Վարչապետ Փաշինեան Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ
Միացեալ Նահանգներ տուած այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեանի գլխաւորութեամբ:
Ողջունելով ՀՅԴ ներկայացուցիչները` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեց. «Ուրախ եմ ձեզի հետ հանդիպելու այս առիթին համար: Բարձր կը գնահատեմ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործունէութիւնը ընդհանրապէս եւ նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ: Կը կարծեմ, որ այդ առումով ալ մենք նոր փուլի մը հասած ենք, որովհետեւ, վստահաբար, հայապահպանութիւնը շատ կարեւոր գործունէութիւն է, որ մեզ հասցուցած է այսօրուան փուլին: Այսօր մենք կը խօսինք ռազմավարական, հեռանկարային խնդիրներու մասին, բայց կը կարծեմ, որ հայապահպանութիւն ըսելով պէտք է նկատի ունենալ ո՛չ միայն պահպանում, այլեւ պէտք է զարգացման մասին մտածենք:
«ՀՅԴ-ն Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ բաւական աշխուժ դերակատարութիւն ունեցած է եւ ունի: Այդ դերակատարութեան ընթացքին միշտ չէ, որ ես համաձայն եղած եմ Դաշնակցութեան հետ, բայց մեր համազգային նպատակներու ծիրին մէջ ատիկա ոչ մէկ բան կը փոխէ, որովհետեւ այն հարցերը, որոնց վերաբերեալ մենք այդքան ալ համաձայն չենք, այնքան ալ էական չեն, եթէ կան բազմաթիւ ռազմավարական բնոյթի հարցեր, որոնց շուրջ մենք համաձայն ենք: Ուստի շատ ուրախ եմ այսօրուան հանդիպումին համար: Ես այս ընթացքին ալ որոշակի կապեր ունեցած եմ եւ միշտ ալ պատրաստակամութիւն յայտնած եմ, որ այս կապերը շարունակուին եւ նոր իմաստ ստանան»:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Եագուպեան հանդիպումի մասնակիցներուն անունով ողջունեց վարչապետին Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը` ըսելով. «Մեզի համար մեծ հպարտութիւն է ձեզ հոս դիմաւորելը: Դաշնակցութեան, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի մեր կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն անունով ձեզի բարի գալուստ կը մաղթենք: Մեզի համար իսկապէս նշանակութիւն ունի ձեր ներկայութիւնը հոս, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան ընթացքին մեր ժողովուրդը իսկապէս հաւաքաբար միահամուռ ձայն բարձրացուց եւ այդ ձայնին մէջ բիւրեղացուց այն տեսլականը, որ մեր կազմակերպութեան համար պայքարի առարկայ եղած է աւելի քան 128 տարի: Այդ իմաստով նկատել կու տանք եւ կը հաստատենք, որ այդ շարժումը, ամէն բանէ բացի, պահանջատիրութեան, արդար կարգերու հաստատման, տնտեսական կայունութեան, ազգային տեսլականի նկատմամբ յանձնառութեան յոյս արթնցուց` յոյս, որ ժողովուրդի վերապրելուն համար անյետաձգելի էր եւ կարեւոր: Մենք ատիկա կը գնահատենք, ինչպէս նաեւ կը գնահատենք ձեր` այդ իրականութեան խորհրդանիշը ըլլալը: Մեզի համար այդ շարժումը ժողովուրդը հաւաքելու, մեր միասնականութեան կանչը ամրագրելու, մեր տեսլականները եւ ժողովուրդի համահայկականութիւնը խարսխելու, արտայայտելու լաւագոյն արտացոլացումներէն էր: Մեր յոյսը եւ ակնկալիքն է, որ այդ համախմբման տեսլականը կը շարունակուի ապագային, եւ յոյս կ՛ունենանք, որ հեռու պիտի մնանք մեր ժողովուրդը տարանջատող բաժանարար գիծերէ, սակայն միշտ օրէնքի գերակայութիւնը գնահատելով եւ միշտ Սահմանադրութիւնը ամէն բանէ բարձր դասելով»:
Համահայկականութեան օրակարգի ձեւաւորման եւ կեանքի կոչման պարունակին մէջ, վարչապետը եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի ներկայացուցիչները կարեւոր նկատեցին Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու կառուցայնացումը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան տեղեկացուց, որ ստեղծուած է Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդ, որուն մաս կը կազմեն շարք մը կազմակերպութիւններ, եւ աշխատանք կը տարուի կառոյցին մէջ սփիւռքահայերու ներգրաւուածութեան շրջանակը կարելի եղածին չափ ընդարձակելու: Ըստ անոր, անիկա լաւ հարթակ է Արեւմտեան Ամերիկա բնակող եւ գործունէութիւն ծաւալող հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, նաեւ` համազգային հարցերու մէջ` Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ապահովման եւ զարգացման գործին մէջ առաւելագոյն ներդրում ունենալու համար:
Վարչապետ Փաշինեան եւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները քննարկեցին Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւններու բնոյթին եւ վերաիմաստաւորման, համահայկականութեան օրակարգի ձեւաւորման, հայապահպանութեան, յեղափոխութեան ընթացքին կիներու ներգրաւուածութեան, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, տնտեսութեան զարգացման, դատական համակարգի բարեփոխումներու, ընկերային արդարութեան հաստատման, Հայաստանի զարգացման հոլովոյթին մէջ սփիւռքի ամբողջական եւ լիարժէք մասնակցութեան ձեւաչափին վերաբերող հարցեր: