Վարչապետ Փաշինեան. “2020-ը Ռազմավարական խնդիրներու լուծումով զբաղելու ժամանակաշրջան պէտք է ըլլայ”

14 de enero de 2020

Հա­յաստա­նի վարչա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեան 2019 թուա­կա­նը յա­ջո­ղած տա­րի նկա­տեց: Կա­ռա­վա­րութեան նիստին սկիզբը ան նշեց, որ 2018-2019 թուա­կաննե­րուն կա­րե­լի ե­ղաւ լուծել օ­րա­կարգի կարճա­ժամկէտ բո­լոր խնդիրնե­րը, եւ 2020 թուա­կա­նը պէտք է արդէն ռազմա­վա­րա­կան խնդիրնե­րու լուծումով զբա­ղե­լու ժա­մա­նա­կաշրջան ըլլայ: “Ես կը կարծեմ` 2020 թուա­կա­նը բաւա­կան լաւ սկսած ենք, եւ այն նո­րա­ցուած հա­յե­ցա­կարգը, որ մենք ա­ռա­ջարկե­ցինք Հա­յաստա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն եւ ոչ միայն Հա­յաստա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն, ըստ էութեան ինքզինք արդա­րա­ցուց”, նշեց ան:

Ըստ վարչա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեա­նի, 2020-ը զբօ­սաշրջա­յին ա­ռումով աւե­լի լաւ տա­րի պի­տի ըլլայ, ա­տոր ազդակնե­րը կան` օ­դա­նաւա­յին նոր ընկե­րութիւննե­րու մուտքը հայկա­կան շուկայ, մի­ջազգա­յին լրա­տուա­մի­ջոցնե­րուն կողմէ Հա­յաստան այցե­լե­լու յանձնա­րա­րա­կաննե­րը, ո­րոնք կ՛ենթադրեն սպա­սարկման մա­կարդա­կը բարձրացնե­լու ուղղութեամբ աշխա­տանք տա­նիլ:
Վարչա­պե­տը անդրա­դարձաւ ընկե­րա­յին ցանցե­րուն վրայ կա­տա­րուող քննարկումնե­րուն, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին կա­ռա­վա­րութեան ո­րո­շումով “Հա­յաստանն իմ օ­ճախն է, ժո­ղո­վուրդը` իմ ընտա­նի­քը” վա­հա­նակնե­րու տե­ղադրման` շեշտե­լով, որ նպա­տակ չունի դառնալ ժո­ղո­վուրդին հայրը. “Մեկնա­բա­նութիւններ ե­ղան, թէ այդ կարգա­խօ­սի գա­ղա­փա­րա­խօ­սութիւնը այն է, որ երկրի ղե­կա­վա­րը ստա­նայ ժո­ղո­վուրդի հօր կարգա­վի­ճակ: Մենք նման նպա­տակ չունինք: Կ՛ուզեմ յի­շեցնել, որ ընտա­նի­քին մէջ միայն հայրեր չէ, որ գո­յութիւն ունին: Գո­յութիւն ունին զաւակներ, եղբայրներ, քոյրեր, ու մենք մեր գա­ղա­փա­րա­կան տրա­մա­բա­նութիւնը շա­տոնց դրած ենք”, յայտնեց վարչա­պե­տը:

Փա­շի­նեան ը­սաւ, որ իր խումբը կա­ռա­վա­րութեան ղե­կա­վա­րի գործա­ռոյթը կը պատկե­րացնէ բա­ցա­ռա­պէս Հա­յաստա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ծա­ռա­յութեան ձեւով:
Հա­յաստա­նի մէջ աղքա­տութեան մա­սին խօ­սե­լով` վարչա­պետ Փա­շի­նեան ը­սաւ, որ Հա­յաստա­նի քա­ղա­քա­ցիին հա­մար աղքա­տութիւնը յաղթա­հա­րե­լու մի­ջո­ցը աշխա­տանքն է` դի­տել տա­լով, որ Հա­յաստան ե­կող յա­ճա­խորդնե­րուն փոքր ու մի­ջին գործա­րա­րութիւն կա­տա­րե­լու դիւրութիւն տա­լու հա­մար, 1 յունուա­րէն այդ գործա­րա­րութիւննե­րը զերծ կա­ցուցուած են հարկե­րէն:
Եզրա­փա­կե­լով Փա­շի­նեան ը­սաւ, որ երկա­րա­ժամկէտ ա­ռումով լաւ ապրե­լու գրաւա­կա­նը կրթութիւնն է: