Խմբագրական “Գանձասար”-ի

Տէր Զօրի պատգամը

14 de noviembre de 2017

Dedr Zor3 նոյեմբերին Սուրիոյ բանակն ու դաշնակից ուժերը վերջնականապէս ազատագրեցին սուրիական անապատին մէջ դիմադրողականութեան ու վերածնունդի խորհրդանիշ դարձած Տէր Զօր քաղաքը: Այս յաղթանակը Սուրիոյ ժողովուրդի կեանքին մէջ անկիւնադարձ մը հանդիսացաւ` քանի մը պատճառներով.

Այստեղ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ամենավտանգաւոր թաքստոցը մէկանգամընդմիշտ ոչնչացաւ, իսկ օրեր անց անոնց վերջին որջը` Պուքամալը եւս ազատագրուեցաւ ու ՏԱՀԵՇ խարխափած նահանջեց` թալանիչ իր թաթը քաշելով Սուրիոյ քարիւղի հանքերէն ու ջրամատակարարումի գլխաւոր կեդրոններէն:

Տէր Զօրի եղեռնաշունչ անապատի աւազներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու աճիւններուն միացաւ Սուրիոյ ժողովուրդի նահատակներուն արիւնը: Միեւնոյն բարբարոսին դէմ դնող ու մարտնչող ժողովուրդներուն նահատակները, թէեւ` թիւով անհամեմատելի, Տէր Զօրի անապատին մէջ միացան ու աւազը դարձաւ անարդարութեան դէմ մշտապէս բոցավառող լաւա:

102 տարի վերջ Տէր Զօրը հաստատեց, որ անապատը ծովերէն, լեռներէն աւելի մեծ ուժ կը պարփակէ իր մէջ: Անապատի աւազներուն, Եփրատի ջուրին միախառնուած հայ նահատակներուն աճիւնները 102 տարի վերջ, այս անգամ սուրիական տագնապի բովէն դուրս եկած մեր ժողովուրդին վերապրումը, յարութիւնը աւետեցին:
Անոնց պոռթկումը աւելի ուժեղ էր երբեմն, քան` ապրողներունը:

Տէր Զօրը պատգամեց, որ արդարութեան հասնելու մէկ ուղի կայ` պայքարի ուղին, իսկ այդ ուղիին վրայ յուսահատները տեղ չունին:

Համահայկական այս ուխտատեղին գետնին հաւասար դարձնելու պատուէրով յուշահամալիր ներխուժած վարձկանները չէին իսկ ըմբռնած, որ աւազին ընդերքէն կու գար Տէր Զօրի ուժը, իսկ պայքարող ժողովուրդի մը հետքը քարաշէն իր ուխտավայրը քանդելով չէր անհետանար, որովհետեւ այդ հետքը դրոշմուած էր աւազի իւրաքանչիւր հատիկի վրայ:
Անոնք ինչպէ՞ս ըմբռնէին, որ նահատակները ապրողներուն չափ ու ապրողներէն աւելի  ուժեղ են ու դիմացկուն:

Տէր Զօրի համահայկական ուխտատեղին, երկրորդ անգամ ըլլալով, թրքական բարբարոսութեան փաստը վեր առաւ:
Այժմ Տէր Զօր կանգուն է ու վերագտած է իր ազատութիւնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հաստատեց. «Քանդուած Տէր Զօրը եւս պիտի վերաշինենք հաւաքական հաւատքով ու յանձնառութեամբ»:
Տէր Զօրի անծաղիկ անապատին մէջ կանգնած Հայոց ցեղասպանութեան համահայկական ուխտավայրը` Նահատակաց Յուշահամալիրը մեր հաւատքի փարոսն էր, իր շուրջ կը համախմբէր համայն հայութիւնը: Այսօր ան կիսաքանդ դարձած կը ճառագայթէ նոյն ուժգնութեամբ, որովհետեւ ուժ կ՛առնէ իր արմատները պահպանող հայ նահատակներու աճիւններէն եւ կոչ կ՛ուղղէ տէր կանգնելու Հայոց ցեղասպանութեան ու հայ ժողովուրդի Յարութեան վկայարանին:

Այն վկայարանին, ուր մարտ 2010-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելութիւն տալով` խօսքը ուղղեց միջազգային հանրութեան ու ըսաւ. «Ես, այսօր, այստեղ, որպէս համայն հայութեան հայրենիքին`  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, կը հարցնեմ, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ հայերուն Նիւրեմպերկը»: