Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հանդիպումը Լիոնի հայ քաղաքապետին հետ

29 de noviembre de 2017

Hranush LyonՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ֆրանսայի Հանրապետութիւն կատարած այցի ծիրէն ներս նոյեմբեր 28-ին հանդիպած է Լիոնի հայազգի քաղաքապետ Գէորգ (Ժորժ) Կեպենէկեանին:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները կարեւոր համարած են հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները, քննարկած  յատկապէս 2018թ. հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի իրականացման հետ կապուած հարցեր, որուն կը նախատեսուի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի մասնակցութիւնը:

Լիոնի քաղաքապետը եւ Սփիւռքի նախարարը քննարկած են մարտ ամսուն Գէորգ Կեպենէկեանի Հայաստան կատարելիք հնարաւոր այցի մանրամասները: Հրանոյշ Յակոբեան եւ Լիոնի քաղաքապետը արծարծած են կրթութեան, ճարտարապետութեան, բժշկութեան ոլորտներուն առնչուող հարցեր: Կարեւոր համարուած է բարձր արհեստագիտութիւններու  շուրջ համագործակցութիւնը` մատնանշելով Երեւանի մէջ գործող Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի առկայութիւնը:

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն, համայնքի աշխուժութեան, հայկական դպրոցներուն մէջ հայոց լեզուի ժամաքանակի աւելացման խնդիրներուն, հայկական մշակոյթի կեդրոններու եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ գործունէութեան վերաբերող հարցերուն: Կարեւոր համարուած են ճատրակի մասնագէտներու գործուղումը Լիոն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ ճատրակի տարածման խնդիրները:

Հանդիպման աւարտին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախարարութեան Ոսկէ յուշամետալով  պարգեւատրած է Գէորգ (ժորժ) Կեպենէկեանը:

Հանդիպումէն ետք  նախարարը եւ քաղաքապետը այցելած են Լիոնի Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր եւ ծաղիկներ խոնարհած:

Նոյն օրը Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպած է ֆրանսահայ գործարարներու հետ եւ քննարկած ոչ միայն հայ, այլ նաեւ ֆրանսացի գործարարներու` Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու հնարաւորութիւնները:

Հանդիպման ներկայ  գտնուած են Լիոնի մէջ ՀՀ փոխհիւպատոս Գայեանէ Մանուկեան, Կեդրոնական Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF)  նախագահ Րաֆֆի Գրիգորեան, Լիոնի քաղաքապետարանի Հայաստանի ծրագիրներու ղեկավար Իզապէլ Լակեան եւ պաշտօնատար այլ անձիք: