Վարդանեան. “Հայաստանի մէջ ընկերային բնոյթի մեծ ցնցումներ չեմ կանխատեսեր”

11 de enero de 2018

Aghvan-VartanianԹանկացումներուն նկատմամբ լաւ վերաբերմունք ունենալ կարելի չէ. խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը` անդրադառնալով որոշ ապրանքներու գնաճին:

«Խնդիր կայ, եւ այդ խնդիրը կառավարութիւնը պէտք է փորձէ  լուծել: Նախ` թոյլ չտալ, որ այն, ինչ որ Հարկային օրէնսգիրքով սահմանուած է, անկէ աւելի փորձեն տնտեսավարող որոշ կառոյցներ օգտուին, եւ լրացուցիչ եկամուտի աղբիւր հայթայթել: Որքան տեղեակ եմ, գոնէ սեղմուած կազի գինն է, որ հիմնականին մէջ դժգոհութիւն յառաջացուցած է, ինչ որ  պայմանաւորուած է հարկի բարձրացումով: Որքան հարկը աւելցած է, նոյն այդ չափով ալ վառելանիւթ լեցնելու կայանները աւելցուցած են: Ես խօսած եմ 1-2 վառելանիւթ լեցնելու կայաններու տնօրէններու հետ, որոնք ճիշդ այդ չափով աւելցուցած են հարկը: Հարց է, ընդհանուր ընկերային հարց, որ կապուած է տնտեսական քաղաքականութեան հետ», ընդգծեց պատգամաւորը:

Ըստ Վարդանեանի, խօսքը կը վերաբերի նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան մաքսային օրէնսգիրքին հետ կապուած հարցերուն, սակայն բնական է, որ այստեղ կան նաեւ այլ շերտեր: «Եկամտահարկի պարագային բոլորը կը դժգոհին, որ աշխատավարձերէն պահումները պիտի աւելնան: Եթէ աւելի առարկայական ըլլանք, ընկերային արդարութեան տեսակէտէն նայինք, ապա բացարձակ մեծամասնութիւնը աշխատավարձ կը ստանան մինչեւ 150 հազար դրամի սահմանները: Այլ խօսք է, վստահաբար, թաքնուած զբաղուածութիւնը, սեւ աշխատավարձերը եւ այլն, բայց գոնէ վիճակագրութիւնը այդպիսին է: Նոր օրէնսգիրքով` այդ բացարձակ մեծամասնութեան պարագային եկամտահարկը կը նուազի, այս մասին ոչ ոք կը խօսի, կը խօսին միայն 150 հազարէ վեր 2 տոկոսով եկամտահարկը բարձրացնելու մասին», ըսաւ ան:

Վարդանեան շեշտեց, որ, ըստ վիճակագրութեան, շատ աւելի մեծ թիւով մարդիկ կ՛օգտուին, փոքր թիւով մարդիկ կը տուժեն: «Այստեղ, կը կրկնեմ, խնդիր կայ, եւ ամէնէն հիմնականը, որ ես կը տեսնեմ, իսկապէս սեւ աշխատավարձերու խնդիրն է: Ես վստահ եմ, որ, պետական հաստատութիւններու մէջ այլ չափանիշներ կը գործեն, գիտեմ, որ ատիկա այդտեղ անհնար է, բայց մասնաւոր հատուածին մէջ վստահ եմ, որ մենք ունինք բաւական մեծ տոկոս սեւ աշխատավարձեր, իսկ ասիկա կ՛անդրադառնայ մեր բոլոր խնդիրներուն վրայ` ե՛ւ աղքատութեան, ե՛ւ  միւս հարցերուն վրայ: Այստեղ ընելիք կայ», նշեց ան:

Իսկ թէ ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ հարցին լուծումը, պատգամաւորը պատասխանեց. «Ընդհանրապէս, վերջին 10-15 տարիներուն բաւական մեծ գործ կատարուած է այս ուղղութեամբ` տեղեկատուական միասնական հիմքեր ստեղծելու, փոխկապակցուած բոլոր տուեալները ստուգելու` ո՛չ միայն ծախսերը, այլեւ եկամուտները: Այստեղ որոշակի յառաջընթաց կայ, բայց մենք դեռ շատ հեռու ենք ամբողջական պատկերը ունենալէ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կառավարութիւնը այդ խնդիրը չի՞ տեսներ, Վարդանեան պատասխանեց. «Կառավարութիւնն ալ կը տեսնէ, բայց ես կը կրկնեմ` տեղեկատուական այդ ամբողջ շտեմարանները ձեւաւորելու, փոխկապակցելու, նաեւ օրէնսդրօրէն խրախուսելու խնդիրներ կան: Օրինակ` որքան աւելի տուեալ հաստատութիւններու աշխատավարձերը ճիշդ ցոյց տան, գուցէ այնքան աւելի անոնց արտօնութիւններ տրուին: Լուրջ խնդիրներ կան, որոնք պէտք է լուծել»:

Այս ամէնով հանդերձ, պատգամաւորը ընկերային տարերային նախադրեալներ չի տեսներ: «Ես խորապէս համոզուած եմ, որ մենք ունինք ընկերային լուրջ խնդիրներ, եւ ատիկա ակնյայտ է, բայց անոր  լուծման ձեւերը եւս պարզ են: Ընկերային բնոյթի մեծ ցնցումներ ես Հայաստանի մէջ չեմ կանխատեսեր, եւ ատիկա ունի իր բազմաթիւ պատճառները: Մեր անկախ պետականութեան փորձը  ապացուցած է: Ես համոզուած եմ, որ Հայաստանի մէջ կ՛ըլլան հասարակական հաւանական լայն խմորումներ, լայն ցնցումներ, երբ ազգային եւ ընկերային խնդիրները կը միատեղուին, իրարու հետ հանդէս կու գան, ասիկա կը մղէ մեր հասարակութեան լայն զանգուածները դժգոհութեան, բողոքի լուրջ քայլեր ձեռնարկելու: Առանձին` միայն ընկերային բնոյթի խնդիրները չեն կրնար մեծ ազդեցութիւն ունենալ»,  եզրափակեց Վարդանեան: