Սթրովոլոսի Քաղաքապետը զօրավիգ է Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին

08 de octubre de 2019

ՀՅԴ Կիպրո­սի Հայ դա­տի յանձնա­խումբին եւ ՀՅԴ Եւրո­պա­յի Հայ դա­տի գրա­սե­նեա­կին նա­խա­ձեռնութեամբ Արցախ գտնուող Կիպրո­սի Սթրո­վո­լոս քա­ղա­քը ներկա­յացնող պա­տուի­րա­կութիւնը 26 սեպտեմբե­րին այցե­լած է ՀՅԴ Ստե­փա­նա­կերտի «Նի­կոլ Դուման» կեդրոն: Սթրո­վո­լո­սի քա­ղա­քա­պետ Անտրէաս Փա­փա­խա­րա­լամփուս ՀՅԴ Արցա­խի Կեդրո­նա­կան կո­մի­տէի անդամնե­րուն հետ քննարկած է Արցա­խի եւ Կիպրո­սի քա­ղա­քա­կան դաշտե­րուն վե­րա­բե­րող շարք մը հարցեր:
Քա­ղա­քա­պե­տին խնդրանքով ՀՅԴ Արցա­խի Կեդրո­նա­կան կո­մի­տէի անդամնե­րը ներկա­յա­ցուցած են ՀՅԴ Արցա­խի կա­ռոյցի քա­ղա­քա­կան ա­ռաջնա­հերթութիւննե­րը եւ յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիրնե­րը:
Անտրէաս Փա­փա­խա­րա­լամփուս խօ­սած է Արցա­խէն ստա­ցած տպաւո­րութիւննե­րուն մա­սին եւ նշած, թէ ծա­նօթ է Արցա­խի պատմութեան, սա­կայն այցե­լութիւնը աւե­լի ամրապնդած է իր գի­տե­լիքնե­րը:
Հանդի­պումին ներկայ գտնուած են նաեւ ՀՅԴ Եւրո­պա­յի Հայ դա­տի գրա­սե­նեա­կի նա­խա­գահ Գասպար Կա­րա­պե­տեան եւ ՀՅԴ Կիպրո­սի կո­մի­տէի անդամ Րաֆֆի Մահտե­սեան:
Կա­րա­պե­տեան մեր պաշտօ­նա­կից «Ա­պա­ռաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ հիւրե­րը հանդի­պած են Ստե­փա­նա­կերտի քա­ղա­քա­պե­տին հետ, կարծիքներ փո­խա­նա­կած են կրթութեան եւ մշա­կոյթի բնա­գաւա­ռին մէջ ա­պա­գայ հա­մա­գործակցութեան վե­րա­բե­րեալ: «Կիպրո­սէն ա­ռա­ջին անգամ է, որ այդպի­սի պա­տուի­րա­կութիւն մը կ՛այցե­լէ Արցախ: Հա­մա­գործակցութիւնը Արցա­խին կա­րե­լիութիւն պի­տի տայ դէ­պի դուրս նոր ճամբայ ունե­նալ, մշա­կութա­յին եւ կրթա­կան ո­լորտին մէջ փորձա­ռութեան փո­խա­նա­կում կա­տա­րել:
«Ա­մէ­նէն կա­րեւո­րը այն է, որ այցե­լութիւնը քա­ղա­քա­կան մեծ նշա­նա­կութիւն ունի, ո­րովհե­տեւ քա­ղա­քա­պե­տին ներկա­յութիւնը կը նշա­նա­կէ, որ ան զօ­րա­վիգ է Արցա­խի ժո­ղո­վուրդի ա­զատ ինքնո­րոշման ի­րաւունքին», նշած է Գասպար Կա­րա­պե­տեան:
28 սեպտեմբե­րին, Ստե­փա­նա­կերտի մէջ տե­ղի ունե­ցած է Կիպրո­սի Սթրո­վո­լոս քա­ղա­քը ներկա­յացնող պա­տուի­րա­կութեան մամլոյ ա­սուլի­սը: Արցա­խի լրագրողնե­րու հետ հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Կիպրո­սի Հայ դա­տի յանձնա­խումբի եւ ՀՅԴ Եւրո­պա­յի Հայ դա­տի գրա­սե­նեա­կի նա­խա­ձեռնութեամբ Արցախ այցե­լած պա­տուի­րա­կութեան ղե­կա­վար, քա­ղա­քա­պետ Անտրէաս Փա­փա­խա­րա­լամփուս ամփո­փած է այցե­լութեան արդիւնքնե­րը:
Քա­ղա­քա­պե­տը նախ շնորհա­կա­լութիւն յայտնած է ՀՅԴ Հայ դա­տի գրա­սե­նեակնե­րուն եւ ՀՅԴ-ին` այցե­լութիւնը կազմա­կերպե­լու հա­մար եւ նշած, որ տպաւո­րուած է Արցախ այցե­լութեամբ եւ արցախցի­նե­րու հիւրընկա­լութեամբ: «Մենք այստեղ ենք մեր ժո­ղո­վուրդին եւ Արցա­խի ժո­ղո­վուրդին մի­ջեւ կա­պեր ստեղծե­լու հա­մար: Մեր բո­լոր հանդի­պումնե­րը արդիւնաւէտ էին, խօ­սած ենք մշա­կոյթի, մարմնակրթութեան եւ գի­տութեան ո­լորտնե­րուն մէջ հա­մա­գործակցութեան մա­սին: Մենք կը մեկնինք լաւա­գոյն տպաւո­րութիւննե­րով եւ կ՛ուզենք հաւաստել, որ մեր սրտե­րը միշտ բաց են Արցա­խի ժո­ղո­վուրդին հա­մար», իր խօսքին մէջ ը­սած է Անտրէաս Փա­փա­խա­րա­լամփուս` հաւաստե­լով, որ ի­րենք Արցա­խի լաւ դեսպաններն են ո՛չ միայն Կիպրո­սի մէջ, այլ նաեւ ա­նոր սահմաննե­րէն դուրս:
Եւրո­պա­յի Հայ դա­տի գրա­սե­նեա­կի նա­խա­գահ Գասպար Կա­րա­պե­տեան իր խօսքին մէջ վստա­հե­ցուցած է, որ ի­րենք պի­տի շա­րունա­կեն ՀՅԴ գրա­սե­նեակնե­րուն կա­տա­րած աշխա­տանքը` զօ­րա­վիգ ըլլա­լով Արցա­խը մե­կուսա­ցումէն դուրս բե­րե­լուն:
«Այս դա­րուն պէտք չէ ո­րեւէ ժո­ղո­վուրդ մե­կուսա­ցած ըլլայ», «Ա­պա­ռաժ»-ի հարցումին ի պա­տասխան ը­սած է Անտրէաս Փա­փա­խա­րա­լամփուս:
«Մեր այցե­լութեան եւ հանդի­պումնե­րուն ընթացքին ստա­ցանք տե­ղե­կութիւններ, թէ ինչպէ՛ս կա­րե­լի է կա­ռա­վա­րել եւ զարգացնել ձեր երկրին նման մե­կուսա­ցած երկիր մը ա­ռանց դուրսի օ­ժանդա­կութեան: Մենք Կիպրո­սի մէջ Թուրքիոյ հետ հարց ունինք, դուք այստեղ` Ազրպէյճա­նի: Այդ ա­ռումով պէտք է միասնա­բար աշխա­տինք, որպէսզի գե­րիշխէ մարդու ի­րաւունքը եւ մեր երկու ժո­ղո­վուրդնե­րու ա­զատ ապրե­լու պա­հանջը», ը­սած է Անտրէաս Փա­փա­խա­րա­լամփուս: