Աղթամար

Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագի սեմին` եկեղեցւոյ կից գերեզմանատունը կը սրբապղծուի

03 de septiembre de 2018

aghtamar_Մինչ պատրաստութիւնները կը շարունակուին Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ 9 սեպտեմբերին մատուցուելիք Ս. պատարագին, «Էրմենիհապեր»-ը կը հաղորդէ, որ եկեղեցւոյ կից հայկական գերեզմանատունը վերածուած է ժամանցի եւ դաշտահանդէսներու վայրի մը:

Թէեւ կղզիին մէջ կան ապահովութեան աշխատակիցներ (որոնք աւելի մտահոգ են եկեղեցւոյ մէջ աղօթողներով), զբօսաշրջիկները ազատօրէն կը քալեն գերեզմանատան մէջ եւ նոյնիսկ հոն խնճոյք կ՛ընեն` վնաս հասցնելով գերեզմանաքարերուն եւ սրբապղծելով տարածքը: 10-րդ դարու քանդակագործութեան բնորոշ ոճով քանդակուած շիրմաքարերուն մեծ մասը աւերուած է արդէն:

Հակառակ անոր որ թրքական ապահովական մարմինները ականատես են եկեղեցւոյ եւ գերեզմանատան հասնող վնասներուն, անոնք դիտաւորեալ կերպով աչք կը փակեն սրբապղծումին, մինչ, միւս կողմէ, պետութիւնը մեծ գումարներ կը շահի կղզի այցելող զբօսաշրջիկներէն:

Մինչ այդ, վերոյիշեալ Ս. պատարագի նախապատրաստական աշխատանքները կը համակարգուին Վանի նահանգապետարանին կողմէ` համապատասխան հաստատութիւններու մասնակցութեամբ:

Վանի զբօսաշրջութեան զարգացման տեսանկիւնէն կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարի մատուցուող Ս. պատարագին առիթով կ՛ակնկալուի զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք: Կը նշուի, որ Վանի մէջ ամբողջութեամբ ապահովուած են պանդոկներուն սենեակները: Վան պիտի այցելեն թէ՛ ներքին զբօսաշրջութեամբ հետաքրքրուողներ, եւ թէ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներ, մասնաւորպէս` Հայաստանէն եւ Իրանէն:

Վանի առեւտրա-արդիւնաբերեկան պալատը զգուշացումներ ըրած է առեւտրականներուն` ծառայութիւններու մատուցման հարցերով: Պալատի ներկայացուցիչ Ֆարուք Պիներ նշած է, որ Վանը «հոգեւոր զբօսաշրջութեան» համար կարեւոր կեդրոն է: Ան յորդորած է տեղացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներուն հանդէպ յարգալից ըլլալ եւ անպայման ուշադրութիւն դարձնել սպասարկման որակին, ճաշարաններուն, սրճարաններուն, պանդոկներուն եւ առեւտրական կեդրոններու ապրանքներու գիներուն:

«Մեր նահանգին մէջ պէտք է ստեղծենք այնպիսի ուրախ միջավայր, որ միւս տարիներուն աւելի մեծնայ զբօսաշրջիկներուն թիւը: Բոլորը իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ պէտք է աջակցին, որպէսզի Վանը դառնայ կրօնական, զբօսաշրջական եւ առեւտրական կեդրոն», ըսած է ան: