Փաշինեան եւ Ալիեւ 29 Մարտին Աւստրիոյ նախագահին հետ հանդիպում պիտի ունենան

27 de marzo de 2019

pashinian-aliev_26«Երկիր» կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ նախագահական կայքէն  տեղեկացած է, թէ 29 մարտին Վիեննայի մէջ Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վան տեր Պելեն հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Ըստ կայքին, Աւստրիոյ նախագահական պալատին մէջ 29 մարտին` ժամը 15:15 եւ 18:30-ին, նախատեսուած են Փաշինեանի եւ Ալիեւի մամլոյ ասուլիսները: Ենթադրելի է, որ նախքան ասուլիսը երկու երկիրներու ղեկավարները հանդիպում ունենան Աւստրիոյ նախագահին հետ: Սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ղեկավարներու երկկողմանի կամ եռակողմանի հանդիպում նախատեսուա՞ծ է, թէ՞ ոչ:

«Երկիր» նման հանդիպումի մը մասին հարցում ուղղած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի մամլոյ բանբերին, սակայն չէզոք պատասխան ստացած է: Սակայն երէկ հաստատուեցաւ, որ 28 մարտին վարչապետ Փաշինեան պիտի մեկնի Վիեննա: