ կը մտահոգէր, այս կիրքերուն բորբոքումը կ՛աւելցնէր արիւնահեղութեան կարելիութիւնը եւ զոհերու քանակը»:

Այն հարցումին, թէ ի՞նչ գիտէ, որ սառոյցը հալած է, ներկա՞յ եղած է հաշտեցման հոլովոյթին, Արմէն Ռուստամեան պատասխանած է, որ ի տարբերութիւն երկու կողմերուն, որոնք կամուրջները կ՛այրէին, Դաշնակցութիւնը պահպանած է այդ կամուրջները բոլոր կողմերուն հետ: Ռուստամեան մանրամասնութիւնները չուզեց  պատմել, այլ կարեւոր նկատեց արդիւնքը, հաշտեցման ուղղուած իրենց քայլերը: Ըստ անոր, էական չէ թէ յատկապէս ի՛նչ խօսած են եւ ի՛նչ հարցերու շուրջ պայմանաւորուած: Ռուստամեան ընդգծեց, որ կարեւորը այն է, որ իրավիճակի փոփոխութիւն տեղի ունեցած է, ասիկա ակնյայտ է: Ըստ անոր, մագլցումը կանգ առած է եւ նախադրեալներ ստեղծուած են շատ տրամաբանական, հանդարտ պայմաններու մէջ  խօսելու եւ խնդիրներու մասին լուծումներ առաջարկելու:

Հարցումին, թէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը հիմա Սահմանադրական փոփոխութիւններու ճամբո՞վ պիտի երթայ, Արմէն Ռուստամեան յստակ պատասխան չէ տուած. «Այս պայմաններուն մէջ շատ դիւրաւ  կարելի է դուրս գալ զգացական դաշտէն եւ նստիլ բանական կերպով քննարկել: Ո՞վ կը խանգարէ, որպէսզի աշխատինք ընդդիմութեան մասին օրէնքի վրայ, որ մեր 12 կէտերէն եղած է: Ես վստահ եմ, որ Գագիկ Ծառուկեան եւ Սերժ Սարգսեան այս երկիրը կը սիրեն»:

Հարցումին, թէ ինչո՞ւ այդ պարագային չեն հաստատեր, որ հաշտեցում եղած է, Արմէն Ռուստամեան պատասխանած է, որ ատիկա թերեւս Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան մարտավարական հարցերն են:
Յորդոր` Հայաստանի Առաջին Նախագահին

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական հռչակագիրին վերաբերեալ քննարկումներ սկսելու համար նախագահ Սերժ Սարգսեանին բաց նամակով դիմելէ առաջ պէտք չէ քննադատութեան ենթարկէր Համահայկական հռչակագիրը: Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին նման կարծիք յայտնեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: «Եթէ Լեւոն Տէր Պետրոսեան նման նամակով պէտք է դիմէր հանրապետութեան նախագահին, անկէ առաջ պէտք չէ քննադատութեան ենթարկէր հռչակագիրը: Հանդիպումին չեն երթար` նախապէս փաստաթուղթը խայտառակ որակելով: Չեն երթար հանդիպումին ըսելու բաներ, որոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ», նշեց Ռուստամեան:

Անդրադառնալով Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ Համահայկական հռչակագիրի քննադատութեան` Ռուստամեան յիշեցուց, որ Տէր Պետրոսեանին համար անհասկնալի է հռչակագիրին մէջ տեղ գտած ձեւակերպումը պատմական արդարութեան մասին: «Եւ ան մատնացոյց կ՛ընէ մեր Անկախութեան հռչակագիրը: Անով ինք կը փաստէ, որ ինք դէմ է Անկախութեան հռչակագիրին: Անկախութեան հռչակագիրը կարդացէ՛ք եւ այնտեղ կը գտնէք պատմական արդարութիւն ձեւակերպումը: Ինչպէ՞ս կարելի է ըսել, թէ այս Համահայկական հռչակագիրը չի համապատասխաներ Անկախութեան հռչակագիրին եւ խօսիլ այն մասին, որ պատմական արդարութիւն ձեւակերպումը սխալ է, երբ Անկախութեան հռչակագիրին մէջ այդ ձեւակերպումը կայ: Այդպիսի մարդու մը համար նման բաներ ըսելը լուրջ չէ: Ես գիտեմ, որ ան խելացի քաղաքական գործիչ է, սակայն ես միշտ ըսած եմ, որ ան կրնայ 10 հաստատում ընել, որոնցմէ 8-ն շատ ճիշդ կ՛ըլլան, իսկ մնացած երկուքը այնպէս պահուած կ՛ըլլան այդ 10-ին մէջ, որ ամբողջութեամբ կ՛աղաւաղեն այն իմաստն ու նպատակը, որուն համար այդ ձեւակերպումները բերուած են: Հիմա ասիկա այդ դէպքերէն մէկն է», ընդգծեց ան:

Անդրադառնալով առաջին նախագահի այն դիտարկումին, թէ Համահայկական հռչակագիրին մէջ կարելի չէ խօսիլ համազգային միասնականութեան մասին` Ռուստամեան յիշեցուց, որ նոյն Անկախութեան հռչակագիրին մէջ կը խօսուի համազգային իղձերու, երազանքներու մասին: «Տէր Պետրոսեան կը պնդէ, որ Համահայկական հռչակագիրը պէտք է դրուէր հանրաքուէի, որմէ ետք միայն կարելի կ՛ըլլար ըսել, թէ անիկա կ՛արտայայտէ ամբողջ հայ ժողովուրդին կամքը: Ի՞նչ է, Անկախութեան հռչակագիրը հանրաքուէի՞ դրուած է: Ոչ, սակայն այնտեղ կը խօսուի հայ ժողովուրդի միասնական կամքին մասին», ըսաւ Ռուստամեան:

Ան ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը կարելիութիւն է Հայ դատի գործընթացի շարունակութեան ճիշդ ուղղութիւնը հասկնալու համար: «Ասիկա կարելիութիւն է, որ մենք հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ընենք, որ աշխարհն ալ մեզի ճիշդ հասկնայ, ճիշդ ընկալէ: Այս բաժինով ես համաձայն եմ: Սակայն պէտք չէ հրաժարիլ քու կենսական իրաւունքներէդ: Մենք կ՛ըսենք, որ մեր ազգը անանցանելի իրաւունքներ ունի, իսկ այդ իրաւունքներուն պաշտպանը պէտք է դառնայ հայ ժողովուրդը, որուն յենարանն է անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը», նշեց Ռուստամեան:

Ան Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահին յորդորեց նստիլ եւ մէկ անգամ ուշադրութեամբ կարդալ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը:

Պատգամաւորը նաեւ տեղեկացուց, որ ՀՅԴ-ն անմիջականօրէն մասնակցած է Համահայկական հռչակագիրի մշակման` ընդգծելով, որ Լեւոն Տէր  Պետրոսեանի քննադատութիւնը ուղղուած էր նաեւ ՀՅԴ-ին: