Ռուստամեան. “Պէտք է կիրարկել ոչ թէ ‘ցեղասպան գործողութիւններ’, այլ ‘Ցեղասպանութիւն’ եզրը

13 de enero de 2018

Armen_RusdamianԱզգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբին մէջ կը քննարկուի ահաբեկչական խմբաւորումներու  կողմէ վերահսկուող` Իրաքի Հանրապետութեան տարածքներուն մէջ  եզիտի ժողովուրդին նկատմամբ ցեղասպան գործողութիւններու  դատապարտման մասին նախագիծը:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանին անհանգստացուցած էր նախագիծին անուանումը: «Որքանո՞վ  նպատակայարմար է, որ կը կիրարկենք «ցեղասպան գործողութիւններ» եզրոյթը: Ասիկա տպաւորութիւն կը ստեղծէ, որ ատիկա ոչ թէ ցեղասպանութիւն է, այլ ցեղասպանութեան տարրեր պարունակող գործողութիւններ», ըսաւ ան: 

Պատգամաւորը ընդգծեց, որ եթէ կ՛ուզենք դատապարտել ցեղասպանութիւնը` իր ամբողջութեամբ, ճիշդ պիտի ըլլայ կիրարկել «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը եւ ըսել, որ եզիտի ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը կը դատապարտենք:

«Կը հասկնամ` այս եզրոյթը անգլերէնէ «ճենոսայթ էքթ»-ի թարգմանութիւնն է, բայց ճիշդ չի հնչեր, պէտք է կիրարկենք «ցեղասպանութիւն» եզրը», շեշտեց Ռուստամեան:

Հարցով հիմնական զեկուցող` հանրապետական պատգամաւոր Ռուստամ Մախմուտեան նշեց, որ կը կիսէ Ռուստամեանի կարծիքը: «Սակայն «ցեղասպան գործողութիւն» եւ «ցեղասպանութիւն» եզրերը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն նոյն բանն են: Իմ պատկերացումով ալ` այդ եզրերուն միջեւ տարբերութիւն չկայ», ըսաւ ան:

Յանձնախումբի նախագահ Արմէն Աշոտեանն ալ նշեց, որ կը հասկնայ  Ռուստամեանի դիտարկումը: «Խնդիրը հետեւեալն է` «ցեղասպանութիւն» եզրը կարելի է օգտագործել այն պարագային, երբ անիկա կատարուած է պետութեան կողմէ, իսկ այս պարագային պետութիւն չէ, այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ կատարուած, իսկ «ցեղասպանութիւն» եզրը կիրարկելը աւելի յստակ կ՛ըլլայ, եթէ կը կատարուի պետութեան կողմէ: «Ցեղասպան գործողութիւն» արտայայտութիւնը գիտական եզր է, հիմա մենք կը ճանչնանք ցեղասպան գործողութիւնը, իսկ ցեղասպան գործողութիւններէն իւրաքանչիւրը ցեղասպանութիւն է, այսինքն` ցեղասպան գործողութիւնը ճանչնալով` կը ճանչնանք ցեղասպանութիւնը», ըսաւ ան: