Վերաքննիչ դատարանը որոշեց՝ Քոչարեանը պէտք է կրկին կալանաւորուի

07 de diciembre de 2018

Robert KocharianՀՀ վերաքննիչ դատարանը հրապարակեց ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի վերաբերեալ վերաքննիչի որոշումը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը, ՀՀ վերաքննիչ դատարանը որոշած է մերժել պաշտպաններուն բողոքները:

«Առաջին ատեանի դատարանի որոշումը մնացած է անփոփոխ»,- նշած է Քոչարեանի պաշտպան Հայկ Ալումեան:

Առաջին ատեանի դատարանը նախապէս որոշած էր Ռոբերտ Քոչարեանի որպէս խափանման միջոց ընտրել կալանքը:

2008-ի Մարտ 1-2-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործով նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած ապացոյցներու բաւարար համակցութեան հիման վրայ 2018 թուականի Յուլիս 26-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 300.1-ին յօդուածի 1-ին մասով այն բանի համար, որ ան այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ տապալած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը: