Հայաստան

Վարչապետը ծանօթացած է ի Տարածքային Կառավարման եւ Զարգացման Նախարարութեան 2017 տարուան գործունէութեան

05 de febrero de 2018

Lokian Karapetian 2018 eneՀայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 3 փետրուարին այցելած է Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւն` ծանօթանալու 2017-ին գերակայ խնդիրներու կատարման եւ միջոցառումներու իրականացման արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ 2018-ի կատարելիքներուն:

Ըստ անոր, շատ կարեւոր է տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան միջոցով կարելի դարձնել ձեւաւորումը համայնքային եւ մարզային կառավարման ճարտարապետութեան, որպէսզի համապատասխան կողմերը տեղեակ ըլլան չափորոշիչներուն եւ առաւելագոյն չափով ներգրաւուած ըլլան զարգացման բոլոր ծրագիրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կարելի ըլլայ իւրաքանչիւր շրջանին մէջ ճշդել կառոյցներուն վիճակը եւ անհրաժեշտ աշխատանք տանիլ զանոնք ամրացնելու ուղղութեամբ:

Նախարար Դաւիթ Լոքեան զեկուցած է, որ 2017-ն տարածքային եւ տեղական ինքնակառավարման մէջ հիմնարար փոփոխութիւններու եւ համակարգային յատակագիծերու ներդրման տարի եղած է: Ան դիտել տուած է, որ կառավարութեան ծրագիրներով նախարարութեան յանձնարարուած բոլոր աշխատանքները ընթացքի մէջ են, ոմանք աւարտած են, իսկ ուրիշներ` շուտով: Ըստ Լոքեանի, քննարկումները ցոյց տուած են, որ լրջագոյն խնդիրը տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ է, որոնք չեն ունեցած համակարգային կանոնակարգուած սկզբունքներ այն հիմնական հարցերուն առնչութեամբ, որոնք կը վերաբերին համայնքային տնտեսութեան զարգացման, եկամուտներու յաւելման եւ այլն: Այդ նպատակով նախարարութիւնը նախորդ տարի ստեղծած է 10 մեթոտական աջակցութեան բազմաբնոյթ ուղեցոյցներ, որոնք փոխանցուած են համայնքներուն: Մեթոտական ուղեցոյցներու կիրարկումով, մեծցուած 34 համայնքի մէջ տարեվերջին 1 միլիառ 125 միլիոն դրամի փոփոխութիւն եղած է:

Վարչապետը կարեւոր նկատած է համայնքներուն մէջ առկայ ամբողջ գոյքի արձանագրութիւնը եւ ճշգրիտ գոյքահարկի հաշուառումը` յանձնարարելով տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան ներկայացնել համապատասխան առաջարկներ: Ըստ անոր, աշխատանքներն ու գործելաոճը պէտք է նոյնը մնան նաեւ 2018-ին: «Մենք ամբողջ դաշտը պէտք է գծենք, վերջացնենք ու հասկնանք` իւրաքանչիւր եռամսեակ մենք ի՞նչ կ’ուզենք, իսկ տարուան աւարտին ի՞նչ է մեր ակնկալութիւնը: Եթէ մենք տարուէ տարի հետեւինք, պիտի գայ օր մը, երբ լուծուած պիտի ըլլան ընթացիկ բոլոր խնդիրները»:

Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, զբօսաշրջութեան, շինարարութեան, մշակոյթի եւ միւս մարզերուն մէջ նախարարութեան կողմէ կատարուած աշխատանքներուն համար, որոնք կը նպաստեն մարզերուն եւ համայնքներուն մէջ այս ուղղութիւններով դրական տեղաշարժին եւ կառավարութեան կողմէ դրուած խնդիրներու լուծման: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յորդորած է նախարարութեան աշխատակազմը` աւելի մեծ թափով շարունակելու ծրագիրներու իրականացումը: