“Վաղաժամ է սահմանադրական բարեփոխումներու տարբերակը քննարկման օրակարգ բերելը” Կ՛ըսէ Արսէն Համբարձումեան

05 de septiembre de 2018

Arsen-HampartzoumianՎարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Դիմատետրի ուղիղ եթերի ընթացքին` սեպտեմբեր 2-ին, կրկին անդրադարձած է սահմանադրական փոփոխութիւններուն, որոնց մասին ան առաջին անգամ խօսած էր օգոստոս 17-ի հանրահաւաքին: Այդ փոփոխութիւններուն հիմամբ Ազգային ժողովը պէտք է կարենայ ինքնալուծարուիլ` առանց վարչապետի հրաժարականի:

Ան ըսած է. «Հետեւելով Հայաստանի քաղաքացիներուն տրամադրութիւններուն, անոնք կ՛ուզեն, որ ըլլան որոշ երաշխիքներ, որ վարչապետի ենթադրեալ հրաժարականէն ետք անոնք նորէն ստիպուած պիտի չըլլան յեղափոխութիւն ընելու: Բնականաբար, ես կը կարծեմ, թէ անհրաժեշտութեան պարագային Հայաստանի քաղաքացիները կ՛ընեն այդ յեղափոխութիւնը, բայց, նաեւ մարդոց այս ուղերձը ընկալելով, կը կարծեմ, թէ մենք պէտք է ունենանք երաշխիքներ, որ հակաժողովրդական հոլովոյթներու ձեռնարկելու փորձեր պիտի չկատարուին»:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը «168.am»-ի հետ զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է այս տրամադրութեան եւ ըսած է, թէ նախ պէտք է արձանագրել, որ Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն գերակշիռ մեծամասնութիւնը եւ, ըստ էութեան, բոլոր պատգամաւորական խմբակցութիւնները քուէարկած են կառավարութեան ծրագիրի օգտին, ուր ամրագրուած է, որ 1 տարուան ընթացքին պէտք է կայանան խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ:

«Ըստ էութեան գործ ունինք քաղաքական համախոհութեան հետ: Հետեւաբար, կը կարծեմ, թէ քաղաքական այդ համախոհութիւնը նկատի ունենալով` պէտք է խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ կատարել` համաձայնութեան հիման վրայ: Այնքան ատեն որ այդ համաձայնութիւնը, այդ քուէարկութիւնը կասկածի տակ չեն դրուած, եւ որեւէ քաղաքական ուժ հրապարակաւ չէ հրաժարած խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն, վաղաժամ է գործող իրաւակարգաւորումներու ծիրին մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու տարբերակը քննարկման օրակարգ բերելը: Տեսականօրէն չբացառելով նման կարելիութիւն, կը կարծեմ, թէ այդ քուէարկութենէն ետք որեւէ իրողութիւն չէ փոխուած», ըսած է Ա. Համբարձումեան:

Անոր համաձայն, ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխման ընթացքը ատոր վկայութիւնն է:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչը կասկածի կը մղէ վարչապետ Փաշինեանը`  Ա.Համբարձումեան ըսած է, որ եթէ կան մտավախութիւններ, կարելի է այդ առնչութեամբ քաղաքական ուժերուն հետ նախաձեռնել քննարկումներու եւ փորձել ատիկա վերածել նաեւ համաձայնութեան, եթէ բուն քուէարկութիւնը, կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրին կողմ արտայայտուիլը, ուր նաեւ կայ մէկ տարուան ընթացքին արտակարգ ընտրութիւններ կատարելը, կ՛ենթադրէ, որ կրնան մօտեցումներուն մէջ փոփոխութիւններ արձանագրուիլ:

«Բայց գոնէ մեր մօտեցումներուն մէջ որեւէ փոփոխութիւն չէ եղած, եւ այն փաստացի իրավիճակը, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած է, այդ տէ ֆաքթօ իրավիճակը տէ ժիւրէ ամրագրելու եւ քաղաքական այս իրավիճակէն դուրս գալու համար լաւագոյն ուղին խորհրդարանական  արտակարգ ընտրութիւններն են: Այստեղ 2 կարծիք չի կրնար ըլլալ: Իսկ թէ ի՛նչ ուղիով, ատիկա արդէն պէտք է քննարկել, որովհետեւ սահմանադրական փոփոխութիւններու տարբերակը կ՛ենթադրէ աւելի բարդ ու դժուար ուղի», դիտել տուած է ան: