Անդրադարձ

Տուրք չտալ յուսահատութեան

08 de febrero de 2017

nacimientosՀայաստանի մէջ ծնունդները նուազած են: Անցեալ տարի Հայաստանէն մեկնողներու թիւը աւելի մեծ էր, քան` ժամանողներունը, բացասական հաշուեկշիռը դարձեա՛լ քառասուն հազարէ աւելի է:

Խնայելու համար մեր ջիղերը, վերջնականապէս արմատախիլ չընելու համար լաւատեսութիւնն ու յոյսը` կրնանք այս լուրերը չհրապարակել: Սփիւռքահայու աչքերով, այս պատկերը ուղղակի մղձաւանջային է: Մենք, հաւանաբար, քիչ մը աւելի զգայուն ենք Հայաստանի բնակչութեան թիւին վերաբերեալ, որովհետեւ ազգի վերապրումի խնդիրին կը նայինք

Ցեղասպանութեան ենթարկուածի տեսակէտէն, ուր ամբողջական ոչնչացման սարսափը տիրական կը մնայ:
Վստահ ենք, որ Հայաստանով մտահոգ իւրաքանչիւր հայ, քիչ թէ շատ, նո՛յն զգայնութեամբ կը կարդայ այս թիւերը, կը մտահոգուի, կ՛ընդվզի եւ իր զայրոյթը արտայայտելու տարբեր ճանապարհներ կը փնտռէ:

Յոյսն ու լաւատեսութիւնը համարելով ռազմավարական նշանակութեան արժէքներ, մանաւանդ` մեր առկայ պայմաններուն մէջ ապրող ժողովուրդի մը համար, ապա անոնց պահպանման հանդէպ նախանձախնդրութիւնը պէտք է բոլորիս պարտադի՛ր ըլլայ:

Պարզապէս լրատու միջոց մը չըլլալու բերումով, «Ասպարէզ» եւս պարտաւոր կը զգայ մեր ընթերցողներուն յոյս ու հաւատք ներշնչել` հայոց պայծառ ապագային հանդէպ: Այդ առաքելութիւնը կատարելու համար մենք կը վստահինք չորս հիմնական տուեալներու.

Առաջին` Հայոց յաղթական բանակին:

Երկրորդ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հետեւողական ճիգերուն` Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութիւն կատարելու ուղղութեամբ. ծրագիր մը, որուն առաջին նշանակալի արդիւնքները տեսնելու հնարաւորութիւնը պէտք է տան յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները:

Երրորդ` Հայաստանի քաղաքացիներու` վերապրելու բնազդային ու գիտակից ուժին, որ ունի համբերութեան զսպանակներ, սակայն եւ` արիութիւն ու արթնութիւն, իր ուժն ու եռանդը ճի՛շդ պահուն ճի՛շդ ուղղորդելու համար, եւ վերջապէս` զինք այս իրավիճակէն դուրս բերող քաղաքացիական պահանջատիրութիւնը նուիրագործելու:

Չորրորդ` սփիւռքահայութեան անսահման եւ անմնացորդ նուիրուածութեան` Հայաստանին ու անոր պետականութեան ամրապնդման գործին, որ կը դիմանայ ամէն տեսակի փորձութիւններու եւ յուսախաբութիւններու:

Աբօ Պողիկեան