Արցախ

Ստեփանակերտի մէջ նոր յուշահամալիր կը կառուցուի

21 de marzo de 2017

կոբրա-696x391Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ­Հայ­կա­ւան թա­ղա­մա­սին մէջ, Կրկ­ժա­նի հա­րե­ւա­նու­թեամբ, պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րէն յայտ­նի «­Կոբ­րա» ա­նու­նով բլու­րին վրայ, հայ ազ­գի գո­յա­տեւ­ման պայ­քա­րի զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նոր ու ժա­մա­նա­կա­կից յու­շա­հա­մա­լիր կը կա­ռու­ցո­ւի:

Ըստ «Ար­ցախփ­րես»ի՝ յու­շա­հա­մա­լի­րի շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­ներ ի­րա­կա­նաց­նող «­Կոբ­րա» ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն Ար­մէն Առս­տա­մեան ը­սած է, որ ա­նի­կա կը կա­ռու­ցո­ւի ծնուն­դով ար­ցախ­ցի, պա­տե­րազ­մի մաս­նա­կից, մոս­կո­ւա­յաբ­նակ բա­րե­րար ­Սի­մոն ­Պետ­րո­սեա­նի մտայ­ղաց­մամբ եւ օ­ժան­դա­կու­թեամբ: «Ս­տե­փա­նա­կեր­տի գրե­թէ բո­լոր հա­տո­ւած­նե­րէն ե­րեւ­ցող այս հա­մա­լի­րի շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը կ­՛ըն­թա­նան 2007 թո­ւա­կա­նէն ի վեր: Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, հա­մա­լի­րը` իր օ­ժան­դակ կա­ռոյց­նե­րով, կը զբա­ղեց­նէ մօտ 3000 քառ./մ. տա­րածք: Ծա­ւա­լա­տա­րա­ծա­կան կա­ռու­ցո­ւած­քով ա­նի­կա խա­չա­ձեւ է, իսկ խա­չի թե­ւե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն ե­ռան­կիւն կտրո­ւած­քով սիւ­նա­շա­րեր: ­Հատ­ման կեդ­րո­նին վեր կը խո­յա­նայ յու­շա­կո­թող: ­Ջու­րի հոս­քի հա­մար պի­տի կա­ռու­ցո­ւի շատ­րո­ւան, այն­տե­ղէն պի­տի հո­սի դէ­պի փոքր ջրա­ւա­զան­ներ: ­Յու­շա­կո­թո­ղը մօտ 20 մեթր բարձ­րու­թիւն ու­նե­ցող զար­դա­քան­դակ­նե­րով 2 կո­թող­ներ ու­նի: ­Կը նա­խա­տե­սո­ւի ա­նոնց մի­ջեւ կա­ռու­ցել պա­տեա­նի մէջ պա­հո­ւած թուր, ինչ որ կը խորհր­դան­շէ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը յաղ­թա­նա­կած թու­րը դրած է պա­տեան, բայց պատ­րաստ է վտան­գի պա­հուն զայն դար­ձեալ հա­նե­լու: ­Յու­շա­հա­մա­լի­րի տա­րած­քին նաեւ զբօ­սայ­գի պի­տի ըլ­լայ` քա­րէ նստա­րան­նե­րով, ծաղ­կա­նոց­նե­րով, տա­ղա­ւար­նե­րով: ­Յու­շա­հա­մա­լի­րը եր­կու գլխա­ւոր մուտք ու­նի. ա­ռա­ջի­նը` ­Հայ­կա­ւան թա­ղա­մա­սէն, երկ­րոր­դը` Կրկ­ժա­նի կող­մէն:

«Ու­րա­խա­լին այն է, որ ա­մէն բան յար­մա­րե­ցո­ւած է սահ­մա­նա­փակ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով մար­դոց ա­զատ տե­ղա­շար­ժը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար: ­Հա­մա­լի­րի տա­րած­քին, ա­ռա­ջին եւ երկ­րորդ յար­կե­րուն, ա­ռան­ձին մուտ­քե­րով կը կա­ռու­ցո­ւի ճա­շա­րա­նա­յին հա­մա­լիր, հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան կող­մէ` հիւ­րա­նոց: ­Հիմ­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւար­տած են. ար­դէն սկսած են ներ­քին յար­դար­ման աշ­խա­տանք­նե­րը: Ա­մե­նագլ­խա­ւո­րը` հա­մա­լի­րը իր ճար­տա­րա­պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րով, եւ աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քով ո­րե­ւէ այլ կա­ռոյ­ցի չի նմա­նիր: Այս յու­շա­հա­մա­լի­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի յա­րա­տե­ւու­թեան եւ ան­ցեա­լի յի­շո­ղու­թեան իւ­րօ­րի­նակ խորհր­դա­նիշ պի­տի դառ­նայ»,- ը­սած է Ա. Առս­տա­մեա­նը: