Վարդանեան. «Նոր շունչ տալու կարելիութիւն կայ, պէտք է գիշեր-ցերեկ աշխատիլ»

26 de febrero de 2015

Aghvan-VardanyanԵրկիր Մետիա»-ի «Երկրի հարցը» հաղորդումին ընթացքին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան խօսած է ՀՅԴ-ի յառաջիկայ ընելիքներուն մասին: Ան նախ յիշեցուցած է, որ յունուար ամսուան երկրորդ կիսուն տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը, որմէ ետք կարգ մը վերադասաւորումներ կատարուեցան կուսակցութեան մարմիններուն մէջ, ապա աւելցուցած է, որ Գերագոյն մարմինը այսօր իր հիմնական գործունէութեան ուղղութիւնները ունի:

«Մենք որոշած ենք հանդիպիլ մեր բոլոր կազմակերպական միաւորներուն հետ, սկսած ենք կազմակերպել մեծ հաւաքներ: Ամսուան մը ընթացքին պէտք է այդ հաւաքները տեղի ունենան ամբողջ հանրապետութեան մէջ: Մենք ունինք 50 կազմակերպական միաւոր-կոմիտէութիւններ: Մօտ 20-22 նման հանդիպումներ արդէն ըրած ենք: Երեւանի մեր 10 կոմիտէութիւններէն 7-ին մէջ ընկերային հաւաքներ ըրած ենք, 10 մարզերէն` 4-ին մէջ: Հինգ ուղղութիւն կայ:

Առաջինը` մեր ընկերներուն ներկայացնել Ընդհանուր ժողովի մթնոլորտը, տրամադրութիւններն ու արդիւնքները, որովհետեւ Ընդհանուր ժողով 4 տարին անգամ մը կ՛ըլլայ: Մենք կը քննարկէինք կուսակցութեան եւ Բիւրոյի 4 տարուան գործունէութիւնը: Շուրջ 250 հարց արծարծուած է, ապա 50 ելոյթ եղած է, ուր խօսուած է ամէն բանի մասին: Քննարկումը եղած է բուռն, բայց համախոհութեան մթնոլորտի մէջ: Երկրորդ` կը խօսինք մեր այսօրուան խնդիրներուն, կազմակերպական դժուարութիւններուն, աւելի բաց եւ հրապարակային գործելու անհրաժեշտութեան մասին: Երրորդ` աւելի մանրամասն կը ներկայացնենք հայաստանեան ներքաղաքական վիճակը, մեր քայլերը եւ անոնց հիմնաւորումները: Եւ կը խօսինք ապագայ ծրագիրներու մասին:

Մենք նաեւ կը փորձենք աւելի բացուիլ մեզմէ դուրս, հանրութեան տարբեր շերտերուն հետ կը հանդիպինք: Օրինակ` մտաւորականներու եւ դասախօսներու… Կը հանդիպինք նաեւ դեսպաններու հետ, որպէսզի անոնք եւս հասկնան մեր տեսակէտները»:

Աղուան Վարդանեան նաեւ կարեւոր նկատած է, որ շարքային դաշնակցականները պէտք է վստահ ըլլան, որ ՀՅԴ-ի ընթացքը հետեւողական է` ուղղուած երկրին մէջ որակական, արմատական փոփոխութիւններ կատարելու, հանրութեան խնդիրներուն քայլ առ քայլ լուծումներ գտնելուն:

«Եթէ իրենք համոզուած չըլլան, որ մենք ճիշդ ուղիի վրայ ենք, չեն կրնար համոզել իրենց շրջապատը: Քաղաքական ուժերը իրենց միջեւ յարաբերութիւններ կը պարզեն` մոռնալով, որ քաղաքականութիւնը մարդու համար է: Այսօր քաղաքականութեան նոր շունչ տալու կարելիութիւն կայ, եւ պէտք է գիշեր ցերեկ աշխատիլ», եզրափակած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան