Վիեննայի մէջ կայացան Հայաստանի վարչապետին ու Ազրպէյճանի նախագահին բանակցութիւնները

30 de marzo de 2019

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւնները:

Հանդիպումը սկսած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Էնտրու Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի մասնակցութեամբ:

Այնուհետեւ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող քննարկումները շարունակած են առանձին, իսկ հանդիպումի աւարտին համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները կրկին միացած են անոնց:

Ըստ հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հրապարակած յայտարարութեան,  հանդիպումը կայացած է դրական եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ եւ կարելիութիւն ընձեռուած է երկու ղեկավարներուն` պարզաբանելու իրենց դիրքորոշումը: Անոնք միտքեր փոխանակած են լուծման հոլովոյթին վերաբերող կարգ մը հիմնական հարցերու շուրջ: «Երկու ղեկավարները ընդգծած են խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ստեղծման եւ բանակցային հոլովոյթին մէջ հետագայ յստակ եւ զգալի քայլերու ձեռնարկելու կարեւորութիւնը` տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու նպատակով»:

«Հանդիպումին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը վկայակոչած են Տուշանպէի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, կարեւոր նկատած են զինադադարի դրութեան ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերու իրականացումն ու ուղիղ հաղորդակցութեան մեքանիզմներու բարելաւումը: Զրուցակիցները ընդգծած են բանակցային հոլովոյթին համար բարենպաստ եղող, տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու նպատակով նպաստաւոր մթնոլորտ ձեւաւորելու եւ այդ ուղղութեամբ շօշափելի քայլեր կատարելու կարեւորութիւնը: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է իրականացնել մարդասիրական շարք մը նախաձեռնութիւններ:

«Կողմերը յանձնարարած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում ունենալու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ` համաձայնելով շարունակել երկխօսութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ: