Տիգրան Աբրահամեան. Ատրպէյճան առաջնագիծին վրայ կ՛աշխուժանայ

09 de junio de 2018

Fronteras-Artsaj«Արտաքնապէս համեմատաբար խաղաղ թուացող իրավիճակի լոյսին տակ, իրականութեան մէջ, բաւական բարդ գործընթացներ կան», «Փանորամա»ի հետ զոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան՝ առաջնագիծին վրայ  տիրող իրավիճակին մասին հարցումի մը պատասխանելով:

Ան պատահական չի համարեր, որ այսօր, առաջնագիծին վրայ նախատեսուած ծրագրային դիտարկման ատրպէյճանական կողմը ԵԱՀԿ առաքելութիւնը չէ բերած իր առաջապահ դիրքեր:

Ըստ Աբրահամեանի՝ հակառակորդին աշխուժութիւնը, որ սկսած է 12 Ապրիլէն՝ զինամթերքի տեղաշարժերով եւ տարբեր դրսեւորումներով, կը շարունակուի:

«Ի՞նչ նկատի ունինք տարբեր դրսեւորումներ ըսելով: Յաճախ «հակառակորդի աշխուժութիւն» ըսելով՝ մարդիկ կը հասկնան միայն մարտ վարելու փուլը, սակայն անիկա պէտք է դիտարկել աւելի լայն լուսապատկերով՝ աշխոյժ երկրաչափական աշխատանքներ, զինամթերքի կամ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու տեղաշարժեր, պատերազմի նախապատրաստական քարոզչութիւն, այս կամ այն երկրի ներքին իրավիճակը սրելու ուղղուած ջանքեր, միջազգային կառոյցներու հետ աշխատանքի աշխուժացում: Իմ թուարկած գործօնները շարունակելի են», մանրամասնեց Տիգրան Աբրահամեան:

Պատասխանելով հարցումին, թէ Արցախի  ներքաղաքական հարցերը որեւէ ազդեցութիւն ձգա՞ծ են սահմանին տիրող իրավիճակի վրայ՝ Բակօ Սահակեանի խորհրդականը պատասխանեց. եթէ Ատրպէյճանի մէջ կը մտածեն, թէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները կրնան պառակտել հասարակութիւնը եւ իրենց համար պատերազմ սկսելու յարմար առիթ սեպեն՝ կը սխալին:

«Անշուշտ, մեզմէ՝ ե՛ւ իշխանութիւններէն, ե՛ւ հասարակութենէն, կախուած է, թէ նոր իրողութիւնները ինչ հունով պիտի տանինք: Միայն կրնամ վստահօրէն ըսել, որ Արցախի նախագահի քայլերն ու յայտարարութիւնները նպատակ ունին միասնակամութիւն ապահովել Արցախի եւ առհասարակ հայ ժողովուրդին համար, ամրապնդել, ուժեղացնել վստահութիւնը իշխանութեան եւ հասարակութեան միջեւ, ընկալելի ըլլալ մեր տարածաշրջանին մէջ աշխոյժ եւ հետաքրքրութիւն ունեցող խաղցողներու համար», ըսաւ ան:

Հարցումին, թէ ի պատասխան ատրպէյճանական կողմի գործողութիւններուն՝ հայկական կողմը ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկէ, ան նշեց. «Թոյլ տուէք այս հարցադրման պատասխանը շատ չմանրամասնել»: