Սպարտակ Սէյրանեան. “Ոգիով աշխատիլը կարեւոր է, բայց անհրաժեշտ է աւելի մեծ ոգի ունենալ ընդունելու սխալները”

07 de junio de 2018

Spartak-SeiranianԱյսօր՝ 7 Յունիսին ՀՀ Ազգային ժողովին կառավարութեան ծրագիրի քննարկումին ընթացքին, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Սպարտակ Սէյրանեան ըսաւ, որ այս կառավարութեան ծրագիրը ինծի համար աւելի շատ տեսլական է:

«Ծրագիրին մէջ պէտք է թուարկուին այն գործիքներն ու գործիքակազմը, որոնցմով այդ ծրագիրին ժամանակացոյցը պէտք է կեանքի կոչուի: Կարեւոր են նաեւ ժամկէտերը եւ պարբերաբար հաշուետուութիւնը», ընդգծեց Սէյրանեան:

Սպարտակ Սէյրանեան համաձայն չգտնուեցաւ ծրագրային այն դրոյթին, որուն համաձայն, մշակոյթին հետ սոսկ կապ ունենալը կը դիտուի որպէս մշակութային քաղաքականութեան գերակայ սկզբունք: «Շեշտադրումը պէտք է ըլլայ քաղաքացիին արարումին վրայ: Ստեղծեցէք բոլոր այն պայմանները, որոնց լոյսին տակ ստեղծագործ մարդը կարենայ արարել: Մշակոյթի մէջ եկէք գոնէ բացառենք մրցակցութիւնը, ամբողջ աշխարհը կ՚ուղղուի դէպի համագործակցութիւն: Միւս հարցը մշակութային օճախներու պահպանման հարցն է, որ պէտք չէ չդրուի միայն պետութեան ուսերուն: Խիստ վտանգաւոր է մեր մշակոյթին նման հարուստ մշակոյթի թանգարանայնացման գործընթացը, մենք մեր մշակոյթը պէտք չէ խցկենք ցուցափեղկերու տակ»:

Սէյրանեան ըսաւ, որ իրեն համար բոլորովին կարեւոր չէ, թէ որեւէ մշակութային անճաշակ նախագիծ ինչպիսի՛ թափանցիկութեամբ կեանքի կը կոչուի: «Ոգիով աշխատիլը շատ կարեւոր է, բայց շատ աւելի մեծ ոգի ու խոհեմութիւն կը պահանջէ սխալներ ընդունիլը, բոլորին լսելը՝ խորհուրդներու, առաջարկներու իմաստով»: