Հրազդանի Արցախեան Հերոսամարտի յուշահամալիրի բացում

Փաշինեան. “Ամէն զոհի հետ ամէն ապրողի պատասխանատուութիւնը աւելի կը մեծնայ”

27 de agosto de 2018

pashinian hrazdan qՀրազդանի մէջ արցախեան հերոսամարտի յուշահամալիր բացուեցաւ: Յուշարձանի բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Վաչապետ Փաշինեան նշեց, որ յանուն հայրենիքի զոհուելու պատրաստակամութիւնը մարդկային գիտակցութեան ամէնէն բարձր կէտն է, անկէ աւելի բարձր գիտակցութիւն գոյութիւն չունի:

«Բայց ինչո՞ւ համար զոհուած են տղաները` մի՞թէ յանուն մահուան: Ամենեւին ալ ոչ: Անոնք զոհուած են յանուն կեանքի, եւ ամէն զոհի հետ ամէն ապրողի պատասխանատուութիւնը աւելի կը մեծնայ, կը ծանրանայ եւ կ՛ուժեղանայ: Նման յուշարձանները ոչ թէ զոհուածներու  համար են, այլ` մեզի, որ ամէն օր զգանք այն պատասխանատուութիւնը, որ մնացած է մեր ուսերուն իւրաքանչիւր զոհի հետ: Որ ամէն անգամ այս բարձր կողմերէն երեւցող յուշարձաններու քովէն անցնելով ու նայելով  վերագտնենք մեր ամօթը, եթէ պահ մը կորսնցուցած ենք անիկա, վերագտնենք մեր խիղճը, եթէ պահ մը կորսնցուցած ենք անիկա, արդարութիւնը, եթէ յանկարծ պարզուի` անարդարութիւն գործած ենք, հայցենք ներողութիւն, եթէ ոեւէ մէկուն նկատմամբ անարդար վարուած ենք, հպարտանանք, եթէ որեւէ տեղ նսեմացած ենք եւ, ի վերջոյ, ժպտանք, որովհետեւ այս մարդիկը չեն զոհուած դժբախտութիւն բերելու համար, անոնք զոհուած են երջանկութիւն բերելու համար», ըսաւ  վարչապետ Փաշինեան:

Վարչապետին համաձայն, զոհուած տղաները երջանկութիւն բերելու համար ըրած են իրենցմէ կախեալ առաւելագոյնը, եւ մենք երջանկութիւն բերելու համար պէտք է ընենք մնացածը: «Ամէն առաւօտ մենք պէտք է խոնարհինք այս յուշարձաններուն դիմաց, ամէն երեկոյ մենք պատասխան պէտք է տանք այս յուշարձաններուն համար, պէտք է պատասխան տանք մեր ըրածներուն ու չըրածներուն համար: Ամէն օր մեր ըրածները պէտք է աւելի շատ ըլլան, քան չըրածները: Մենք կ՛ապրինք, քանի որ պատասխանատուութիւն ունինք անցեալին եւ ապագային առջեւ», ընդգծեց վարչապետ Փաշինեան: