Տիգրան Բալայեան. “Արցախի մէջ զինուորի սպանութիւնը Պաքուի հերթական սադրանքն է”

11 de junio de 2018

Dikran Balayan10 Յունիսի երեկոյեան, Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագիծին վրայ ատրպէյճանական կողմէն հրադադարի խախտումի հետեւանքով, Արցախի Պաշտպանւթեան Բանակի զինուորի սպանութիւնը Պաքուի հերթական սադրանքն է՝ ուղղուած տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի սրուելուն: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Տիգրան Բալայեան: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է.

«Երէկ երեկոյեան Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սամանագիծին վրայ, ատրպէյճանական կողմէն հրադադարի խախտումին հետեւանքով՝ սպանուած է Արցախի Պաշտպանւթեան Բանակի զինուոր։ Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք զոհուածի հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։

ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու Հայաստան այցելութեան նախօրէին կատարուած այդ քայլը կը գնահատենք իբրեւ Պաքուի հերթական սադրանք՝ ուղղուած տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի սրուելուն եւ լարուածութեան նուազելուն շուրջ համաձայնութիւններու տապալման։

Տուեալ դէպքը անգամ մը եւս կ՝ընդգծէ 1994-1995 թթ․ հրադադարի հաստատումին ու ամրապնդումին մասին եռակողմ անժամկէտ համաձայնագիրի կատարման, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան կարգաւորման շուրջ 2016-2017թթ․ գագաթնաժողովներուն ընթացքին սահմանագիծին վրայ դէպքերու հետաքննութեան մեքենականութեան ներդրումին, ԵԱՀԿ նախագահողի անձնական ներկայացուցիչի խումբի կարողութիւններու ընդլայնումին շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կեանքի կոչման կարեւորութիւնը։

Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման գործընթացին մէջ յառաջընթացի բանալին խաղաղ բանակցութիւններուն նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորումն է։ Ատրպէյճանական կողմի նմանօրինակ գործողութիւնները, ըստ էութեան, կը հետապնդեն հակադիր նպատակ։

Սոյն սադրանքի հնարաւոր բոլոր հետեւանքներուն պատասխանատւութիւնը ամբողջութեամբ կը կրէ ատրպէյճանական կողմը»: