վարչա­պետ փա­շի­նեա­նի կա­պա­նեան ե­լոյթը եւ դաշնակցութիւնը

28 de enero de 2020

Երևի արձա­գանգե­լով ՀՅԴ Բիւրո­յի Ներկա­յա­ցուցիչ՝ Ընկ. Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուրեա­նի վերջերս հրա­պա­րա­կուած կո­չին, Վարչա­պետ Փա­շի­նեան վերջա­պէս տրա­մադրութիւն կը յայտնէ երկխօ­սութեան դի­մե­լու “Դաշնակցութեան հա­մա­հայկա­կան կա­ռոյց”ին հետ, միա­ժա­մա­նակ բա­ցա­յայտ բա­ցառման մէջ պա­հել ջա­նա­լով Հա­յաստա­նի մեր կազմա­կերպութիւնը։ Պարզ խօսքով, Պր. Վարչա­պե­տը պատրաստ է խօ­սե­լու ՀՅԴ Բիւրո­յին հետ, բայց կը մերժէ խօ­սիլ Դաշնակցութեան երկրի կազմա­կերպութեան հետ. կազմա­կերպութի՛ւն՝ որ Պր. Վարչա­պե­տի արտա­խորհրդա­րա­նա­կան հզօր ընդդի­մութիւնը կը ներկա­յացնէ։
Այսօր մեր երկի­րը կը դի­մագրաւէ ներքա­ղա­քա­կան կո­տո­րակման լուրջ սպառնա­լի­քը։ Իմ-Քայլա­կան իշխա­նութիւննե­րը, ի­րենց ներկայ քա­ղա­քա­կա­նութեամբ, երկի­րը կը մղեն դէ­պի ներքին բև­ե­ռա­ցում, ո­րուն հետև­անքով, սա­կայն, կա­ռա­վա­րութիւնն է, որ հետզհե­տէ կը մե­կուսա­նայ իր ժո­ղո­վուրդէն։ Փաստե­րը ցոյց կու տան, որ այն ժո­ղովրդա­կան ա­լի­քը, ո­րուն թև­ե­րուն վրայ Պր. Վարչա­պե­տի խումբը ե­կաւ իշխա­նութեան արդէն վա­ղուց վե­րա­դարձած է ի­րա­կա­նութեան։ Այսօր այլևս կը գործեն քա­ղա­քա­կան դաշտի մտա­հո­գութիւննե­րը ի տարբե­րութիւն ա­պա­քա­ղա­քա­կան բե­մադրութիւննե­րու։ Արդէն հա­սած ենք հոն, ուր կա­ռա­վա­րութեան գործը անխուսա­փե­լիօ­րէն պի­տի չա­փուի ի­րա­կան չա­փա­նիշնե­րով և ոչ՝ ամբո­խա­վա­րա­կան պոռթկումնե­րով։ Եւ արդէն երկրի ի­րա­կան մարտահրաւէրներն են, ո­րոնք կը ծա­ռա­նան հանրութեան և իշխա­նութեան առջև և կը պարտաւո­րեցնեն ի­րենց անյե­տաձգե­լիութեամբ։

Այժմ իշխա­նութիւնը կը գտնուի երկի­րը միացնե­լու բա­րո­յա­կան պարտաւո­րութեան տակ։ Այլընտրանք գո­յութիւն չունի։ Իշխա­նութիւնը պի­տի խօ­սի երկրի ի­րա­կան ուժե­րուն հետ։ Ա­ռա­ջին հերթին՝ Դաշնակցութեա՛ն հետ։ Եւ անշուշտ պէտք է անկեղծօ­րէն գնա­հա­տել այն փաստը, որ վերջա­պէս Պր. Վարչա­պե­տը, ի՛նք ևս, կը գի­տակցի այս հրա­մա­յա­կան անհրա­ժեշտութեան։

Եւ սա­կայն ժա­մա­նակն է, որ իշխա­նութիւնը միանգա­մընդմիշտ ընդունի, որ Դաշնակցութիւնը — կամ որևէ այլ քա­ղա­քա­կան ուժ երկրի բե­մին վրայ -- քա­ղա­քա­կան շմորկասպորտ չէ։ Կա՛մ պատրաստ էք Դաշնակցութեան հետ խօ­սե­լու և կամ ՝ո՛չ։ Այս երկուքին միջև երրորդ փո­խընտրութիւն մը չի կրնար գո­յութիւն ունե­նալ։ Քա­ղա­քա­կան բե­մի ուժե­րը -- նե­րա­ռեա՛լ Դաշնակցութիւնը -- կրնան գտնուիլ սուր տա­րա­կարծութիւննե­րու մէջ ի­րա­րու հետ, բայց ա­նոնք նաև բա­րո­յա­պէս պարտաւո­րուած են հա­մա­խո­հութեան գա­լու ազգին գե­րա­մե­ծար ա­ռաջնա­հերթութիւննե­րուն վրայ և անկեղծօ­րէն գործակցե­լու ի­րա­րու հետ։ Նա­խա­ձեռնութեան այս ո­գին է միայն, որ հնա­րաւոր կրնայ դարձնել ի­րա­կան երկխօ­սութիւնը։ Անհետև­անք լո­զունգնե­րու մշա­կոյթը վա­ղուց սպա­ռած է ինքզինք։ Վա­ղուց անցած է այդ բա­նին ժա­մա­նա­կը։ Ի­րա­կան նա­խա­ձեռնութեան ժա­մա­նակն է, Պր. Վարչա­պետ։ Եւ հսկայ օ­րա­կարգ մը կայ երկրի բո­լոր քա­ղա­քա­կան ուժե­րուն առջև։

Կա­րօ Արմե­նեան