Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոցը

08 de enero de 2016

GulbenkianԱւելի քան 80 տարիներու ազգանուէր ծառայութեամբ, Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցը հալեպահայութեան համար մասնաւորապէս ու սուրիահայութեան՝ ընդհանրապէս, եղաւ բարիք մը, մանաւանդ գաղթական հայութեան բեկորներուն համար, որոնք Ցեղասպանութեան դառն ճակատագիրը ճաշակելով կազմեցին իրենց բոյնը ասպնջական սուրիական հայրենիքէն ներս:

Մայրանոցը ծննդեան տուն եղաւ ու հասաւ բոլորին անխտիր, առանց յարանուանական, հատուածական ու քաղաքական գոյն տալու այս ազգօգուտ հիմնարկին: Մայրանոցին մէջ ծնան յաջորդական սերունդներ եւ այսօր անոնք ակնածանքով կը յիշեն անոր կատարած բարեսիրական մեծ գործը:

Դժբախտաբար, սուրիական պատերազմին հետեւանքով, Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցն ալ, ի շարս ազգային այլ հաստատութիւններու, ստիպուած եղաւ ժամանակաւորապէս փակելու իր դռները: Վերջին քանի մը տարիներուն «Կիւլլապի Կիւլպէնկեան» հաստատութեան մայրանոցը, իր աշխարհագրական դիրքով աւելի հանդարտ վայր մը ըլլալով հայաշատ թաղամասին մէջ, ժամանակաւորապէս դարձաւ ապահով երդիք մը հայ ծերանոցի տարեցներուն համար, քանի որ պատերազմին պատճառով ծերանոցի շէնքը ռմբակոծուած եւ վնասուած էր:

«Կիւլլապի Կիւլպէնկեան» հաստատութեան տնօրէն խորհուրդը 25Դեկտեմբեր 2015ին յայտարարած է համայն հալեպահայութեան, որ Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցը՝ բարեսիրական հիմնարկ մը, դարձեալ կը վերադառնայ իր աւանդական առաքելութեան, վերահաստատելով շէնքի առաջին յարկը իբրեւ հիւանդանոց: Նաեւ, «Կիւլլապի Կիւլպէնկեան» հաստատութեան տնօրէն խորհուրդի որոշումով, ժամանակաւորապէս իր համալիրին մէջ ապաստան տալով հանդերձ, պիտի շարունակէ իր դռները բաց պահել մեր տարեցներուն առջեւ, մինչեւ բարի աւարտը տխուր պատերազմին եւ անոնց վերադարձը դէպի հայ ծերանոցի շէնքը:

Հալեպի մէջ, հաստատութեան եւ համալիրին լիազօր ներկայացուցիչ Օհաննէս Օհաննէսեան շուտով պիտի ձեռնարկէ վերաբացումի նախնական աշխատանքներուն, որպէսզի մայրանոցը վերագտնէ իր անցեալի հմայքը եւ վերընդունի մայրերը իր հիւանդանոցէն ներս:

Կիւլպէնկեան մայրանոցին վերաբացումը յոյս, անվտանգութիւն, կայունութիւն եւ աշխատավայր կը հայթայթէ Հալէպի բնակիչներուն:

Շուտով հալեպահայութեան ուշադրութեան պիտի յանձնուի նոր զարգացումները Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցին հետ կապուած: Մինչ այդ, «Կիւլլապի Կիւլպէնկեան» հաստատութիւնը Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ մնայուն խաղաղութիւն կը մաղթէ Սուրիական Հանրապետութեան եւ հալեպահայութեան:
 
Կիւլլապի Կիւլպէնկեան
Հաստատութեան Տնօրէն Խորհուրդ