Սեւան Նշանեան` Էրտողանեան բանտէն եւ Թուրքիայէն դուրս

17 de julio de 2017

sevanԹրքական տարբեր աղբիւրներու համաձայն, պոլսահայ այլախոհ մտաւորական Սեւան Նշանեան խոյս տուած է թրքական բանտէն:

Արդարեւ, ան 14 յուլիսի առաւօտեան, բանտի ղեկավարութեան արտօնութեամբ, հերթական անգամ ըլլալով դուրս եկած է բանտէն` վերադառնալու պայմանով, որովհետեւ իբրեւ ոչ վտանգաւոր բանտարկեալ` Նշանեան ենթակայ էր «բանտային բաց դրութեան», հետեւաբար` հերթականօրէն կրնար նման «արձակուրդներ» վայելել:

Սակայն, այս անգամ, Նշանեան որոշուած ժամուն չէ վերադարձած Ֆոճայի բանտ, իսկ աւելի ուշ «Թուիթըր»-ի եւ «Ֆէյսպուք»-ի իր էջերուն վրայ գրած է. «Թռչունը թռաւ: Տարոսը մնացեալ 80 միլիոնին», ակնարկելով Թուրքիոյ բնակչութեան:

Աւելի ուշ, Նշանեան «Հապերթիւրք» լրատու գործակալութեան հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով հաստատած է, որ ինք երկրէն հեռացած է` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու:

Այս մասին թուրք այլախոհ պատմաբան Թաներ Աքչամ գրած է. «Սեւան Նշանեանը փախուստի դիմած է` ըսելով. «թռչունը թռաւ», բոլոր թռչուններուն համար ազատ աշխարհի մը ակնկալիքով…»:

Նշենք, որ Նշանեան 2014-ին 17 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր` անհիմն ամբաստանութիւններով: