Ասպետ Մանճիկեան

Ռուս-թրքական պատերազմը: Ալաշկերտի կոտորածը եւ հայգոյժ

28 de marzo de 2019

Ռուսական եւ օսմանեան բանակներուն միջեւ արիւնահեղ գօտեմարտերը սաստկացած էին: Կովկասեան ճակատին վրայ ռուսական բանակին յարձակողականը 1877-ի մայիսին կասեցուեցաւ, եւ այնուհետեւ սկսաւ օսմանեան բանակի հակայարձակումը:

Պայազիտի բերդը, որ օսմանցիներէն գրաւելէն ետք ռուսեր զինուորական յենակէտի վերածած էին, եւ ուր կարեւոր ուժ կեդրոնացուցած էին, պաշարուեցաւ օսմանեան բանակին եւ քիւրտ պաշըպոզուքներու կողմէ:

Յարձակման անցած օսմանեան բանակներն ու քիւրտ պաշըպոզուքները անխնայ սկսան կոտորել Բագրեւանդ գաւառի` Ալաշկերտի հովիտի հայութիւնը եւ քանդել ու հրդեհել հայկական գիւղերը: Տասնեակ հազարաւորներ զոհ գացին ջարդերուն: Բազմաթիւ հայ կիներ ու աղջիկներ առեւանգուեցան եւ բռնաբարուեցան: Շէյխ Ճալալէտտինի հրոսակախումբերը մահ ու աւեր կը սփռէին Ալաշկերտէն մինչեւ Վան ու Աղբակ:

Ջարդերէն ճողոպրած շուրջ երեք հազար ալաշկերտցիներ փախան եւ ռուսական գօտին անցնելով Սուրմալուի եւ Վաղարշապատի շրջանի հայկական գիւղերուն մէջ ասպնջականութիւն գտան:

Ջարդերն ու աւարառութիւնները լայն ծաւալ ստացան: Ժամանակ մը ետք թուրք ու քիւրտ աւազակախումբեր յարձակման անցան նաեւ ռուսական գօտիէն ներս` Սուրմալուի հայկական գիւղերուն դէմ: Սուրմալուցիք եւ ալաշկերտցիք խուճապահար անցան Արաքսը եւ Վաղարշապատի գիւղերուն մէջ ապաստան գտան:

* * *

Օսմանեան խորհրդարանի հայ երեսփոխաններէն Սեպուհ Մաքսուտեան պատերազմին սկիզբը յայտարարած էր, որ «Քրիստոնեաները պատրաստ եւ հայրենիքը պաշտպանելու ինչքով, կեանքով եւ զէնքով»: Իսկ Էրզրումէն երեսփոխան Համազասպ Պալլարեան ըսած էր. «Ես ու բոլոր հայրենակիցներս հայրենիքին պաշտպանութեան համար պատրաստ ենք»:

Համազասպ Պալլարեան 1877 յունիսին, խորհրդարանի մէկ նիստին խօսեցաւ հայոց դէմ գործադրուող չարագործութիւններու մասին:

«Մասիս»-ի 19 յունիս 1877-ի թիւին մէջ Պալլարեան կը գրէր. «Երբ կը հարցնէ կուսակալներուն, թէ ինչո՞ւ քիւրտերը չեն պատժուիր, որոյ համար երկու վաշտ զօրք բաւական է, եւ այսպէս անպատիժ թոյլ կը տրուի, որ շարունակեն իրենց չարագործութիւնները, ինծի կը պատասխանէին, թէ այս գործին մէջ հիքմէթ հիւքիւմէթ (պետական գաղտնիք) կայ: Վերջէն խելամուտ եղայ, թէ ինչ է եղեր այս պետական գաղտնիք ըսածնին. այդ հիքմէթը սա է եղեր, թէ կառավարութիւնն անոր համար այդ վիճակին մէջ կը պահէ եղեր քիւրտերը,որ եթէ հայերը Հայաստանի մէջ ապստամբական շարժում մ՛ընեն, քիւրտերը զանոնք զսպեն, եւ մէկ մ՛ալ, որ քիւրտերը, երբ պատերազմ բացուի Ռուսիոյ դէմ, օսմանեան բանակին իբրեւ կամաւոր զօրք օգնութիւն պիտի ընեն եղեր»:

* * *

Խրիմեան Հայրիկ, Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակի իր անշուք խուցին մէջ առանձնացած, կը հետեւէր դէպքերու հոլովոյթին եւ խորապէս կը յուզուէր: Գաւառներէն օրը օրին ողբերգական լուրեր կը հասնէին Պոլիս:

Հայրիկ վերցուց գրիչը եւ գրեց. «Հայգոյժ. աշխարանք հայոց աշխարհին»-ը, ուր կ՛ըսէր.

«Ողբա՛մ զքեզ, հայոց աշխարհ, զի քո կեանք ողբերգութիւն է. ամեն դար եւ ժամանակ երբ աղէտներ զքեզ պատեցին, դու միշտ աղէտներուդ հետ մի ողբերգու ծնար:

«… Մարախի ու թրթուռի նման թափեցան, հայոց գիւղեր եւ դաշտեր ծածկեցին, մի խուն ժամանակի մէջ ամեն կանանչութիւն կերան ու չորցուցին, այն շէն գեղեր եւ աւաններ անապատ դարձուցին:

«… Ողբամ զքեզ, մանո՛ւկ մայրակորոյս – կ՛ասեն թէ քո մայր մինչ ՛ի փախուստ կը խուճապէր, մոռցաւ մայրական սրտի գորով, ձգեց թողուց զքեզ մի վարած արտի ակօսին մէջ, թերեւս հաւատաց Քրիստոսի խօսքին եւ ասաց թէ մանկիկս իբրեւ ցորենահատիկ մի ցանեմ հայրենի հողին մէջ, թող մեռնի, որ բեղմնաւորի հատիկս բազմապատիկ ատոք ցորենով: Եւ ի՞նչ է այդ.- հայոց աշխարհի ազատութիւն:

«Ողբա՛մ զքեզ, հայո՛ց մայրեր, որ կորուսիք ձեր լծակից ամուսիններ եւ սիրական զաւակներ. թէ մեռաք` երանի՜ ձեզ. թէ ողջ մնացեր էք` եղո՜ւկ ձեզ:

«… Բագրեւանդայ փոքրիկ հօտին փոքրի՛կ հովիւներ, ո՛վ քահանայք, թէ ողջ մնացեր էք` առէ՛ք ժամհարներ հետ ձեզ. գնացէք շրջեցէք քաղաքի փողոցներ, տներ եւ տան մութ խորշեր որոնեցէ՛ք. շրջեցէք նաեւ գեղերու եւ դաշտերու մէջ, ժողովեցէ՛ք ուր եւ գտնէք հայոց անթաղ մեռելներ. զի մեռելներուն տէրերը թողին ու փախան` զաւակներ թողուցին, զաւակները փախան` ծնողք թողուցին. նոյնպէս անբաժան սիրելի ամուսիններ սէրը մոռցան, զիրար թողուցին ու փախան:

«Այլ գիտե՜մ ես, գիտե՜մ, ո՛վ հայոց անթաղ դիակներ, ձեզ համար ոչ քահանայ կայ, ոչ ժամհար, ոչ յուղարկաւոր, ոչ սիրելի, ոչ բարեկամ. սարսուռ եւ արհաւիրք ամէնուրեք տիրեր է, ո՞վ կը համարձակի կատարել ձեր թաղման հանդէսը, ո՜հ, ո՜հ, հայոց որդիքներ, հող ու դաշտ շատ ունէիք, գետնի երես դուք անհող, անծածկոյթ մնացիք, երկնից թռչուններ եւ երկրի շուներ ժողովեցան` կերան ձեր մարմին, կրծեցին ձեր ոսկորներ, մինչ ողջ էիք` բռնութիւն զձեզ կեղեքեց ու քերթեց. եւ մեռնելէն յետոյ` թերեւս ասացիք թէ ազատուեցանք տառապանքէն, հանգչինք հողին մէջ. ո՛չ, ո՛չ, հանգստեան հող չտուին ձեզ. զի նոյն անողոք բռնութիւն` ձեր անշունչ դիակներ եւս հարստահարեց:

«… Մի՛ վհատիր, ժողովուրդ, այս աշխարհ եւ աշխարհիս գահեր` ամեն գայթակղութիւն եւ որոգայթներ ունին, խեղճ եւ ստրուկ ժողովուրդներ բռնաբարուած են եւ կը գոչեն ազատութի՜ւն, ազատութի՜ւն: Այլ ոչինչ ճար չունին, դորա միակ ազատութեան ճար` լոյս եւ կրթութիւն է. դու զայն երբ ՛ի ձեռս երես,- այն օր է միայն քո ազատութեան տօնահանդէս:

«Յո՜ւշ, յո՜ւշ, ո՛վ կոտորուած գառներ, ո՛վ հայոց ողջ ու մնացորդ որդիքներ. դեռ պիտի կոտորուիք, դեռ պիտի մորթուիք այդ չքոտի քիւրդերէն, քանի որ անզէն, անեղջիւր, անասպար կ՛ապրիք. դուք մարդ էք, ձեռք եւ բազուկ ունիք. միթէ անզգացած մեռե՞ր է ձեր սրտմութեան ոգին. միթէ կը հաւատա՞յք որ իշխանութեան աչքը հասնի մինչեւ հայոց ամայի լեռներ ու դաշտեր եւ ձեզ պահապան լինի:

«… Դու կը տեսնաս, երբ գահեր կռիւ ուզեն` Արեւելեան խնդիր կը յուզեն` եւ երբ աշխարհակալել կամին` դարձեալ Արեւելեան խնդիր կը հանեն: Մինչեւ յե՞րբ գահեր թողուն մարդկութեան վայելուչ խօսք, խորհուրդ եւ ուխտ, սրով եւ արիւնով խօսին. մինչեւ յե՞րբ զօրաւորներ կռուին` տկար եւ անզօր ազգեր ոտքի տակ ճմլուին, պատերազմի արշաւանքներու առաջ խեղճ ժողովուրդ աշխարհաքանդ ու տնաքանդ լինի:

«Տէ՜ր դու գիտէիր կանխաւ, որ աշխարհ եւ գահերն զմեզ կը չարչարեն. այլ քո ճշմարիտ հաւատացեալներ պէտք է յամենայն ժամ այս խնդրեն. եկեսցէ արքայութիւն քո, որ է ճշմարիտ խաղաղութիւն, սէր եւ հաւասար եղբայրսիրութիւն, եւ քո բարի կամքն այն է որ մարդիկ այս պայմանով ապրին աշխարհիս վերայ»:

«Հայգոյժ. աշխարանք հայոց աշխարհին. գրեց եւ աշխարհագուժեց Խրիմեան Հայրիկ: Տուաւ ի մամուլ մտերիմ հարենակիցն մեր պարոն Համբարձում Աճէմեան», 32 էջ, լոյս տեսաւ 1877¬ին, Պոլիս, Եղիա Տնտեսեանի տպարանէն:

Թորգոմ եպիսկոպոս Գուշակեան կ՛ըսէ. «Մեծ ճշմարտութիւններն անոնք են, որոնք ամէն ժամանակի ու սերունդի համար կը պահեն իրենց իմաստը: Խրիմեանի «Հայգոյժ»¬ը կարելի է կարդալ եւ ամէն տողին մէջ վերլուծել այսօրուան մեր ազգին կեանքը»:

* * *

Ռուսեր Պալքանեան ռազմաճակատին վրայ նորանոր ուժեր կեդրոնացուցին: Օսմանցիք իրենց գլխաւոր ուժերը Սեւ Ծովու ափերուն կեդրոնացուցած էին, այն մտածումով, որ ռուսեր Դանուբը չեն անցնիր եւ ծովու կարճ ճամբէն յարձակման կ՛անցնին:

1877 յունիս 15-16 (27-28)¬ի գիշերը ռուսեր շարժական կամուրջ կառուցեցին Դանուբի վրայ եւ կարճ ճակատամարտէ մը ետք անցան միւս ափը ու ետ մղեցին Սվիթշովի շրջանը պաշտպանող օսմանեան ուժերը:

Ռուսական բանակը երեք թեւերով սկսաւ յառաջանալ. դէպի արեւելք` Ռուսչուկ, դէպի արեւմուտք` Փլեւնա եւ դէպի հարաւ` Թարնովօ: Յունիս 25 (յուլիս 7)¬ին ռուսեր գրաւեցին Թարնովոն, յուլիս 2 (14)¬ին անցան Հայնքոյի լեռնանցքը եւ հասան Շիփքայի լեռնանցքը:

Օսմանեան բանակի հրամանատարութիւնը Օսման Նուրի փաշային հրամայեց շարժել դէպի Վիտին եւ ամրանալ Նիքոփոլ ամրոցին մէջ: Ճանապարհին Օսման Նուրի իմացաւ, որ ռուսեր արդէն գրաւած են Նիքոփոլը, եւ շարժեցաւ դէպի Փլեւնա, ուր հասաւ յուլիս 19¬ին: Յաջորդ օր ռուսեր հասան Փլեւնա եւ պաշարեցին քաղաքը: Սկսան բուռն գօտեմարտեր:

* * *

Կովկասեան ճակատին վրայ, Պայազիտի բերդին մէջ 23 օր պաշարուած մնացած ռուսական զօրքը սովէն ու ծարաւէն փրկուեցաւ Սամսոն Տէր Պօղոսեանի (Րաֆֆի «Խենթը») շնորհիւ, որ լուր հասցուց զօրավար Արշակ Տէր Ղուկասովին:

Ռուսական բանակը 1877 յուլիսի վերջաւորութեան եւ օգոստոսի սկիզբը յարձակման անցաւ Կովկասեան ճակատի երկայնքին: Բանակի տարբեր ջոկատներու մէջ կային հազարաւոր հայ զինուորներ եւ սպաներ: Հայ հետախոյզներ, ուղեկիցներ, վալատներ եւ նամակատարներ ամէն տեսակի տեղեկութիւններ կը փոխանցէին, ճամբաներ ցոյց կու տային եւ ծառայութիւններ կը մատուցէին:

* * *

Դէպքերը ուժգին թափով կը թաւալէին: Ռուսական բանակի յաջողութիւնները աւելի ու աւելի կ՛ոգեւորէին հայութիւնը: Ռուսական զէնքի յաղթանակը օրէ օր աւելի հաւանական կը  նկատուէր: Բովանդակ հայութեան աչքը յառած էր դէպի «հիւսիսի արծիւը», որ յայտարարած էր թէ Թուրքիոյ քրիստոնեաներուն ազատագրութիւնն էր իր զէնքին սահմանը:

Խրիմեան Հայրիկ իր ողբերով կը պատկերէր հայկական սարսափները եւ սիրտ կու  տար տատանողներուն, որպէսզի վերջ տան մտավախութիւններուն: Պէտք էր յստակ ծրագիրներ ունենալ եւ պատրաստ ըլլալ, չփախցնելու համար պատեհ առիթը:

Գէորգ Դ. ամենայն հայոց կաթողիկոս բացարձակապէս դէմ էր որեւէ պաշտօնական միջամտութեան, Թուրքիոյ հայութիւնը չվտանգելու մտածումով:

* * *

Սուլթան Համիտ 10 օգոստոս 1877¬ին Եըլտըզ պալատին մէջ յատուկ ընդունելութիւն շնորհեց  Ներսէս պատրիարք Վարժապետեանի, իր կողքին բազմեցուց զայն եւ ըսաւ.

– Ես, որ մրջիւնի մը վրայ կոխել կը խղճամ, այսչափ արիւնահեղութիւններ տեսնելուս յոյժ կը ցաւիմ, բայց Աստուած գիտէ, որ այս պատերազմին համար ես չեմ պատասխանատուն:

Պատրիարքը յարգանքի եւ մեծարանքի խօսքերով համարձակեցաւ յիշեցնել սուլթանին` հայոց մատուցած ծառայութիւնները եւ ըրած զոհողութիւնները այս պատերազմի միջոցին, մաղթելով, որ շուտով վերջ գտնեն այս արիւնի օրերը, որպէսզի կարելի ըլլայ գահակալութեան օրը փառաւոր խաթթով խոստացած բարեկարգութիւնները ի գործ դնել, վաճառականական եւ երկրագործական դպրոցներ հաստատելով:

Սուլթան Համիտ պատրիարքի խօսքերը ձեռնամած եւ խիստ ազնիւ վարմունքով ջերմեռանդութեամբ մտիկ ըրաւ եւ քանիցս «շնորհակալ եմ» ըսելէ ետք ոտքի ելաւ եւ իր ձեռքով Ներսէս սրբազանի կուրծքէն կախեց Առաջին աստիճանի Օսմանիէ շքանշանը «յանուն եւ ի դէմս իր սիրելի հայոց ազգին, յորոց յոյժ շնորհակալ էր»:

Պոլսահայ թերթերը խանդավառ յօդուածներ գրեցին պատրիարքի եւ սուլթանի տեսակցութեան  եւ խօսակցութեան մասին:

Ազգային երեսփոխաններ շնորհաւորեցին ազգին պետը` ձեռք բերուած շնորհին եւ յաջողութեան համար:

Սուլթանի եւ պատրիարքի տեսակցութեան յաջորդ օրը Խրիմեան Հայրիկ պատրիարքարան այցելեց եւ ազգային դէմքերու ներկայութեան հարցուց պատրիարքին.

¬ Սուլթանը ի՞նչ միջոցներու դիմած է, որ հայոց կոտորածները չկրկնուին:

Ներսէս պատրիարք կարկամեցաւ եւ սկսաւ դողալ` առանց պատասխան տալու այդ ահաւոր հարցումին: