Վանի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երեք տարուան դադարէ ետք կրնայ դարձեալ պատարագ մատուցուիլ

06 de julio de 2018

Van IglesiaՎանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երեք տարուան դադարէ ետք կրնայ դարձեալ պատարագ մատուցուիլ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»` մանրամասնելով, որ ատիկա կրնայ տեղի ունենալ 9 սեպտեմբերին:

Վանի նահանգապետ Մուրատ Զորլուօղլու յայտնած է, որ իրենք արդէն համապատասխան քննարկումներ կատարած են Պոլսոյ հայ համայնքին հետ` այս տարի Ս. Խաչի մէջ դարձեալ պատարագ կազմակերպելու հարցին շուրջ: Այժմ բանակցութիւններ կը վարուին նաեւ համապատասխան նախարարութիւններու հետ:

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանէն ալ յայտնած են, որ իրենք արդէն պատրաստութիւններ կը տեսնեն պատարագի կազմակերպման համար:

Պատրիարքարանը 9 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք պատարագին վերաբերեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւն եւ մասնակցութեան կոչ պիտի հրապարակէ միւս շաբաթ: