Վիկտոր Համբարձումեան (1908-1996) Աշխարհահռչակ աստղագէտը եւ իրաւատէր հայը

18 de septiembre de 2017

ViktorՍեպ­տեմ­բեր 18ի այս օ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը իր մե­ծար­ժէք զա­ւակ­նե­րէն ­Վիկ­տոր ­Համ­բար­ձու­մեա­նի։

Ար­դի աստ­ղա­գի­տու­թեան ան­վի­ճե­լի հսկա­նե­րէն կը հան­դի­սա­նայ 1908ին, ­Թիֆ­լի­սի մէջ, Հա­մա­զասպ ­Համ­բար­ձու­մեա­նի յար­կին տակ ծնած հայ գի­տա­կան մտքի այս բա­ցա­ռիկ ծնուն­դը։

Վիկ­տոր ­Համ­բար­ձու­մեան, իր ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին իսկ, աշ­խար­հով մէկ հռչա­կո­ւե­ցաւ իբ­րեւ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու մե­ծա­գոյն աստ­ղա­գէտ­նե­րէն մէ­կը։

Ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րէն իր ա­նու­նին կա­պեց հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րո­ղու­թեամբ գի­տա­կան յայտ­նա­գոր­ծում­ներ։

— Ե­ղաւ հիմ­նա­դիրն ու ղե­կա­վա­րը, 1934ին, ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան ա­ռա­ջին Աստ­ղաբ­նա­գի­տու­թեան ամ­պիո­նին։
— ­Մին­չեւ 1941 թո­ւա­կա­նը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս վա­րեց տնօ­րէ­նու­թիւ­նը ­Լե­նինկ­րա­տի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի աստ­ղա­դի­տա­րա­նին։
— 1961-1964ին նա­խա­գահ ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Մի­ջազ­գա­յին Աստ­ղա­գի­տա­կան ­Միու­թեան։
— Եր­կու շրջան, 1968էն 1972, ստանձ­նեց նա­խա­գա­հու­թիւ­նը հա­մաշ­խար­հա­յին Գի­տա­կան ­Միու­թիւն­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դին։

Իբ­րեւ աշ­խար­հահռ­չակ աստ­ղա­գէ­տի՝ մի­ջազ­գա­յին տա­րո­ղու­թեամբ գի­տա­կան մտքի բարձ­րա­գոյն դիր­քե­րէն, ­Վիկ­տոր ­Համ­բար­ձու­մեան նոր ժա­մա­նակ­նե­րու մարդ­կու­թեան ա­ւանդ կտա­կեց բնա­գի­տա­կան ի­մա­ցու­թեան ան­դուլ զար­գաց­ման, վե­րա­նայ­ման ու նո­րո­վի հաս­տա­տագր­ման իր մշտա­նո­րոգ պատ­գա­մը.-

«Ք­սա­նե­րորդ դա­րի աստ­ղա­գի­տու­թեան մէջ տե­ղի է ու­նե­նում ահ­ռե­լի յե­ղա­փո­խու­թիւն, մի­գու­ցէ իր կա­րե­ւո­րու­թեամբ հա­մե­մա­տե­լի` կո­պեռ­նի­կո­սեան յե­ղա­փո­խու­թեան հետ: Դա պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է ­Տիե­զեր­քում ո­րա­կա­պէս նոր տե­սա­կի գո­յա­ցու­թիւն­նե­րի` գա­լակ­տի­կա­նե­րի գոր­ծուն մի­ջուկ­նե­րի (ո­րոնց մէջ տե­ղի են ու­նե­նում ահ­ռե­լի պայ­թիւն­ներ), քվա­զիաստ­ղա­յին ռա­դիօ-աղ­բիւր­նե­րի (քվա­զար­նե­րի) եւն. յայտ­նա­բեր­մամբ: ­Պար­զո­ւեց, որ այդ տիե­զե­րա­կան մար­մին­նե­րում ըն­թա­ցող ե­րե­ւոյթ­նե­րը ամ­բող­ջո­վին ան­սո­վոր են, եւ դրանք անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն ա­ռա­ջաց­րին՝ ար­մա­տա­պէս վե­րա­նա­յե­լու բազ­մա­թիւ աստ­ղա­ֆի­զի­կա­կան, տիե­զե­րած­նա­կան, տիե­զե­րա­բա­նա­կան պատ­կե­րա­ցում­ներ եւ տե­սու­թիւն­ներ` կաս­կա­ծի տակ դնե­լով նաեւ ներ­կա­յումս յայտ­նի ֆի­զի­կա­յի հիմ­նա­րար օ­րէնք­նե­րի հա­մընդ­հա­նուր բնոյ­թը: ­Չի բա­ցառ­ւում, որ ­Տիե­զեր­քի հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը ար­դէն ոչ-հե­ռու ա­պա­գա­յում կը յան­գեց­նի ֆի­զի­կա­կան ի­մա­ցու­թեան ամ­բողջ հա­մա­կար­գի նոր յե­ղա­փո­խու­թեան»:

Թէեւ Վ. ­Համ­բար­ձու­մեան գի­տա­կա­նօ­րէն կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Լե­նինկ­րա­տի մէջ եւ դար­ձաւ խորհր­դա­յին ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կան­նե­րու փա­ղան­գին յա­ռա­ջա­պահ ջա­հա­կիր­նե­րէն մէ­կը, այ­սու­հան­դերձ՝ ա­նոր սիր­տը միշտ կա­պո­ւած մնաց հայ­րե­նի լեռ­նե­րուն՝ Հա­յաս­տան Աշ­խար­հին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին։

Երբ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­մէ­նէն բուռն մէկ հանգ­րո­ւա­նին, 1943ին, ­Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նը ար­տօ­նու­թիւն ստա­ցաւ հիմ­նե­լու ­Գի­տու­թիւն­նե­րու իր Ա­կադ­միան, ­Վիկ­տոր Համ­բար­ձու­մեան փու­թաց Ե­րե­ւան։ ­Նո­րաս­տեղծ Ա­կա­դե­միա­յի ա­ռա­ջին նա­խա­գահ ընտ­րո­ւե­ցաւ մե­ծա­նուն հայ գիտ­նա­կան ­Յով­սէփ Օր­բե­լին, իսկ Վ. ­Համ­բար­ձու­մեա­նի վստա­հո­ւե­ցաւ փոխ-նա­խա­գա­հու­թիւ­նը։ 1947ին Վ. ­Համ­բար­ձու­մեան ընտ­րո­ւե­ցաւ Գի­տու­թիւն­նե­րու Ա­կա­դե­միա­յի նա­խա­գահ եւ այդ պաշ­տօ­նին վրայ վե­րընտ­րո­ւե­ցաւ շա­րու­նակ, մին­չեւ 1993 թո­ւա­կա­նը, երբ հռչա­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Գի­տու­թիւն­նե­րու Ա­կա­դե­միա­յի պա­տո­ւոյ նա­խա­գա­հը։

Վիկ­տոր ­Համ­բար­ձու­մեա­նի մե­ծա­գոյն նո­ւա­ճու­մը ե­ղաւ հիմ­նադ­րու­թիւ­նը ­Բիւ­րա­կա­նի Աստ­ղա­դի­տա­րա­նին, ո­րուն ան­փո­փոխ տնօ­րէ­նը մնաց մին­չեւ 1988 թո­ւա­կա­նը՝ հա­մաշ­խար­հա­յին ար­ժէ­քով գի­տա­կան կա­րե­ւո­րա­գոյն կեդ­րո­նի մը վե­րա­ծե­լով զայն եւ գիտ­նա­կան­նե­րու ամ­բողջ սե­րունդ մը հասց­նե­լով։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին, իր կեն­դա­նու­թեան ար­դէն, ­Վիկ­տոր ­Համ­բար­ձու­մեան հպար­տու­թեան ա­ռաս­պե­լա­կան խորհր­դա­նիշ մը դար­ձաւ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։ ­Տար­բեր ալ չէր կրնար ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ որ­քան հան­ճա­րեղ էր ան իբ­րեւ գիտ­նա­կան, այն­քան մեծ էր իբ­րեւ ­Հա­ւա­տա­ւոր ­Հայ, որ բազ­մա­չար­չար իր ժո­ղո­վուր­դին ան­ժա­ման­ցե­լի դա­տը միշտ աշ­խար­հին յի­շեց­նե­լու եւ ար­դա­րու­թիւն պա­հան­ջե­լու յանձ­նա­ռու­թեամբ ապ­րե­ցաւ։

Թե­րեւս պայ­ման­նե­րու բեր­մամբ օ­տա­րի հետ իր կնքած ա­մուս­նու­թիւ­նը պատ­ճառ մըն էր, կամ՝ թե­րեւս պար­զա­պէս աստ­ղե­րու եւ տիե­զեր­քի հետ հա­րա­զա­տօ­րէն հա­ղոր­դակ­ցե­լու մղու­մին ար­դիւնք էր, որ ­Վիկ­տոր ­Համ­բար­ձու­մեան գե­րա­գոյն սրբու­թեան պէս պաշ­տեց իր մայ­րե­նի լե­զուն։ Եւ բնաւ պա­տա­հա­կան չէ, որ աշ­խար­հահռ­չակ աստ­ղա­գէ­տը սե­րունդ­նե­րուն կտա­կեց ի­րա­ւա­տէր՝ ­Հա­ւա­տա­ւոր ­Հա­յու հե­տե­ւեալ պատ­գա­մը.-

«Ինձ յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րին, թոռ­նե­րիս, ծոռ­նե­րիս կտա­կում եմ տի­րա­պե­տել հա­յոց լե­զո­ւին: Ա­մէն մէ­կը պէտք է իր պարտ­քը հա­մա­րի ու­սում­նա­սի­րել հա­յոց լե­զուն, գրա­գէտ լի­նի հա­յե­րէ­նից, ան­կախ այն բա­նից, թէ քա­նի տո­կոս է նրա մէջ հայ­կա­կան ա­րիւ­նը: Այդ տո­կո­սը ո­չինչ չի նշա­նա­կում:

«­Մենք փո­խան­ցում ենք սե­րունդ­նե­րին ոչ թէ ա­րիւն, այլ գա­ղա­փար­ներ եւ գա­ղա­փար­նե­րի մէջ ինձ հա­մար ա­մե­նա­թան­կը հա­յոց լե­զուն է:
«Այդ կա­պակ­ցու­թեամբ իւ­րա­քան­չիւր սե­րունդ պար­տա­ւոր է սո­վո­րեց­նել յա­ջոր­դին հա­յոց լե­զու:
«­Գիտ­ցէ՛ք, որ իմ կեան­քի ա­մե­նա­մեծ եր­ջան­կու­թիւ­նը ե­ղել է ու կը մնայ — քա­նի ապ­րում եմ -, հա­յոց լե­զո­ւին տի­րա­պե­տե­լը»:

Մե­ծա­նուն հա­յը 80 տա­րե­կան էր, երբ հայ ժո­ղո­վուր­դը Ար­ցա­խի միաց­ման պա­հան­ջով ոտ­քի ե­լաւ եւ պատ­մու­թեան ան­կու­մա­յին ըն­թաց­քը շրջող՝ սրբագ­րող իր ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի նո­րա­գոյն պոռթ­կու­մը շղթա­յա­զեր­ծեց։

Վիկ­տոր ­Համ­բար­ձու­մեան ոչ միայն 1988ի Ար­ցա­խեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան շարժ­ման ա­ռաջ­նորդ Ա­ւագ­նե­րու ­Խոր­հուր­դին ո­գեշն­չող ու­ժը դար­ձաւ, այ­լեւ իբ­րեւ ­Խորհր­դա­յին Միու­թեան հա­մա­միու­թե­նա­կան խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր՝ ­Սիլ­վա ­Կա­պու­տի­կեա­նի եւ ­Զօ­րի ­Բա­լա­յեա­նի հետ անձ­նա­պէս դի­մեց հա­ցա­դու­լի, բո­ղո­քե­լու հա­մար ատր­պէյ­ճա­նեան իշ­խա­նու­թեանց գոր­ծադ­րած հա­կա­հայ սպան­դին, ինչ­պէս նաեւ Կոր­պա­չով­նե­րու վա­րած երկ­դի­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ։

Ար­ձա­նագ­րո­ւած փաստ է, որ հա­ցա­դու­լին ա­ռի­թով, Խ. ­Միու­թեան այդ օ­րե­րու թիւ 1 իշ­խա­նա­ւո­րը՝ ­Մի­խա­յիլ ­Կոր­պա­չով յա­տուկ բա­նագ­նաց ու­ղար­կեց մե­ծա­նուն հա­յուն մօտ, նախ Վ. ­Համ­բար­ձու­մեա­նի ծննդեան ութ­սու­նա­մեա­կը շնոր­հա­ւո­րե­լու, բայց նաեւ յոր­դո­րե­լու ութ­սու­նա­մեայ հայ պա­հան­ջա­տէ­րին, որ խնա­յէ իր ա­ռող­ջու­թեան եւ վերջ տայ հա­ցա­դու­լին…
Աշ­խար­հահռ­չակ աստ­ղա­գէ­տին պա­տաս­խա­նը ե­ղաւ.-

«Խնդ­րում եմ ­Մի­խա­յիլ ­Սեր­գէ­յե­ւի­չին փո­խան­ցել, որ ե­թէ ին­քը խնդրում է դա­դա­րեց­նել քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կու­մը, ա­պա կա­րող էր նշել նաեւ հա­ցա­դուլ յայ­տա­րա­րած իմ ըն­կեր­նե­րի ա­նուն­նե­րը: ­Թէ չէ, մի տե­սակ լաւ չի ստաց­ւում: Ն­րան նաեւ փո­խան­ցէք, որ մենք կը գնանք մին­չեւ վերջ եւ որ ան­ձամբ ես եր­բեք չէի դի­մի նման ծայ­րա­յեղ մի­ջո­ցի, ե­թէ վստահ չլի­նէի իմ ի­րա­ւա­ցիու­թեա­նը»:A

Մե­ծա­նուն ­Հա­յը տե­սաւ Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­մը, ինչ­պէս նաեւ ու մա­նա­ւանդ՝ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մը։

Վախ­ճա­նե­ցաւ 12 Օ­գոս­տոս 1996ին, 88 տա­րե­կան հա­սա­կին եւ յա­ւեր­ժա­կան իր հան­դիս­տը գտաւ իր ձե­ռա­կեր­տը հան­դի­սա­ցող ­Բիւ­րա­կա­նի Աստ­ղա­դի­տա­րա­նի մեր­ձա­կայ­քը, աստ­ղա­դի­տա­րա­նի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ՝ սե­րունդ­նե­րուն պատ­գա­մե­լով.-

A«Ա­ռանց ե­րե­ւա­կա­յու­թեան հո­գին նոյնն է, ինչ աստ­ղա­դի­տա­րա­նը ա­ռանց հե­ռա­դի­տա­կի»։