Սուր շնչառական վարակներով 515 անձ հիւանդանոց փոխադրուած Է
Արագ եւ գետնի վրայ անմիջական արձագանգման աշխատանքային խումբը, Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեանի գլխաւորութեամբ, հերթական խորհրդակցութիւն կատարած է «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնին մէջ՝ հիմնականօրէն քննարկելով Հայաստանի մէջ առկայ համաճարակային իրավիճակը:
Նախարարը այցելած է բժշկական կեդրոնի վերակենդանացման բաժանմունք, ծանօթացած՝ բուժում ստացող երեխաներու առողջական վիճակին: Ներկայ դրութեամբ հոն կը բուժուին 20 երեխաներ, որոնցմէ միայն 10ին մօտ առկայ է սուր շնչառական վարակ:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արմէն Մուրադեան նշած է, որ ներկայիսսուր շնչառական վարակներով Հայաստանի մէջ հիւանդանոց փոխադրուած են 515 անձեր,որոնց 126ը՝ թոքաբորբի պարագայով:
Նախարարը դիտել տուած է, որ նման հարցեր կան ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ Եւրոպայիտարածքին մէջ։ Դէպքերուն շուրջ 75 տոկոսը Ա. տեսակի կրիփ է, գերակշռող մասը՝ «Էյչ. ուան Էն. ուան» տեսակը։ Ան նշած է, որ ժամանակին անհրաժեշտ քայլերուն չդիմելու ու համապատասխան բուժում չստանալու պարագային՝ կրիփը կը ստանայ շնչառական վարակ։
Ան վստահեցուցած է, որ հիւանդանոց դիմած բոլոր հիւանդներն ալ ստացած են համապատասխան բուժում։ Բժշկական կազմակերպութիւններուն մէջ սահմանուած է ամէնօրեայհսկողութիւն, եւ առողջապահական համակարգը տօներուն եւս աշխատած է բնական կերպով։