Թուրքիոյ Խորհրդարանի հայ երեսփոխան

Փայլան կ՚արժանանայ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի մրցանակին

16 de septiembre de 2017

GaroPaylan1Հ.Յ.Դ. Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը ո­րո­շած է իր տա­րե­կան ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին հե­ղի­նա­կա­ւոր «Ա­զա­տու­թիւն» մրցա­նա­կը շնոր­հել ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի հայ ե­րես­փո­խան ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նի, որ ան­դամ է ­Թուր­քիոյ քրտա­մէտ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան:

«­Կա­րօ ­Փայ­լան իս­կա­պէ՛ս ժա­մա­նա­կա­կից հայ հե­րոս մըն է, որ քա­ջա­բար եւ ան­վա­խօ­րէն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը կը խօ­սի ու կը փոր­ձէ ար­դա­րու­թեան հաս­նիլ՝ ուղ­ղա­կի պայ­քա­րե­լով ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ։ Ան ար­ժա­նի է Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի հե­ղի­նա­կա­ւոր «Ա­զա­տու­թիւն» մրցա­նա­կին, եւ մե­զի հա­մար պա­տիւ է, որ ան ո­րո­շած է նաեւ ե­լոյթ ու­նե­նալ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կազ­մա­կեր­պած խորհր­դա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին»,- այս առ­թիւ կը յայտ­նէ Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ­Նո­րա ­Յով­սէ­փեան:

Ն­շենք, որ խորհր­դա­ժո­ղո­վը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Հոկ­տեմ­բեր 6-7ին, ­Փա­սա­տի­նա­յի «Convention Center»ին մէջ, ի մի բե­րե­լով քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ի­րա­ւա­գի­տու­թեան, ա­րո­ւեստ­նե­րու եւ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու մար­զե­րէն մաս­նա­գէտ­ներ, քննե­լու հա­մար ­Հայ Դա­տի եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան առն­չուող շարք մը հար­ցեր։

Յի­շեց­նենք, որ ­Փայ­լան ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի ան­դամ ընտ­րո­ւած է 7 ­Յու­նիս 2015ին եւ հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րէն մէկն է երկ­րին մէջ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ի­րա­ւանց պաշտ­պան՝ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան: ­Մա­լա­թիա­ցի Փայ­լան նաեւ գոր­ծօն ան­դամ է ­Պոլ­սոյ հայ հա­մայն­քին, միա­ժա­մա­նակ՝ քիւր­տե­րու, այլ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ու ընդ­հան­րա­պէս մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց նո­ւի­րեալ պաշտ­պան մըն է, որ կը ջա­տա­գո­վէ երկ­րին մէջ երկ­լե­զու ուս­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ ­Փայ­լան գործ­նա­կան պայ­քար մղած է նաեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ու­րա­նա­լու գծով Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թեանց ջան­քե­րուն դէմ՝ հար­ցը բարձ­րաց­նե­լով նոյ­նիսկ երկ­րի խորհր­դա­րան եւ հոն ցու­ցադ­րե­լով ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ գա­ցած հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու լու­սան­կար­նե­րը։

Իր յան­դուգն ե­լոյթ­նե­րէն մէ­կուն ըն­թաց­քին, ան իշ­խա­նա­մէտ եւ ազ­գայ­նա­մոլ ե­րես­փո­խան­նե­րու ֆի­զի­քա­կան յար­ձա­կու­մին են­թա­կայ դար­ձած էր, սա­կայն ան ան­սա­սան կը շա­րու­նա­կէ ­Հայ ­Դա­տին ի նպաստ պայ­քա­րը։

Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի տա­րե­կան ձեռ­նար­կը ա­ռիթ մըն է քննե­լու ­Հայ ­Դա­տի ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րո­ւած վեր­ջին մէկ տա­րո­ւան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ու պա­տո­ւե­լու ­Հայ Դա­տին ի նպաստ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լած գոր­ծիչ­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ ու քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ: