Տէր Զօրի նահատակաց յուշահամալիրին մասնայատուկ տեղը

31 de diciembre de 2017

sarkisbalmanoukianԾանօթ.- Այս յօդուածին հեղինակը՝ Սարգիս Պալմանուկեան ճարտարապետն է Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց յուշահամալիրին, որ, ինչպէս ծանօթ է, ծանր վնասներու ենթարկուած է Սուրիան քանդումի ու տառապանքի մատնող պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքով. արհաւիրքին անմասն չմնաց նաեւ Սուրիոյ մեր գաղութը։ Ան նաեւ հեղինակն է Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ այլ յուշակոթողներու։ Հեղինակին հետ կարճ զրոյցի մը պահուն, ան ըսաւ, որ այս տողերը արձանագրելու օրերուն, դառնութեամբ ապրած է Տէր Զօրը, սակայն նաեւ կը հաւատայ հայութեան վերականգնումի ու վերակառուցելու արժանիքին…

Տէր Զօր անունը անքակտելիօրէն կապուած է 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան։ Հոն՝ Տէր Զօրի անապատներուն ու շրջակայ քառայրներուն մէջ, ջարդարար թուրքերու ձեռամբ գազանաբար սպաննուեցան հարիւր-հազարաւոր հայեր, որոնց միակ յանցանքը՝ հայ եւ քրիստոնեայ ըլլալն էր…

Ամէն տարի, Ապրիլ 24ին, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ուր հայեր հարկադրաբար բնակութիւն հաստատած են Ցեղասպանութենէն ետք, կը նշուի այս ազգային տօնը։ Անոնք իրենց ապրած քաղաքներուն մէջ, մեր նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնելու համար, կառուցած են յուշարձաններ ու կոթողներ։ Հայութեան դիմագիծը պահպանելու համար, անոնք նաեւ հաստատած են եկեղեցիներ ու դպրոցներ։ Յուշարձանները ընդհանրապէս խորհրդանշական կոթողներ են եւ աշխարհին յիշել կու տան հայ ժողովուրդին ապրած մեծ ողբերգութիւնը։

Վերադառնանք պատմութեան։ Տէր Զօր քաղաքին մէջ, Ցեղասպանութենէն վերապրողներ 1930ական տարիներուն կառուցած են Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին ու անոր կից՝ հայկական վարժարան մը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած կոթող մը։ Յաջորդ տասնամեակներուն, հայերու թիւը աստիճանաբար նօսրացած է Տէր Զօրի մէջ, հետեւաբար, եկեղեցին մատնուած է անմխիթար վիճակի։

derzor1

Զուգահեռաբար, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ նոյն տարիներուն կառուցուած է նահատակաց յուշակոթող-մատուռը, իսկ աւելի ուշ, մեր մայր հայրենիքին մէջ, Երեւանի մօտակայ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին, 50ամեակի օրերուն կառուցուած է մեր նահատակներուն յիշատակին նուիրուած հանրայայտ յուշակոթող-համալիրը, իսկ անոր կից՝ Ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանը. հոն, ամէն տարի, հայրենի ժողովուրդը մեծ շուքով ու յարգանքով կը նշէ ազգային սգատօնը, պետական աւագանիին գլխաւորութեամբ։

Հայրենիքէն հեռու, Քալիֆորնիոյ Մոնթեպելլօ քաղաքի մէկ բարձունքին, նմանապէս Ցեղասպանութեան 50ամեակին առիթով, կառուցուած է հոյակերտ յուշարձան մը, որ դարձած է Լոս Անճելըսի ու շրջակայքի հայութեան ուխտավայրը. այս յուշարձանին շուրջ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ պահանջատիրական հաւաք, պետական ու քաղաքական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։

Օսմանցի թուրքերը իրենց պատմութեան մէջ վատ համբաւի տիրացած են իրենց գործած ջարդերով, ըլլա՛յ իրենց գրաւած երկիրներուն մէջ՝ Յունաստան, Պուլկարիա, Սերպիա եւ այլ, ըլլա՛յ Միջին Արեւելքի փոքրամասնութեանց դէմ, յատկապէս քրիստոնեաներու՝ հայ, մարոնի, ասորի եւ այլք։ Թուրքերը գրաւած էին նաեւ մեր Արեւմտեան Հայաստանը եւ Կիլիկիան։ Այլ ժողովուրդներու նման, հայերս եւս կը տառապէինք օսմանեան յետամնաց բռնատիրութեան տակ, ու երբ հայկական ազատագրական շարժումը ծայր տուաւ, թուրքերը որոշեցին հայկական հարցը լուծել ջարդերով ու իր պապենական հողերէն հայութեան արտաքսումով։ Հայեր տարագրուեցան դէպի Տէր Զօր, որ վերջին հանգրուանն էր հաւաքական ջարդերու։ Թուրքը տիրացաւ հայուն պատկանող կալուածներուն եւ ստացուածքներուն, դարերու մշակութային ժառանգութեանց, որոնց փճացման լծուած է մինչեւ այսօր…։

Շուրջ 30 տարի առաջ, ծնունդ առաւ հայութեան համար ահաւոր դժոխք հանդիսացած՝ Տէր Զօրի մէջ յուշակոթող մը կանգնելու մտածումը եւ շուտով իրականութիւն դարձաւ։ Ի տարբերութիւն միւս յուշարձաններուն, Տէր Զօրի յուշահամալիրը կառուցուած է Ցեղասպանութեան գլխաւոր մէկ վայրին վրայ, երբ Տէր Զօրը արդէն հոմանիշ դարձած էր մեր մեծ ողբերգութեան։ Կոթողը կոչուեցաւ Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիր, ոգեկոչելու համար յիշատակը մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն։

Տէր Զօրի յուշահամալիրին մէջ կան շարք մը խորհրդանիշեր, ինչպէս՝ հայ ժողովուրդի նահատակութիւնը, վերածնունդը, հերոսական պայքարը՝ թուրք բռնակալին դէմ, հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը, նաեւ հայուն երախտագիտական զգացումները՝ իր հողերուն վրայ ջարդերէն փրկուածները հիւրընկալելու արաբ ժողովուրդին հանդէպ։ Հոս պէտք է շեշտել, որ արաբ ժողովուրդը չի կրնար քանդած ըլլալ այս յուշակոթողը, որ նաեւ կը խորհրդանշէ հայութեան երախտագիտութիւնը հիւրընկալին հանդէպ։

Համալիրին պաշտօնական օծումը կատարուեցաւ 5 Մայիս 1991ին, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլկիոյ կաթողիկոս երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին, մասնակցութեամբ Բերիոյ թեմի օրուան առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի, որ մեծ դեր ունեցաւ շինարարական աշխատանքի ղեկավարման մէջ։ Օծման արարողութեան ներկայ էին աշխարհի տարբեր շրջաններէ եկած հազարաւոր ուխտաւորներ, երեւելի հոգեւորականներ ու անձնաւորութիւններ. բոլորն ալ եկած էին անշիրիմ նահատակներուն յիշատակը յարգելու։

Համալիրը կարճ ժամանակի մէջ դարձաւ Ցեղասպանութենէն ետք աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան ուխտատեղին, անշիրիմ նահատակներուն հաւաքական գերեզմանը։

Տարբեր առիթներով Տէր Զօր այցելած ու յարգանքով խոնարհած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներ՝ Գարեգին Բ. ու Արամ Ա., Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ., Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, յաւուր պատշաճի իրենց պատգամը ուղղելով հայութեան։ Այցելուներուն շարքին են եղած հայրենի պետական այլ անձնաւորութիւններ ու հասարակակական դէմքեր, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան երեւելի անձնաւորութիւններ։

derzor

Ցեղասպանութեան 100ամեակը Հայաստանի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ 2015ին. սգատօնին ներկայ էին կարգ մը երկիրներու նախագահները, պետական ու կրօնական ներկայացուցիչները եւ այլ յայտնի դէմքեր։ Նոյն տարին, 100ամեակը պատշաճ շուքով նշուեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին Ուաշինկթընի մէջ, ներկայութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի, Մեծի Տանն Կիկիլիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի, ինչպէս նաեւ հայկական քոյր եւ օտար եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն։ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնը կը ներկայացնէին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն եւ ՄԱԿի մօտ դեսպան Սըմանթա Փաուըր(*)։ Ներկայիս, ամերիկեան աւելի քան 45 նահանգներ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն դաշնակցային կառավառութիւնը, քաղաքական որոշ նկատառումներով, տակաւին պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայկոց Ցեղասպանութիւնը։

Վերջին տարիներուն, Պոլսոյ հայութիւնը, կարծես յաղթահարած՝ իրեն պարտադրուած «ստորակայութեան» զգացումը, քաջութիւնը ունի Ապրիլ 24ի առիթով սգահանդէսներ կազմակերպելու, պարզելով ու ցուցադրելով հայ նահատակ մտաւորականներու եւ երեւելիներու մեծադիր նկարները։ Կ՛ուզեմ շեշտել Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող երկլեզու շաբաթաթերթին ու անոր նախկին քաջարի խմբագիրին՝ Հրանդ Տինքի ունեցած բարերար դերը։ Բոլորիս ծանօթ է Հրանդ Տինքի վիճակուած ճակատագիրը. ան իր արի կեցուածքին պատճառով անարգօրէն սպաննուեցաւ իր թերթի խմբագրատան սեմին…։ Միւս կողմէ, բազմաթիւ թուրք մտաւրականներ ու հասարակական գործիչներ արդէն կ՛ընդունին Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, եւ անոնց թիւը հետզհետէ կ՛աճի։ Անոնց շարքին է Նոպէլեան մրցանակաակիր Օրհան Փամուք։

Մատուռը բազմանիստ կեդրոնագմբէթ կառոյց մըն է, որ կարելի է դիտել բոլոր կողմերէն։ Գմբէթին լուսամուտները խաչքարեր կը յիշեցնեն։ Մատրան ներսիդին կան 8 վերասլաց սիւներ, որոնք կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդի վերածնունդն ու ձգտումը՝ դէպի ազատութիւն։

Մատրան ներքնայարկը կը կոչուի Նահատակման Սրահ, որուն կեդրոնէն ու առաջին յարկին գետինին վրայ բացուածքէն՝ վեր  կը խոյանայ սիւնակոթող մը։ Կոթողի խարիսխին, ապակեայ դարաններու մէջ զետեղուած են Տէր Զօրի ու շրջակայ անապատներէն բերուած հայ անյայտ նահատակներու աճիւններ։

Համալիրին բակը շրջապատող իւրաքանչիւր ճակատ ունի ճարտարապետական ինքնուրոյն լուծում։ Խաղաղութեան նուիրուած ճակատին վրայ կայ քրիստոնէական մեր հաւատքը խորհրդանշող խաչ մը, որուն երկու կողմերուն՝ խաղաղութիւն խորհրդանշող աղաւիներ։  Հերոսներուն նուիրուած ճակատին կան երկու արծիւներու քանդակներ, որոնք կը խորհրդանշեն Հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարները՝ ի խնդիր իր գոյատեւման։

Բակին գլխաւոր ճակատը նուիրուած է հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութեան. հոն կանգնած են երկու աղբիւրներ՝ համապատասխան քանդակներով։

Ս. Նահատակաց յուշահամալիրը կառուցուած է հայկական ճարտարապետութեան հարազատ ոճով, որ ապացոյց է մեր ազգային դիմագիծին ու մեր անցեալի փառաւոր մշակութային ժառանգութեան։

Ներքնասրահին մէջ ցուցադրուած են Ցեղասպանութիւնը պատկերող լուսանկարներ, իսկ ճակատին կայ քանդակ մը, ուր հայ մայր մը իր զաւակին հայերէն Ա.Բ.Գ. կը սորվեցնէ Տէր Զօրի անապատի աւազին վրայ։

derzor2

… Ցեղասպան թուրքին ժառանգորդները մօտիկէն կը հետեւէին այս յուշակոթողի կանգնումին ու անոր ստացած արժէքին. անոնք օրին չկրցան համոզել Սուրիոյ իշխանութիւնները, որպէսզի չթոյլատրեն այսպիսի յուշակոթողի մը կառուցումը։ Հայ ժողովուրդը երախտագոտութեան խոր զգացումներ կը տածէ սուրիացի ժողովուրդին ու պետութեան նկատմամբ. պէտք է յիշել, որ օրուան նախագահը քաջածանօթ էր Սուրիոյ տարբեր բնագաւառներու զարգացման մէջ հայութեան բերած նպաստին, իսկ անոր հայրը Ցեղասպանութեան օրերուն մեծապէս օգտակար եղած է Լաթաքիոյ շրջանը ապաստանած հայ գաղթականներու։

Ոճրածին թուրքերը պատեհ առիթի մը կը սպասէին, որպէսզի քանդեն յուշակոթողը։ Անիկա աղաղակող արատ մըն էր իրենց ճակատին։

Եւ ահա առիթը ներկայացաւ, երբ քանի մը տարի առաջ Սուրիա ինկաւ «քաղաքացիական պատերազմ»ի յորձանուտին մէջ։ Ծայրայեղական ընդդիմադիրներ եւ վարձկան զինեալ խմբակներ, գրաւելով Տէր Զօրը՝ պայթեցուցին նաեւ մեր նահատակներուն յուշակոթողը, որ լուռ բայց ապրող վկայ մըն էր հայ ժողովուրդին դէմ թուրքերու ծրագրած ու գործադրած ահաւոր ոճիրին։ Քանդումն իսկ յաւելեալ վկայութիւն է այս ճշմարտութեան…

Կասկած չկայ, թէ որո՛ւն թելադրանքով կատարուեցաւ քանդումը։ Յիշեցնենք, որ համալիրին մէջ կայ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը խորհրդանշող պատ մը, որուն վրայ արաբերէնով արձանագրուած է հայութեան երախտագիտական զգացումները՝ սուրիացի արաբ ժողովուրդին նկատմամբ։ Արաբն ալ երախտամոռ չէ…

Ներկայիս, Սուրիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւնները մեծ մասամբ վերջ գտած են։ Երբ խաղաղութիւնը վերջնական ու ամբողջական կերպով վերահաստատուի, Տէր Զօրի համալիրը պիտի կառուցուի, պէ՛տք է վերակառուցուի, ու վերստին դառնայ ուխտապահ հայութեան ժամադրավայրը։

Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ մեծ փորձառութիւններ ապրած է. երբ խաղաղութիւն տիրած է, ան վերականգնած է բարբարոսներու կողմէ քանդուածը՝ անիկա ըլլայ եկեղեցի թէ պատմական կոթող։ Իսկ պէտք կա՞յ կրկնելու, թէ Տէր Զօրի յուշակոթողը ինչպիսի՛ իւրայատուկ տեղ ունի մեր բոլոր յուշակոթողներուն շարքին։