Տեղի ունեցաւ «Համագործակցութիւն Յանուն Արդարութեան եւ Խաղաղութեան» խորագիրով Արցախի Բարեկամներու ժողովը

15 de octubre de 2019

11 հոկտեմբե­րին Ստե­փա­նա­կերտի մէջ տե­ղի ունե­ցաւ ՀՅԴ-ի եւ Արցա­խի արտա­քին գործոց նա­խա­րա­րութեան կազմա­կերպած` «Հա­մա­գործակցութիւն յա­նուն արդա­րութեան եւ խա­ղա­ղութեան» խո­րա­գի­րը կրող Արցա­խի բա­րե­կամնե­րու քա­ռօ­րեայ հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն կը մասնակցին 30 երկիրնե­րէ 150 հա­սա­րա­կա­կան, քա­ղա­քա­կան գործիչներ եւ մտաւո­րա­կաններ:
Բացման նիստին արտա­սա­նուած պաշտօ­նա­կան խօսքե­րուն մէջ լուսարձա­կի տակ առնուե­ցաւ Արցա­խի գե­րիշխա­նութեան պահպանման անհրա­ժեշտութիւնը, մի­ջազգա­յին մա­կարդա­կի վրայ ա­նոր ներկա­յութեան կա­րեւո­րութիւնն ու այս ա­ռումով Արցա­խի բա­րե­կամ բարձրաստի­ճան անձնաւո­րութիւննե­րուն ունե­ցած մեծ ու օգտա­շատ ներդրումը:

Նա­խա­գահ Սա­հա­կեան. «Բարձր Կը Գնա­հա­տենք Ձեր Ա­ռա­քե­լութիւնը»
Հա­մա­ժո­ղո­վին մասնա­կիցնե­րը ողջունեց Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան, որ ողջունեց նման նա­խա­ձեռնութիւն մը` զայն իւրա­յա­տուկ նկա­տե­լով թէ՛ բո­վանդա­կութեան, թէ՛ մասնա­կիցնե­րու ա­ռումով: «Ժո­ղովրդա­վա­րա­կան սկզբունքնե­րու եւ մարդա­սի­րա­կան արժէքնե­րու նուի­րուա­ծութեամբ տա­րի­ներ շա­րունակ քրտնա­ջան աշխա­տանքներ կը տա­նիք` ուղղուած Արցա­խի սա­տարման, մի­ջազգա­յին տարբեր հարթակնե­րու վրայ մեր երկրի մա­սին փաստա­ցի տե­ղե­կա­տուութեան ներկա­յացման, երկկողմ յա­րա­բե­րութիւննե­րու զարգացման, Արցա­խի մէջ տարբեր ծրա­գիրնե­րի ի­րա­կա­նացման: Մենք ե­րախտա­պարտ ենք ձեզ այս բո­լո­րին հա­մար եւ բարձր կը գնա­հա­տենք ձեր ա­ռա­քե­լութիւնը եւ ուրախ ենք, որ ունինք ձե­զի նման ընկերներ եւ բա­րե­կամներ», ը­սաւ ան:
Նա­խա­գա­հը դի­տել տուաւ, որ անկախ, ինքնիշխան, հզօր պե­տութիւն կերտե­լը Արցա­խի պե­տա­կա­նա­շի­նութեան տեսլա­կանն է եւ հիմքը, ո­րուն հիմնա­կան սիւնե­րէն են Հա­յաստա­նի ու սփիւռքի ե­ռա­միասնութիւնը եւ ժո­ղովրդա­վա­րա­կան արժէքնե­րու ու սկզբունքնե­րու առկա­յութիւնը:
Ա­պա ան խօ­սե­ցաւ Արցա­խի ա­պա­հո­վութեան եւ տագնա­պի լուծման մէջ Արցա­խը նե­րա­ռե­լու կա­րեւո­րութեան մա­սին: «Մե­զի հա­մար կա­րեւո­րա­գոյն հրա­մա­յա­կան է Արցա­խի անվտանգութեան լիարժէք ա­պա­հո­վումը բո­լոր հարթութիւննե­րուն վրայ: Անվտանգութեան խնդիրնե­րը ա­ռաջնա­յին են նաեւ բա­նակցա­յին գործընթա­ցին մէջ: Մենք կողմնա­կից ենք Ազրպէյճա­նի հետ մեր յա­րա­բե­րութիւննե­րու խա­ղաղ կարգաւորման բա­նակցա­յին սե­ղա­նի շուրջ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբա­կի հո­վա­նիին տակ: Այստեղ լուրջ յա­ջո­ղութիւննե­րու գրանցումը անկա­րե­լի է ա­ռանց բա­նակցա­յին գործընթա­ցի լիարժէք ձեւա­չա­փի վե­րա­կանգնման` Արցա­խի լիի­րաւ մասնակցութեամբ:
«Ակնյայտ է, որ Արցա­խի ճա­կա­տա­գի­րը չի կրնար ո­րո­շուիլ ա­ռանց ա­նոր մասնակցութեան, եւ մե­զի հա­մար չի կրնար ըլլալ վե­րա­դարձ անցեալ: Արցա­խի արտա­քին քա­ղա­քա­կա­նութեան հիմքե­րը կը շա­րունա­կեն մնալ հաւա­սա­րակշռուա­ծութեան եւ բազմաուղղուա­ծութեան սկզբունքնե­րը: Մե­զի հա­մար հրա­մա­յա­կան է հաւա­սա­րա­պէս բա­րիդրա­ցիա­կան յա­րա­բե­րութիւննե­րու պահպա­նումը, ինչպէս Եւրո­պա­յի, Միա­ցեալ Նա­հանգնե­րու, Ռուսիոյ, այնպէս ալ շրջա­նա­յին պե­տութիւննե­րու հետ: Ը­նե­լիքներն ու խնդիրնե­րը բազմա­զան են, բայց միանգա­մայն ի­րա­տե­սա­կան: Հա­մո­զուած եմ, որ մենք կը յա­ջո­ղինք արդիւնաւէ­տօ­րէն լուծել զա­նոնք, եւ այս ճա­նա­պարհին յա­տուկ նշա­նա­կութիւն ունի նման ձեռնարկնե­րու ի­րա­կա­նա­ցումը», եզրա­փա­կեց Բա­կօ Սա­հա­կեան:

Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուրեան. «Այսօր Ձեր Մի­ջո­ցով Աշխարհը Արցախ Ե­կաւ»
ՀՅԴ Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցիչ Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուրեան իր խօսքին մէջ պատմա­կան անդրա­դարձ կա­տա­րեց արցա­խեան գո­յա­մարտի ա­կունքնե­րուն եւ ընդգծեց արցախցիին ա­զա­տա­սի­րա­կան ո­գիին ուժը` շեշտե­լով, որ ան փաստեց, թէ կեանքի գնով պատրաստ է պայքա­րե­լու ա­զա­տութեան հա­մար:
«Ժո­ղո­վուրդը դի­մադրեց, տո­կաց եւ նոյնիսկ հա­մայնա­վա­րա­կան վարչա­կարգին տակ գո­յա­տեւեց` պա­հանջե­լով, որ խորհրդա­յին պե­տա­կան իշխա­նութեան լուռ մեղսակցութեամբ Ազրպէյճա­նին պա­տանդ տրուած հպարտ Արցա­խը իր հայկա­կան դի­մա­գիծն ու ինքնա­վա­րութիւնը պահպա­նէ», նշեց ան:
Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուրեան զարմա­նա­լի չնկա­տեց արցա­խեան շարժման մեկնարկը, քա­նի որ ա­նի­կա յա­ջորդեց Պա­քուի, Սումկա­յի­թի ջարդե­րուն ու նոր տե­ղա­հա­նութիւննե­րուն: Պա­տասխա­նը ե­ղաւ այն, որ Արցա­խի ժո­ղո­վուրդը կազմա­կերպեց հանրա­քուէ եւ հռչա­կեց իր անկա­խութիւնը: Ա­պա ան նախ ամրապնդեց նո­րա­հաստատ պե­տութեան հիմքե­րը, յե­տոյ ստեղծեց հզօր բա­նակ եւ, Հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութեան զուգա­հեռ, մասնակցե­ցաւ բա­նակցա­յին գործընթա­ցին, որպէսզի ամրագրուի անկա­խութիւնը:
Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուրեան ընդգծեց դե­րը ՀՅԴ Հայ դա­տի յանձնա­խումբե­րուն, ո­րոնք Արցա­խի կողքին էին ա­զա­տա­մարտի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն:
«Հո­գե­կան մեծ գո­հունա­կութեամբ կը նշենք, որ այդ պայքա­րին մէջ ունե­ցանք նե­ցուկը Արցա­խի մեր բա­րե­կամնե­րու լայն ցանցին, ո­րուն ներկա­յա­ցուցիչնե­րը` դուք, այսօր հաւա­քուած էք», ը­սաւ ՀՅԴ Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցի­չը` աւելցնե­լով. «Այսօր ձեր մի­ջո­ցով աշխարհը ե­կաւ Արցախ»:

Մա­սիս Մա­յի­լեան. «Այս Գա­ղա­փա­րի Ի­րա­գործումը Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան Կա­ռա­վա­րութեան Եւ Հյդ-Ի Մի­ջեւ Հա­մա­գործակցութեան Արդիւնք Է»
Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան արտա­քին գործոց նա­խա­րար Մա­սիս Մա­յի­լեան նշեց, որ Արցա­խին սա­տա­րողնե­րը իր շուրջը հա­մախմբե­լու գա­ղա­փա­րը 2 տա­րի ա­ռաջ ծնաւ, եւ այդ ա­ռի­թով շնորհա­կա­լութիւն յայտնեց ՀՅԴ Բիւրո­յին եւ բա­րե­րա­րին` հա­մա­ժո­ղո­վը բարձր մա­կարդա­կով կազմա­կերպելնուն հա­մար: Մա­յի­լեան հա­մա­ժո­ղո­վի մասնա­կից տարբեր երկիրնե­րու պա­տուի­րակնե­րուն ե­րախտա­գի­տութիւն յայտնեց` դժուար օ­րե­րուն Արցա­խի կողքին ըլլալնուն եւ Արցա­խի զարգացման նպաստելնուն հա­մար` հաստա­տե­լով, որ այսօր շրջա­նին մէջ ա­պա­գայ խա­ղա­ղութեան հիմքեր կը դրուին այսպի­սով:
«Ե­րախտա­պարտ ենք, որ ա­ջակցած էք արցա­խա­հա­յութեան` ա­զա­տութեան եւ արդա­րութեան հանդէպ ձգտման, որ կը նպաստէք Արցա­խի մի­ջազգա­յին կա­պե­րու զարգացման: Արցա­խի ճա­կա­տա­գի­րին մէջ ունե­ցած ձեր աւանդը անգնա­հա­տե­լի է: Եւ այսօր, զարգացնե­լով հա­մա­գործակցութիւնը, մենք շրջա­նին մէջ ա­պա­գայ խա­ղա­ղութեան հիմքե­րը կը դնենք:
«Ես անկեղծօ­րէն կը հաւա­տամ մեր հա­մա­գործակցութեան հե­ռանկարնե­րուն, քանզի ա­նոր հիմք դրուած է ընդհա­նուր արժե­հա­մա­կարգի նկատմամբ հաւա­տարմութիւնը, ուր ա­ռանցքա­յին դեր կը խա­ղան ա­զա­տութեան, հաւա­սա­րութեան, մարդու ի­րաւունքնե­րու ի­տէալնե­րը, ինչպէս նաեւ ձգտումը դէ­պի արդա­րութիւն, խա­ղա­ղութիւն եւ զարգա­ցում: Այսօր մենք այստեղ հաւա­քուած ենք, որպէսզի գնա­հա­տենք մեր հա­մա­գործակցութեան ներկա­յիս ընթացքը, միտքեր եւ նոր գա­ղա­փարներ փո­խա­նա­կենք` փոխգործակցութեան զարգացման ուղի­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ: Յոյսով եմ, որ այսօ­րուան քննարկումնե­րուն շնորհիւ կը ստեղծենք մշտա­պէս գործող հարթակ` նոր ա­ռա­ջարկնե­րու քննարկման եւ ի­րա­գործման հա­մար», յայտնեց ան:
Ամփո­փե­լով` Մա­յի­լեան վստա­հութիւն յայտնեց, որ հա­մա­ժո­ղո­վը մի­ջազգա­յին հանրութեան ուղղուած ազդակ պի­տի դառնայ այն ա­ռումով, որ Արցա­խի մե­կուսա­ցումն ու ա­նոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը մի­ջազգա­յին հա­մա­գործակցութեան կա­րե­լիութիւննե­րէն զրկե­լը անթոյլատրե­լի է: «Մեր խո­րին հա­մո­զումով` մե­կուսա­ցումը պա­տե­րազմի շա­րունա­կումն է, մինչդեռ հա­մա­գործակցութիւնը խա­ղա­ղութեան հիմքն է: Եւ բո­լո­րիս ընդհա­նուր խնդիրն է աշխա­տանք տա­նիլ այս հիմքի ամրապնդման ուղղութեամբ` յա­նուն ամբողջ շրջա­նի խա­ղաղ ա­պա­գա­յի», շեշտեց ան:
Տարբեր երկիրնե­րու պա­տուի­րա­կութիւննե­րը պի­տի մեկնին քոյր քա­ղաքներ, հանդի­պում ունե­նան տեղւոյն իշխա­նութիւննե­րուն հետ, տե­սակցութիւններ պի­տի կազմա­կերպուին Արցա­խի Ազգա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հին, պե­տա­կան նա­խա­րա­րին, Ազգա­յին ժո­ղո­վի խորհրդա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մութեան խումբե­րուն հետ: Ա­նոնք նաեւ պի­տի այցե­լեն ԹՈՒՄՕ ստեղծա­րար արհեստա­գի­տութեան կեդրոն, ե­կե­ղե­ցի, եւ այլն: