ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»Ի

Սեւրի Դաշնագիրին հետքերով

10 de agosto de 2018

Firma-Tratado-de-sevresՍեւրի դաշնագիրի 98ամեակը պահ մը մտածել կու տայ, թէ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ ինչպիսի՞ լծակներու օգտագործումով՝ Հայաստան կրնայ իր քաղաքական օրակարգը ներդաշնակ դարձնել գերպետութիւններու այն շահերուն, որոնց իրականացումով կարելի կը դառնայ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ ու հողային հարցերը վերստին արծարծել:

Վերջին տարիներու աշխարհաքաղաքական զարգացումները շարք մը ըմբռնումներ շրջեցին:

Վերլուծաբաններ բազմիցս խօսեցան Միջին Արեւելքի աշխարհագրական փոփոխութիւններու, քարտէզագրական նոր արշաւի մը մասին, օրինակ, ու այնքան վստահութեամբ խօսեցան, որ կը թուէր, թէ տարիներու հարց է պարզապէս Միջին Արեւելքի մասնատումը, քարտէսներու փոփոխութիւնը:

Աշխարհաքաղաքական շահերը, ժողովուրդներուն ու մանաւանդ անոնց պաշտպանութեան համակարգերուն հակադարձութիւնը, սակայն, ցոյց տուին, որ այնքան ալ պարզ չէ քաղաքական օրակարգ պարտադրել, քարտէսներ վերաձեւաւորել, եթէ տուեալ երկիրներու ժողովուրդներն ու յատկապէս պետութիւնները ուժեղ են ներքնապէս, ունին պայքարելու կամք, դիւանագիտական ճկունութիւն եւ արտաքին ու ներքին քաղաքականութիւն վարելու հմտութիւն:

Այս մտորումները հարցադրումներու դուռ կը բանան մեր միտքին մէջ… Հարաւային կովկասի բարդ տարածաշրջանին մէջ իր գոյութիւնը շարունակող հայոց պետութիւնը, ուրեմն, ինչպիսի՞ տուեալներու կարիք ունի ազդեցիկ կշիռ ունենալու միջազգային հարթակներու վրայ, քաղաքական ոլորտներու մէջ, գէթ պատեհ առիթներուն ուժեղ ազդեցութիւն բանեցնելու ու Սեւրի դաշնագիրը, ներազգային շրջանակներուն կողքին, գերպետութիւններու լուսարձակին ալ տակ պահելու եւ քաղաքական փոփոխական իրավիճակներէն օգտուելով փուլ առ փուլ ձեռքբերումներ արձանագրելու:

Պահանջատէրի մեր կեցուածքը ուժե՞ղ է այդքան, որ կարենանք Սեւրի օրակարգին մասին մտածել: Իրապաշտ ըլլանք պահ մը ու նախ եղածը ամրագրենք, զօրացնենք, պահպանենք, որպէսզի կարելի ըլլայ յառաջ ընթանալ ու նուաճումներ արձանագրել միջազգային բեմերու վրայ եւս:

Միթէ՞ փոքր պետութիւններ դատապարտուած կրնան մնալ իրենց պատմական իրաւունքներուն չտիրանալու, թէ ոչ բռնակալներուն պարտադրած քարտէսները Քրիստափորներու յանդգնութեամբ պատռելու նախնական քայլերն են անհրաժեշտ:

Իսկ ի՞նչ կրնան ըլլալ այդ քայլերը, եթէ ոչ՝ Հայաստանի ու Արցախի ուժեղացումը նախ եւ առաջ: Պետական ամրակուռ համակարգն ու հայ քաղաքական միտքին համարձակ թռիչքը:

Անմիջական խանդավառութենէ անդին, անհրաժեշտ է զօրանալ ներքնապէս, ունենալ պետական, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ամուր համակարգ:

Սեւրի դաշնագիրով, այո, գերպետութիւնները ընդունեցին Հայաստան աշխարհի քաղաքական եւ իրաւական գոյութիւնն ու հայութեան հողային իրաւունքի անժամանցելիութիւնը: Դաշնագիրները, սակայն, ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնան ունենալ, եթէ անոնց ետին կանգնած չըլլան ներքնապէս հզօր պետութիւններ:

Այս առումով, մեր երկիրը յուսալի անկիւնադարձի մը սեմին է: Հայաստան այսօր աւելի ուժեղ երկիր դառնալու, փտածութեան, կաշառակերութեան, մենաշնորհեալներու քաղաքականութեան վերջ տալու ու նոր եւ արդար կառավարման համակարգը կեանքի կոչելու սեմին է:

Ուստի, այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է զերծ մնալ անվստահութեան մթնոլորտ ստեղծող ներքին տարակարծութիւններէ, զիրար չհանդուրժելու յոռի երեւոյթներէ, նպաստել ժողովրդային շարժման յաջողութեան եւ անյապաղ լծուիլ պետութեան հզօրացման աշխատանքին:

Այլապէս ի՞նչ իմաստ պիտի ունենան համահայկական մեր իրաւունքներու ձեռքբերման ուղղուած աշխատանքները, եթէ ներքնապէս չկարենանք հզօրանալ ու մեր կարելիութիւնները ազգովին ի սպաս չդնենք մեր հաւաքական շահերուն, փոքր նուաճումներով մեծ նուաճումներու ուղղուելու՝ Սեւրի իրականացման ճամբուն վրայ ոստումներ արձանագրելու համար:

Այլապէս՝ տարտղնուած Սփիւռք, գաղթի ու փտածութեան յոռի երեւոյթներ, անհանդուրժողութիւն եւ մասամբ նորին առաւել պիտի դժուարացնեն մեր գերագոյն