Սերժ եւ Անժելա Թանքեանները աջակցած են Հայաստանի 200 անապահով ընտանիքներու

13 de febrero de 2019

Tankian_wifeԱշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ Սերժ Թանքեանը եւ իր կինը` Անժելան օգնած են Հայաստանի զանազան բնակավայրերու մէջ ապրող աւելի քան 200 անապահով ընտանիքներու: «Սերժ եւ Անժելա Թանքեանները «Օրրան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան գլխաւորութեամբ եւ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» հիմնարկի, «Կանանց ռեսուրսային կեդրոն» եւ «Բարի մամա» հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ կ՛իրականացնեն բարեգործական ծրագիրներ` ուղղուած Հայաստանի մէջ աղքատութեան յաղթահարման:

Բարեգործութիւնը իրականացուեցաւ 2018-2019 ձմրան, որուն ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի, Լոռիի, Շիրակի, Արագածոտնի, Արմաւիրի, Արարատի, Վայոց Ձորի, Սիւնիքի, Կոտայքի մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` Երեւանի, աւելի քան 200 անապահով ընտանիքներ ներառուեցան սննդամթերքով ապահովման եռամսեայ ծրագիրին մէջ:

Թանքեան ընտանիքը տարիներ շարունակ եղած է կողքին այն հայ ընտանիքներուն, որոնք տարբեր պատճառներով յայտնուած են դժուար իրավիճակի մէջ, անգնահատելի եւ երախտագիտութեան արժանի աջակցութիւն ցուցաբերելով անոնց»: